ՀՅԴ Փարիզի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, 21 Փետրուարին Ֆրանսայի պանթէոնին մէջ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ վերայուղարկաւորութեան առիթով Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսային մէջ գտնուելու հանգամանքէն օգտուելով, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նախաձեռնած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի հանդիպման:
Զրոյցը տեղի ունեցած է նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ներկայութեամբ` Էլիզէի պալատին մէջ կազմակերպուած ընթրիքի աւարտին:
Նախագահ Մաքրոն բացած է զրոյցը` յստակացնելով Հայաստանի վարչապետի եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու շփումներու անհրաժեշտութիւնը, եթէ նոյնիսկ տարակարծութիւնները կրնան բաժնել զանոնք: Նախագահ Մաքրոն բարձր գնահատած է Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի ի նպաստ Հայաստանի կատարած աշխատանքը: Ան շեշտած է Հայաստանը պաշտպանելու անոնց վճռականութիւնը եւ Ֆրանսայի հայ համայնքը, Ֆրանսայի կառավարութիւնը եւ քաղաքական բոլոր դերակատարները համախմբելու անոնց կարողութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահին խօսքերէն ետք Մուրատ Փափազեան ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը: Դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին` Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը դատապարտած է իր նկատմամբ 19 ամիս շարունակուած Հայաստանի մուտքի իրաւունքի արգելանքի փաստը, ինչ որ ի վերջոյ վերցուած է Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին կողմէ: Մուրատ Փափազեան քննադատած է Նիկոլ Փաշինեանը այս խորապէս ոչ ժողովրդավարական եւ պառակտող որոշումը կայացնելու համար:
Մուրատ Փափազեան ընդգծած է այն տարակարծութիւնները, որոնք Նիկոլ Փաշինեանը կրնար ունենալ իրեն հետ` միաժամանակ պնդելով զանոնք հրապարակայնօրէն արտայայտելու իր իրաւունքը` ազատ եւ ժողովրդավարական բանավէճի շրջանակներուն մէջ: Ժողովրդավարութեան այս դասէն ակնյայտօրէն ջղայնացած Նիկոլ Փաշինեանը բարկացած է եւ քննադատած է Մուրատ Փափազեանին` Ֆրանսայի նախագահին առջեւ այս նիւթը քննարկելուն համար:
Մուրատ Փափազեան յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահն է այդ նախաձեռնութեան հեղինակը, եւ որ, հաւանաբար, Ֆրանսայի նախագահը միակ անձն է, որ կրնար կազմակերպել այս երկխօսութիւնը:
Այդ պատասխանէն ա՛լ աւելի զայրացած, Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, թէ արգիլած է Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան այն պատճառով, որ վերջինս 1 յունիս 2021-ին Փարիզի մէջ ցոյց կազմակերպած է անոր դէմ: Այս անհիմն պնդումը բազմիցս տարածուած է Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին կողմէ եւ մշտապէս հերքուած է Մուրատ Փափազեանի կողմէ: Այնուամենայնիւ այդ զրոյցի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը դարձեալ կրկնած է այս մեղադրանքը, իսկ Մուրատ Փափազեանը անգամ մը եւս մերժած է այն, միաժամանակ զարմանալով, որ Հայաստանի անվտանգութեան ծառայութիւնները այս մեղադրանքը չեն ներկայացուցած դատարան:
Մուրատ Փափազեանը նաեւ պարզաբանած է, որ ցոյցի իրաւունքը արգիլուած չէ ժողովրդավարական երկրին մէջ: Ան զարմանք յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանի թոյլ փաստարկին եւ անոր արտայայտութիւններուն խեղճութեան համար:
Զրոյցի աւարտին նախագահ Մաքրոն մէկ կողմ առանձնացած է Հայաստանի վարչապետին հետ, որմէ ետք Փաշինեանը Մուրատ Փափազեանին յայտնած է, որ իշխանութիւնները Հայաստան վերադառնալու իր իրաւունքը վերականգնելու որոշումը պիտի չբողոքարկեն: