ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Ասիոյ պասքեթի ախոյեանութեան զտման մրցումներու առաջին փուլին, Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը Դամասկոսի մէջ 78 – 87 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Լիբանանի խումբին դէմ մրցումին:
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, Հալէպի Ահլին յաջողեցաւ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնել հիւրընկալ Ուահտէն: Նոյն արդիւնքով Հուրիէն զիջեցաւ Լաթաքիոյ Թըշրինին. 1-0 արդիւնքով Հըթթինը յաղթեց Քարամէին, իսկ Ճապլէն՝ Թալիային: Միակ հաւասար արդիւնքով աւարտած հանդիպումը եղաւ Ճէյշ Ուասպէ մրցումը՝ 1-1 արդիւնքով:
-Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց ֆութպոլի մրցումներուն, Սուրիոյ աղջկանց հաւաքականը 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրաքը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՅԱՂԹԵՑ ԱԼՊԱՆԻՈՅ ԽՈՒՄԲԻՆ
Կիրակի օր պասքեթի  աշխարհի 2027 թուականի առաջնութեան նախընտրական առաջին փուլի  մրցումներուն,  Հայաստանի ազգային հաւաքականը երկրորդ հանդիպումը կատարեց՝ մրցելով Ալպանիոյ հաւաքականին հետ: Հայաստանի պասքեթի հաւաքականը  Երեւանի մէջ 84-79 արդիւնքով յաղթեց Ալպանիոյ հաւաքականին։ Հանդիպումի ամենաարդիւնաւէտ խաղացողը դարձաւ Հայաստանի հաւաքականի ներկայացուցիչ Անտրէ Սպայթ Մկրտչեանը՝ նշանակելով 17 կէտ: Հայաստանի հաւաքականը  առաջին հանդիպումին 106 – 91 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Աւստրիոյ կազմէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ԴԱՐՁԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԼԻԿԱՅԻ ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ
Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած եզրափակիչ մրցումին, գերմանացի Իւրկէն Քլոպի գլխաւորած խումբը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոնտոնի Չելսին: Հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ:   Առաջին կիսախաղին,  Չելսիի անգլիացի յարձակող Ռահիմ Ստերլինկ կրցաւ ցնցել մրցակիցին դարպասը, սակայն իրաւարարը VAR-ին դիմելով չեղեալ նկատեց կոլը: Զոյգ խումբերը յաւելեալ ժամանակաշրջանի խաղարկութեան դիմելով շարունակեցին իրենց յարձակումները: Լիվըրփուլի խաղացող Վան Տայք 118-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ նշանակել յաղթանակի կոլը եւ տիտղոսը նուիրել Լիվըրփուլին:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան