Ատրպէյճան ժամանած է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը՝ Ազգային Պաշտպանութեան փոխնախարար Շուա Ալպայի գլխաւորութեամբ: Այս մասին յայտնած են տեղւոյն լրատուամիջոցները:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Պաքուի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալպային՝ անոր տեղեկացնելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող յարաբերական իրավիճակին առնչուող մանրամասնութիւններ։

Քննարկուած են զինուորական գործակցութեան եւ ապահովութեան հարցեր։