Տարիներէ ի վեր կը գրեմ գիրքերու մասին զորս ստացեր եմ, խնդրեր եմ, գներ եմ. հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն գիրքեր։
Եթէ ամերիկացի ըլլայի, Susan Nelson-ին պէս, ե՛ս ալ կ’ունենայի իր հարցումները, որոնց պատասխաններ գտնելու համար ճամբայ ելեր է, ինքզինքին մէկ տարի ժամանակ տալով։
– Ինչո՞ւ կը կարդամ ա՛յս գիրքը, ա՛յս շրջանին։
Իմ հարցումները այսքան պարզ եւ այսքան յստակ չեն։ Ընթերցումներուս կարկինը նախ քանի մը լեզուներ կ’ընդգրկէ՝  հայերէն, անգլերէն, արաբերէն, քիչ մըն ալ ֆրանսերէն։ Բոլոր գիրքերը երկու գլխաւոր խումբերու կը բաժնեմ՝  անոնք, որոնք պէ՛տք է կարդամ եւ անոնք, որոնք կ’ուզեմ կարդալ։
Սկսելու համար սակայն պէտք է պատասխանել հարցումներէն գլխաւորին՝  ինչո՞ւ կարդալ։
Այս հարցումին պատասխանը բաւական դժուար է գտնել, մանաւանդ սպառելէ ետք չարչրկուած եւ բռնաբարուած պատասխանները՝  բան սորվելու, զարգացումը ընդլայնելու, այլ մշակոյթներու ծանօթանալու, նոր վայրեր յայտնաբերելու, հաճելի ժամանակ անցընելու …
Այս վերջինը կրնայ հեգնանք կամ զարմանք արթնցնել՝  գիրք կարդալ հաճոյքի՞ համար, ի՜նչ անհեթեթ գաղափար. հապա TV-ն, սինեման, թուային խաղերը, համակարգիչը, համացանցը, բարեկամներու հետ սլքտալը…
Այս բոլորը սակայն քայլ մ’իսկ չեն մօտեցներ մեզ «ինչո՞ւ կարդալ»-ու պատասխանին. որովհետեւ գիրքերը այն խորհրդաւոր էակներն են, որոնք հմայք ունին մեզի՝ գիրքի սիրահարներուս համար։ Իւրաքանչիւր նոր գիրք կը խոստանայ պատասխան մը տալ այդ գլխաւոր հարցումին՝ ինչո՞ւ կարդալ, բայց աւելի կը մթագնէ զայն եւ նոր թափով կը մղէ մեզ նոր ընթերցումներ ընելու։
Ճարահատ կ’անցնինք յաջորդ հարցումին՝  ի՞նչ կարդալ։
Եթէ Արեւմտեան աշխարհի ընթերցողներուն համար ասիկա բարդ հարցում մըն է, ամէն օր լոյս տեսնող հարիւրաւոր գիրքերու առատութեան մէջ, մեզի, հայերուս համար բոլորովին տարբեր է՝ որքա՞ն գիրք լոյս կը տեսնէ, որ ընտրութիւն ընենք։ Ճշգրտօրէն չենք ալ գիտեր, թէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքին տարեկան լոյս տեսնող գիրքերուն թիւը ի՞նչ է։ Միակ աղբիւրը, Սփիւռքի պարագային, մամուլն է՝ տեղական մամուլը եւ մէկ-երկու անուն այլ գաղութներու մամուլէն, «Ստացանք»-ի բաժինով ։
Բարեբախտաբար կան գրախօսականները, որոնց միջոցով մարդ կրնայ գաղափար մը կազմել գիրքերուն մասին։ Յետոյ, կ’երեւի եթէ շատ ուզէ գիրքը ունենալ, ձեւ մը կը գտնէ։
Բայց ես անձնապէս ինչո՞ւ կ’ուզեմ գիրք կարդալ։
Նախ՝ հաճոյքը։ Յետոյ՝  գրական ժամանակին հետ քայլ պահելու ինքնապարտադրանքը։
Բայց նաեւ՝  յանձնառութիւնը հայ, մանաւանդ՝ սփիւռքահայ գրականութեան հանդէպ։ Ի վերջոյ սա գիրքերը հրատարակուած են ընթերցումի առաջադրանքով։
