Իրանի խորհրդարանի (մեճլիսի) 12-րդ գումարումի ընտրութիւններուն մրցող թեկնածուները սկսած են իրենց քարոզարշաւը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուարի վերջաւորութեան։

22 Փետրուարին վաղ ժամերէն թեկնածուներուն թույլատրուած է մեկնարկել գովազդային եւ քարոզչական գործընթացները։ Խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցին 15200 թեկնածուներ, որոնք 3 ամսուան ընթացքին որակաւորման փուլէ անցած են դիտորդ խորհուրդներու կողմէն, այնուհետեւ ստուգուած Պահապան Խորհուրդին կողմէն։

Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար թեկնածուները պէտք է ըլլային նուազագոյնը 30 տարեկան, առաւելագոյնը՝ 75, պէտք է ունենային մագիստրոսի կամ անոր համարժէք աստիճան, Իրանի քաղաքացիութիւն եւ պէտք չէ ըլլային երկքաղաքացի:

Իրանի ներքին գործոց նախարար Ահմատ Վահիտին այս տարուան ընտրութիւնները որակած է որպէս «իրական մրցակցութիւն տարբեր քաղաքական խումբերու եւ խմբակցութիւններու միջեւ»:

18 եւ վեր տարիքի իրանցիները պիտի քուէարկեն նոր խորհրդարանի թեկնածուներուն համար 1 Մարտ 2024-ին:
Թեկնածուները կը պայքարին խորհրդարանի 290 աթոռի համար, իսկ 5 աթոռի Իրանի խորհրդարանի մէջ վերապահուած է կրօնական փոքրամասնութիւններուն:

Նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները Իրանի մէջ կատարուած են 2020-ին։