Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, պատուիրակութեամբ քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Հ.Հ. Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի անդամներուն, իրենց կեդրոնէն ներս, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Հ.Հ. Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի հրամանատար գնդապետ Արկադի Տօնոյեանին եւ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան 14-րդ խումբի հրամանատար Դաւիթ Յարութիւնեանին կողմէ։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Մանօ Տէր Մանուէլեան եւ Յարաբերական յանձնախումբի անդամ տիար Յարութ Հայրապետեան։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, անդրադարձ կատարուեցաւ մարդասիրական առաքելութեան խումբին մատուցած ականազերծման ծառայութիւններուն։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով աղօթեց, գօտեպնդեց զինուորները եւ անփորձանք ծառայութիւն մաղթեց անոնց, ինչպէս նաեւ լաւագոյնը մաղթեց մեր հայրենիքին, բանակին եւ զօրավարներուն։
Այցելութեան առիթով, ան Կրօնական Ժողովին հրատարակած «Հաւատով Խոստովանիմ» գիրքը եւ աղօթքի բացիկներ նուիրեց զինուորներուն։
Այնուհետեւ, սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուելով անդրադարձ կատարուեցաւ մարդասիրական առաքելութեան խումբի անցեալի աշխատանքներուն։
14-րդ խումբի գնդապետը Սրբազան Հօր նուիրեց Տաթեւի վանքը պատկերող ձեռակերտ յուշանուէր մը։