Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս գումարուեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 174-րդ նիստը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան Թեմիս ազգային երեսփոխանները, Առաջնորդի օգնական Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, սրբազան հօր հրաւէրով հիւրաբար ժամանած Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան եւ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան եւ Ազգային Կրօնական Ժողովի շրջանաւարտ կազմերը եւ հիւրաբար ժամանած ազգային խորհուրդներու եւ թաղական խորհուրդներու ատենապետները:

Նիստը յատկացուած էր թեմի շրջանաւարտ Գործադիր Իշխանութեան զոյգ կազմերուն` Ազգային Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան գործունէութեան երկամեայ (2022-2024) տեղեկագրերու ընթերցման, քննարկման, արժեւորման եւ նոր կազմերու ընտրութեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Տէրունական Աղօթք»-ը եւ «Զգործս Ձեռաց Մերոց» մաղթանքը արտասանելէ ետք, իր բացման խօսքին մէջ հայրական սիրով եւ աստուածային օրհնութեամբ ողջունելէ ետք ժողովականներն ու ներկաները, փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ հակառակ անցնող տագնապալի, հոգեցունց եւ դժուարակիր երկամեակին, թեմի ազգային մեքենան գործեց ամենայն պատրաստակամութեամբ, զոհողութեամբ, ուժերու լարումով եւ մանաւանդ հաւատարմութեամբ: Գիտնալով, որ տակաւին սեւ, մութ ամպերը չեն փարատած եւ դժուարութիւններն ու ամէնօրեայ մարտահրաւէրները կը յամենան, առաւել պատրաստակամութեան գիտակցութեամբ, նուիրումի ու զոհողութեան ոգիով գործելու եւ ծառայելու կը հրաւիրուինք: Ուստի, սրբազան հայրը յիշեցուց, որ հաւաքուած ենք Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 174-րդ նիստը գումարելու եւ քննելու Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Կրօնական Ժողովին աշխատանքները, որմէ ետք պիտի ընտրենք նաեւ յառաջիկայ երկամեակի նոր Ազգ. Վարչութիւնն ու Ազգ. Կրօնական Ժողովը: Սրբազան հայրը ժողովականներուն եւ ներկաներուն մաղթեց մտքի լուսաւորում, համբերութիւն, երկայնամտութիւն եւ յաջողութիւն, ինչպէս նաեւ պատկառելի ժողովին ալ հեզասահ ընթացք եւ արդիւնաբեր ու օգտաշատ աւարտ: Իր խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը հրաւիրեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանը ընթերցելու ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան եւ քաջալերանքի խօսքը, որ յատուկ կերպով, սրբազան հօր խնդրանքին ընդառաջելով ուղղած էր ժողովին:

Յետ Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի տեղեկագրերու ընթերցման, շինիչ քննարկումներ կատարուեցան, գնահատական արձանագրուեցաւ եւ ժողովականներուն կողմէ ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք ժողովին կողմէ որդեգրուեցան յօգուտ թեմի առաւել բարգաւաճման:

Ժողովի աւարտին, տեղի ունեցաւ թեմի Գործադիր Իշխանութեան երկու նոր կազմերուն ընտրութիւնը, հետեւեալ մանրամասնութեամբ.
Ազգային Կրօնական Ժողովի կազմ՝
Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան
Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան
Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան
Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան
Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերէնցեան
Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան
Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան

Ազգ. Վարչութեան կազմ՝
Տիար Ժիրայր Րէիսեան
Երկրչփ. Մարալ Գալայճեան- Սեմէրճեան
Տիար Արմէն Գասպարեան
Մեթր Նորա Գրաճեան
Տիար Յարութ Չամիչեան
Տիար Վաչէ Ճուհարեան
Տիար Ժագ Գազէզեան

Ընտրուեցաւ նաեւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի նոր դիւանը`
Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան (Ատենապետ)
Տիար Հայկազ Ասատուրեան (Ատենապետ)
Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ Քէօշկէրեան (Ատենադպիր)
Օրդ. Մակի Պէրպէրեան (Ատենադպիր)

Նիստի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց: Ան դիտել տուաւ, որ անցնող երկամեակին, սուրիահայութեան եւ մեր թեմական գործունէութեան համար տարածաշրջանի եւ մանաւանդ երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տիրող իրավիճակը ծանր պայմաններ ստեղծեցին, որոնց մէջ ազգային մարմինները գործեցին պատասխանատուութեամբ, նուիրումով եւ յանձնառութեամբ: Աներեւակայելի զոհողութիւն, ճիգ ու ջանք եւ աշխատանք ի գործ դրուեցաւ զանազան տարածքներու վրայ, հասնելու համար մեր ժողովուրդի պէտքերուն եւ գոհացնելու համար անոնց կարիքները: Այս նուիրական աշխատանքը կատարեցինք Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ մանաւանդ համայնական ճիգերով եւ առաւել մեզի նեցուկ եղող եւ նիւթաբարոյապէս օժանդակող բարերարներուն, կառոյցներուն, բարեսիրական կազմակերպութիւններուն եւ մարդասիրական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ շատ մը անհատ թէ այլ պարագաներու:

Սրբազան հայրը, թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ շարունակ իր հայրական հոգատարութեան առարկան դարձուց մեր թեմը, գործնականօրէն արտայայտելով իր աջակցութիւնը, երբ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ եւ այցելեց իր ժողովուրդի զաւակներուն, անոնց հետ եղաւ, քարոզեց, աղօթեց, քաջալերեց ու զօրակցեցաւ, ինչպէս նաեւ յատուկ կոչեր ուղղեց, որոնց ընդառաջելով կարգ մը թեմեր իրենք ալ իրենց օգտաւէտ ներդրումը բերին:

Սրբազան հայրը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանաւարտ Ազգային Կրօնական Ժողովին, նաեւ Ազգային Վարչութեան, իր յարակից խորհուրդներով եւ յանձնախումբերով, եւ գնահատեց բոլորին ծառայութիւնը, յատկապէս մահասարսուռ, կործանարար եւ քանդիչ երկրաշարժի ժամանակամիջոցին եւ անկէ ետք երկարող ամբողջ տարուան ընթացքին, երբ նախանձախնդրութեամբ եւ նուիրումով ի գործ դրին իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը:

Սրբազան հայրը նորընտիր Ազգ. Կրօնական Ժողովին եւ Ազգ. Վարչութեան յաջողութիւն մաղթեց՝ եկեղեցանուէր ծառայութեան եւ յօգուտ մեր ժողովուրդին իրենց կատարելիք աշխատանքներուն մէջ, որոնք պիտի նպաստեն առաւել վճռականութեամբ ու կազմակերպուածութեամբ կեանքի պայքարը մղելու եւ գործելու առողջ, ապահով, խաղաղ եւ բարօր ապագայի մը յոյսով:

Ան բարձր գնահատեց նաեւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը եւ նիստին մասնակցող հոգեւորական եւ աշխարհական երեսփոխանները, մաղթելով, որ Աստուած օրհնէ մեզ բոլորս, իր հովանիին տակ ապահով պահէ, իր աստուածային շնորհքով ու իմաստութեամբ լիացնէ եւ իր Ս. Հոգիով առաջնորդէ մեր մտածումները, քայլերն ու աշխատանքները, որպէսզի անոնք բոլորը ըլլան ու ծառայեն Աստուծոյ փառքին, մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին ու ծննդավայրին՝ Սուրիոյ հզօրացման ու բարգաւաճման եւ մեր թեմին ու ժողովուրդին վերականգնումին, յաջողութեան եւ բարօրութեան համար։

Նիստը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

ԴԻՒԱՆ
ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