Լաթաքիոյ միութիւնները իրենց կազմաւորուած օրերէն հետամուտ եղած  են երկու հիմնական նպատակներու իրականացման՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, մեր իրաւունքներուն գիտակ սերունդներու պատրաստութեան, ապա նաեւ հայապահպանման, հայեցի մթնոլորտի ստեղծման, որպէսզի հայ երիտասարդը իր ինքնութեան կառչելով աղերսուի հայ մշակոյթին ու հայկական աւանդոյթներուն հետ, ընկերային, հաւաքական ջերմ մթնոլորտի ներքոյ։ Համայնքի յարատեւութեան հիմնական ազդակը ազգային մեր արժէքները սերունդներու  փոխանցելն ու անոնց առօրեային մէկ կարեւոր մասը դարձնելն է։
Լաթաքիոյ մէջ կը գործեն մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններ, որոնք մեծ դեր ունին սերունդներու հայախօսութեան, հայեցի դաստիարակութեան ու հայապահպանման մէջ։
Լաթաքիոյ մէջ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի «Շուշի» մասնաճիւղի կողքին կը գործեն Դաստիարակչական, Խնամատարական, Ձեռարուեստի եւ Ընկերային յանձնախումբեր, իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան ոլորտին մէջ աշխատանքներ իրականացնելով ու հանրութիւնը հրաւիրելով իր ձեռնարկներուն։ Մասնաճիւղը բարեսիրական իր աշխատանքներու ոլորտին մէջ թէ՛ պատերազմի եւ թէ երկրաշարժի օրերուն նպաստեց նաեւ հայ ընտանիքներուն։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան վարչութեան միահիւսուած Է իր երիտասարդական թեւը՝  Հայ Երիտասարդական Ընկերակցութիւնը, որ մշտապէս իր մշակութային, մարզական եւ ընկերային գործունէութեամբ ոչ միայն սատար կը կանգնի միութեան ընդհ. աշխատանքներուն, այլեւ միութիւնը կ’օժտէ նոր ու կենսունակ աւիշով։
ՀԲԸ Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբը ի մի կը  բերէ միութեան ընտանիքները՝ մտերմիկ ձեռնարկներու ընդմէջէն։
Անցնող տարիներուն մասնաժողովը ջանք չխնայեց գեղարուեստական, թատերական, երաժշտական տարբեր խումբեր ընդունելով ելոյթներ կազմակերպելու, օգնութիւն հայթայթելու կարիքաւոր ընտանիքներու եւ նիւթապէս նպաստելու վարժարանի կրթաթոշակներու ամբողջացման։
«Արցախ» Պատանեկան Միութիւնը իր կարգին իր շարքերուն համար կը կազմակերպէ դաստիարակչական բազմապիսի աշխատանքներ, քերմէսներ, հանդիսութիւններ, կը մասնակցի բանակումներու, սեմինարներու եւ այլն։
Սուրիահայ երիտասարդական միութեան «Կայծակ» մասնաճիւղը եւս, երիտասարդներ համախմբած իր շարքերուն մէջ, կ’իրականացնէ դաստիարակչական եւ ընկերային ձեռնարկներ, տարբեր առիթներով կ’այցելէ ընտանիքներու, հանրային ձեռնարկներ կը կազմակերպէ եւ կը մասնակցի ՍԵՄ-ի բանակումներուն։
Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղը Հայ լեզուն եւ մշակոյթը հայու առօրեային անբաժան մէկ մասը պահելու գիտակցութեամբ կը գործէ, ջանալով երգարուեստը, պարարուեստը, գիրն ու գրականութիւնը համազգայնականներու առօրեայի անբաժան մասը դարձնել ու հետաքրքրութիւն ստեղծել անոնց շուրջ։ «Գեղարդ» պարախումբը կ’ունենայ իր տարեկան ելոյթներն ու մասնակցութիւն կը բերէ ազգային եւ պետական տարբեր առիթներու։ «Նարեկ» երգչախումբը նոյնպէս կը կազմակերպէ համերգներ եւ կ’ունենայ մասնակցութիւններ։ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական առցանց դասընթացքին մասնակցած են Լաթաքիայէն երկու ուսանողներ։ Համազգայինը կարեւորութիւն կու տայ նաեւ կերպարուեստին եւ յաճախ առիթներ կ’ընծայէ պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն գծելու եւ իրենց գծագրութիւնները ցուցադրելու։
ՀՄԸՄ-ի  շարքերը նոյն աշխուժութեամբ կը գործեն, ունին իրենց փողերախումբը եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը։ Անոնց գործունէութեան դաշտին մէջ կ’իյնան հանրային պտոյտներ, խրախճանքներ, ազգային եւ պետական տօներու առիթով տողանցքներ՝ շեփորախումբի ընկերակցութեամբ, սեմինարներ, տարեկան բանակումի մասնակցութիւն, մարզական խումբերու աշխոյժ գործունէութիւն եւ այլն։
Մեր միութիւնները այս օրերուն ընդհանրապէս դժուար պայմաններու մէջ կը գործեն։ Տնտեսական տագնապ, վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան տագնապ, սղաճ… այս բոլորը իրենց անդրադարձը կ’ունենան մարդոց տրամադրութեան, հետեւաբար ալ գործունէութեան որակին եւ հերթականութեան վրայ։
Արտագաղթը, յատկապէս երիտասարդութեան, աշխատող ուժի տագնապ կը յառաջացնէ եւ միութենականներ երբեմն կը ծանրաբեռնուին մէկէ աւելի աշխատանքներ ստանձնելով։
Արցախի դէպքերը բացասականօրէն ազդեցին մեր միութիւններու աշխատանքի թափին վրայ, յուսալքումի ալիք մը բարձրացնելով։
Այս պայմաններու յաղթահարման համար հարկ է մեր միութենականներու ոգին բարձր պահել, անոնց թեւ ու թիկունք կանգնիլ, նպաստել որ յաջողութեամբ կազմակերպեն իրենց ծրագրած աշխատանքները, երիտասարդութեան դիմաց զարգացման առիթները լայն բանալով, դասընթացքներու եւ այլ միջոցներու կիրարկումով ժամանակակից աշխատելաոճերու հմտութեամբ օժտելով զայն։
Բարեբախտաբար սուրիահայ մեր իրականութեան մէջ հայ երիտասարդութիւնը կամաւոր ծառայութեան պատրաստակամութիւնը միշտ ալ ունի, որովհետեւ քաջ գիտէ որ հայկական ինքնութեան պահպանման համար միութիւններու դերակատարութիւնը անփոխարինելի է, ուստի այսպիսի երիտասարդութեան վերաորակաւորման ու զարգացման նպաստելով, անոր նիւթապէս նեցուկ կանգնելով, աշխատանքին մէջ նորութիւններ մուծելով, կրնանք զիրենք ներգրաւուած պահել մեր միութիւններուն մէջ։ Մեր միութենական կեդրոնները եւս պէտք է դարձնել հրապուրիչ եւ հայկականութիւն բուրող ժամանակակից կեդրոններ։
Նայիրի Կարապետեան