Հոս կ’արժէ անդրադառնալ հայ գիրքերու հրատարակիչներուն, որոնք շատ յաճախ, Սփիւռքի մէջ, գիրքերուն հեղինակներն են նաեւ։
Գիրք մը ի՞նչ ուղիներով հեղինակին գրասեղանէն կամ համակարգիչէն հրատարակչատուն կը հասնի։
Եթէ հեղինակ մը հարուստ է (պէ՞տք է ենթադրել՝  ուրեմն լուրջ չէ …), ի՛նք կը հրատարակէ իր գիրքը։ Ասիկա Սփիւռքի մէջ գիրք հրատարակելուն ամէնէն պարզ եւ ընթացիկ ձեւն է։
Կայ այլ ձեւ մը եւս՝  ստեղծագործութիւնը գրական մրցանակի մը ներկայացնելը՝  ԳՄԳՄ, Գարոլան, Հ. Ուզունեան, ANAHID (թէեւ այս վերջինը անգլիագիր հայ հեղինակներու համար է եւ դատակազմը ի՛նք կ’ընտրէ մրցանակակիր հեղինակը եւ ոչ՝  գիրքը)։
Հ. Ուզունեանի մահով կարծես գործելէ դադրեր է այս մրցանակը։ Իսկ ԳՄԳՄ եւ Գարոլան կապուած են Անթիլիասի կաթողիկոսութեան եւ երկու մրցանակներուն ալ դատակազմը կը բաղկանայ ծերացած կամ ծերանալու ճամբան բռնած մարդոցմէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ներկայացուած ամէն արդիական կամ փորձառական գործ սկիզբէն իսկ մերժուած է։
Տակաւին չեմ խօսիր բոլոր բարեկամական «կապեր»-ուն, ԽԾԲերուն եւ անոնց խաղացած դերին մասին։
Հետեւաբար լոյս տեսած գիրքերուն մեծամասնութիւնը կրնայ գոհացուցիչ չըլլալ upper-middle-class ընթերցողին համար։
Ի՞նչ կարդալ։
Ստիպուած կը զիջիմ ԸՆՏՐԵԼու մարդկային իմ իրաւունքը եւ կ’որոշեմ կարդալ բոլոր այն գիրքերը, որոնք ղրկուած են ինծի, կամ որեւէ ձեւով գրասեղանիս վրայ տեղ գտած։
Գտածս կարդալու սովորութիւնը մանկութենէս կու գայ. կը կարդայի ի՛նչ որ գտնէի, երբեմն նաեւ՝  տարիքիս ոչ յարմար բաներ։ Մեր տան փոքրիկ գրադարանը լեցուն էր թերթօններով, որոնք հետաքրքրական պատումներով կը լեցնէին մինակութեան ժամերս, մանաւանդ դպրոցական արձակուրդի օրերուն։
Վերամուտին ընկերուհիներս կը պատմէին իրենց օրերէն՝  քունի երկար ժամեր, աւազանագնացութիւններ, գիշերային պտոյտներ եւ քէֆեր.
– Դուն ի՞նչ ըրիր։
Իրապէս ի՞նչ ըրեր էի. ո՛չ աւազան, ո՛չ ծով, ո՛չ ակումբ, ո՛չ ընկերներ։
Եւ սկսայ գրել կարդացած գիրքերուս մասին, նախ՝  անունները, յետոյ պատմութիւնները, աւելի ուշ՝  նաեւ կարծիքս։ Կ’ուզէի ինքզինքս համոզել, որ ե՛ս ալ բան մը  ըրեր էի արձակուրդի երկար օրերուն, բան մը, որ նոյնքան հաճելի է, որքան պտոյտներն ու ծովը։ Եղաւ շրջան մը, երբ այս բոլորը գրելէ ետք կ’աւելցնէի.
«Եթէ ե՛ս ըլլայի Ճէյն Էյրին տեղը …»։
Այս բոլորը ոչ ոքի կը կարդայի. միայն մտերիմ ընկերուհիիս կը պատմէի, որ կը հրճուէր այս կրկնակի հաճոյքով՝  աղուոր պատմութիւն մը լսել եւ լաւ գիրք մը կարդացած ըլլալու համոզումը ունենալ։
Գիրքերու ձայնագրուած տարբերակներէն շա՜տ առաջ, Ամերիկայէն շա՜տ հեռու, Հալէպի մէջ, հայրս կ’երկննար «սէտիր»-ին ու մայրը իրեն համար վէպեր կը կարդար։ Երջանիկ օրեր էին։ Մինչեւ մայրս հարս եկաւ ու որոշեց.
