Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 18 Փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մեծ Պահեցողութեան Արտաքսման Կիրակիին առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Ս. Պատարագի եւ Արտաքսման Կիրակիին նուիրուած շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, դպրապետ բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի ղեկավարութեամբ:
Պատարագի ընթացքին, յաւուր պատշաճի քարոզեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, բնաբան ունենալով օրուան ճաշու Աւետարանէն քաղուած հետեւեալ համարը. «Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48):
Հայր սուրբը յայտնեց, թէ մեր սրբազան հայրապետներուն կարգաւորած օրէնքին համաձայն, Հայաստանեաց Առաքելական Ս. եկեղեցին Մեծ Պահեցողութեան երկրորդ Կիրակիին կը յիշէ Արտաքսման դրուագը, որուն համաձայն մարդկութիւնը մեղքին պատճառով արտաքսուեցաւ դրախտէն եւ զրկուեցաւ Աստուծոյ ներկայութենէն: Հետեւաբար, մեր հայրապետները Մեծ Պահեցողութիւնը հաստատեցին, որպէսզի ապաշխարութեան եւ զղջումի ճամբով անդրադառնանք մեր սխալ ընթացքին եւ վերադառնալով Տիրոջ, հաղորդուինք Անոր հետ եւ զԻնք մեր սրտերուն մէջ ապրեցնելով շարունակենք մեր կեանքի ճանապարհորդութիւնը:
Ան պատուիրեց, որ Տիրոջ պարգեւած ազատ կամքը այնպէս օգտագործենք, որ իբրեւ քրիստոնեաներ ապաշխարութեան ընթացքով կատարեալ ըլլանք, այնպէս ինչպէս մեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է:
Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ Մեծ Պահեցողութեան շրջանը մեզի ընծայուած առիթ մըն է, որպէսզի մաքրենք մենք զմեզ, Քրիստոսի սիրով նորոգենք մեր սրտերն ու հոգիները, սիրենք մեր եղբայրները եւ նորոգուած հոգիով նոր մարդ դառնանք, ձգտելով հասնելու կատարեալին:
Հայր սուրբը ներկաները հրաւիրեց, որ առանց վհատելու աղօթեն կեանքի աղբիւրին՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին, հայցելով, որ մեզ մաքրէ, սրբէ եւ կատարեալ դարձնէ:
Աւարտին, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան