Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, պատուիրակութեամբ քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոս մեծարգոյ Բաբգէն Պատալեանին, Հիւպատոսարանէն ներս։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ երկրչփ. Յարութ Աւընեան եւ տիար Արմէն Գասպարեան։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, մտածումներու փոխանակում կատարուեցաւ եւ Բերիոյ Հայոց Թեմ-Հիւպատոսութիւն սերտ յարաբերութեան մասին անդրադարձ կատարուեցաւ։ Պարոն Հիւպատոսը Սուրիոյ մէջ Հ.Հ. Դեսպան մեծարգոյ Տիգրան Գէորգեանին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Սրբազան Հօր եւ ազգային իշխանութեան։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, յաջողութիւն մաղթեց Հիւպատոսութեան գործունէութիւններուն։ Այցելութեան առիթով, ան Կրօնական Ժողովին հրատարակած «Հաւատով Խոստովանիմ» գիրքը նուիրեց պարոն Հիւպատոսին։