– Ամէն մարդ ի՛նք թող կարդայ իր գիրքը։
Կեսուրը անմիջապէս համաձայն գտնուեր էր, հակառակ վիճելու իր սովորութեան։ Ա՛լ ձանձրացեր էր, մանաւանդ որ իր ձայնէն իր ալ քունը կու գար։
Հայրս ճարահատ գացեր եւ կարդալու յատուկ ակնոց մը պատուիրեր էր։ Կարդալու ախտէն անդարձօրէն վարակուեր էր. հիմա, պարզապէս, ի՛նք պէտք է կարդար:
Այս ախտը ոչ միայն դարմանելի չէ, այլ անոր հետ ապրիլը կարծուածին չափ ալ դիւրին չէ։
Նախ կայ նիւթականը՝  ուրկէ՞ բերել այսքան գիրք գնելու դրամը, երբ տակաւին աշակերտ ես եւ ծնողքէդ ստացածդ հազիւ բաւէ ընկերներուդ հետ քայլ պահելու, ծաղր ու ծանակի չենթարկուելու համար։
Յետոյ կ’ամուսնանաս ու կը մտածես՝  ա՛լ պէտք պիտի չունենաս դրամին հաշիւը ընելու. ուզածիդ չափ գիրք կրնաս գնել։
Սխալ։ Չես կրնար ուզածիդ չափ գիրք գնել։ Գիրքերէն առաջ տունը այնքա՜ն կարիքներ ունի։
Յետոյ՝ տեղի հարց մը կը ծագի՝ ո՞ւր դնել գնուած, ստացուած կամ «որբ» գիրքերը, որոնք պատսպարանի պէտք ունին։
Բայց ասոնք չեն հարցը, այլ …
Ժամանակը կանգ կ’առնէ գիրքիս էջերուն առջեւ. շրջապատս կը լուծուի, գիրքը կը կենդանանայ, մինչ մատիտս կեանք կը հիւսէ։
Օր մը երբ գիրքերու եւ ընթերցումի մասին կը խօսէի, բարեկամուհիս ըսաւ.
– Այս ժամանակներուն մէջ երկար գրութիւնները չեն ապրիր, ինչպէս վէպը. ո՞վ ժամանակ ունի վէպ կարդալու, ուր մնաց՝  կարդացուած գործ մը կրկին կարդալու։
Ժամանակը ցոյց տուաւ սակայն, որ ճիշդ չէ այս կարծիքը։ Կան վէպեր, որոնց յաճախ կը վերադառնանք, տարբեր պատճառներով, կամ պարզապէս կրկին ապրելու համար անկէ ստացուած հաճոյքը։
Անձնական առաջին գիրքս, որուն կողքին անունս կը փայլէր, եւ ունեցուածքի հաճոյքը արթնցուցեր էր մէջս, «Պամպի»-ն էր։ Ծաղիկ դասարան էի, երբ որպէս մրցանակ ստացայ զայն։
Ինծի համար «Վարդարանը» սակայն տարբեր է, «Արեւելք» օրաթերթի թերթօն որպէս լոյս տեսած ու յետոյ մեր տան գրադարանի գրեթէ բոլոր գիրքերուն պէս որպէս հատոր կազմուած, սիրային առաջին վէպն է ասիկա, որ այնքան խոր տպաւորութիւն ձգեր էր վրաս։ Իտէալական սիրոյ պատմութիւն մը, կատարելապէս գեղեցիկ։ Յաճախ երեւակայած եմ ինքզինքս նման մեծ սիրոյ մը վեհ տառապանքին մէջ։ Սէրը այդպէ՛ս պէտք էր ըլլար՝  տառապանքով միայն վաւերականութիւն ստացած։
Յաջորդական ընթերցումներս եկան հաստատել, որ վէպ մը, իր հետաքրքրաշարժ դիպաշարի կողքին, որ կը լարէ
միայն առաջին ընթերցումը, պատումի շնորհքով է, որ կ’ապահովէ իր կեանքը ժամանակին մէջ։ «Վարդարանը» դասական վէպի մը օրինակ է, բայց նաեւ՝  լա՛ւ թարգմանութեան մը օրինակը։
Թարգմանի՞չը. քահանայ մը՝  Զարմայր քհն. Կէզիւրեան։ Սկիզբը զարմանալի գտեր էի, որ հայ քահանայ մը նման գիրք մը թարգմանած ըլլայ։ Աւելին՝  ուրեմն 1900-ականներուն ունեցած ենք հայ քահանայ մը, որ անգլերէն այնքան լաւ գիտնար, այս գիրքը գեղեցկօրէն թարգմանելու համար։
Յառաջաբանին մէջ տէր Զարմայր կ’ըսէ.
«Վատառողջ եւ աննպատակ հետաքրքրութեան մը գոհացում տալու համար չէ, որ այս գիրքը գրի առնուած է։ [Զայն] կ’ընծայենք առանձին հատորով մը, այն վստահութեամբ, թէ գերազանցօրէն հետաքրքրաշարժ այս պատմուածքը պիտի ծառայէ հայ ընտանեկան կեանքը աւելի բարձրացնելու…» եւ այլն։
Յատկութի՞ւն է, թէ ախտ՝ գիրքերու սէրը: Ի՛նչ որ է, տակաւին կը շարունակուի, բարեբախտաբար:
Մարուշ Երամեան