Շաբաթ, 25 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Գամիշլիի ազգային երեսփոխան բժշկ. Անդրանիկ Սարգիսեանի, Հասիչէի ազգային երեսփոխան Արմէն Նալպանտեանի եւ Գամիշլիէն ժամանած երիտասարդներու։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական յորդորները փոխանցեց այցելուներուն, օրհնեց եւ գնահատեց Ճեզիրէ շրջանէն ներս անոնց մատուցած ազգանուէր ծառայութիւնը եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց։