Շաբաթ, 24 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Քեսապի Հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեանի, Քեսապի ազգային երեսփոխան Նշան Լնդեանի, Լաթաքիոյ Յարաբերական Յանձնախումբի անդամ Յարութ Գաբրիէլեանի եւ Լաթաքիոյ ազգային երեսփոխան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենադպիր Աւետիս Կարպուշեանի, որոնք Հալէպ ժամանած են մասնակցելու Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց այցելուներուն, գնահատեց անոնց ազգանուէր ծառայութիւնը եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց իրենց յառաջիկայ գործունէութիւններուն։