«Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ’ք Աստուծոյ զանազան շնորհքներէն բարի տնտեսներու պէս։» (Ա Պտ 4:10)

Օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբազան Եպս. Աշգարեանի, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ ամիջական հսկողութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի 2,3,4,10 եւ 11 Փետրուար 2024-ին, Ճեզիրէ շրջանի՝ Գամիշլիի Ս. Յակոբ, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եւ Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչաց կազմերը, մասնակցութեամբ 11 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, հետեւեցան «Վերիդաս» Աստուածաբանական համալսարանի երրորդ օղակի դասընթացքին, Համազգայինի մշակութային կեդրոնէն ներս։

«Հոգեւոր Ղեկավարի Պատրաստութիւն» խորագիրը կրող սեմինարը «Վերիդաս» կազմակերպութեան Աստուածաբանական սերտողութեան համալսարանի քառամեայ ուսուցողութեան երրորդ օղակն էր, որուն հինգ օրերուն ընթացքին 60 ժամուան տեւողութեամբ դասաւանդութիւն տեղի ունեցաւ Հոմսէն ժամանած համալսարանի դասախօսներու կողմէն։

Դասընթացքին նպատակն էր մասնակիցներուն սորվեցնել Աստուածաշնչական համարները լաւապէս հասկնալու եւ վերլուծելու կողքին, զայն ճշգրիտ, հաճելի, դիւրին ձեւով եւ հաւատարմօրէն փոխանցելը, հետեւելով «բարի տնտես»-ի օրինակին։

Դասընթացքը օժտուած էր գործնական պահերով՝ աշխատանքային խմբակներու դրութեամբ։

Իր կարգին, 11 Փետրուսրին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդը այցելութիւն տուաւ մասնակիցներուն՝ շնորհակալական խօսքեր ուղղելով տարուած լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքին համար, ապա անոր ձեռամբ կատարուեցաւ վկայականաց բաշխումը։

Յիշենք, որ քառամեայ այս ծրագիրին հետեւողը կ՛արժանանայ համալսարանական վկայականի համահաւասար հաստատագրի, «Վերիդաս»-ի Աստուածաբանական սերտողութիւններու համալսարանէն։

Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան