Կազզայի պատերազմին տարածքը ընդլայնելու հեռանկարը երեւելի էր, անոր արձագանգին Սուրիա եւ Լիբանան հասնելու հաւանականութիւնը առկայ էր մարտերու սկիզբէն իսկ։
Կազզայի պատերազմին բռնկումով տարածաշրջանի ուժերու բախումը իր առաւելագոյն սրումին հասաւ։
Իսրայէլ սկսաւ հրթիռակոծել Սուրիոյ օդակայանները առաջին իսկ օրէն, ապա նաեւ հարաւի սահմանային եւ մայրաքաղաքի կարգ մը շրջաններ, իսկ վերջին երկու ամիսներուն բուռն կերպով կը հարուածէ Լիբանանի հարաւային շրջանները։ ԱՄՆ ուժեր միւս կողմէ սկսան հարուածել Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանները, Սուրիա-Իրաք սահմանը, միեւնոյն ատեն Սուրիոյ քարիւղը շահագործել ապօրինաբար՝ իրենց ենթակայ ուժեր օգտագործելով։ Այս բոլորը Սուրիոյ մէջ գործող ուժերուն ուղերձներ յղելու փորձեր էին մէկ կողմէ, միւս կողմէ Իսրայէլի անել կացութեան մատնուիլը ցոյց կու տային։ Իսրայէլեան ուժերու գերադաս ըլլալու հանգամանքը ի թերեւ ելած էր Կազզայի պատերազմին բռնկումով, որուն դիմաց Իսրայէլ ջանաց ու կը ջանայ դիմադրութեան նեցուկ կանգնող բոլոր երկիրներն ու անոնց աշխարհագրական լծակները թիրախ դարձնել, արգիլելու դիմադրութեան զինումն ու աճող հակահարուածները։
Սուրիոյ եւ Լիբանանի մօտեցումները բաւական հաւասարակշռուած են ու հեռու բախումներու մէջ ներքաշուելու ծուղակներէն։
Սուրիա, յատկապէս այս օրերուն, ամէն առիթ կ’օգտագործէ իր հողերուն վրայ գտնուող ապօրինի ուժերու օրինազանցութիւնները լուսարձակի տակ բերելու եւ տնտեսական պատժամիջոցներու վերացումը ազդու պայմանի վերածելու, որովհետեւ սուրիական տագնապի տասը տարիներուն ընթացքին այս պատիժները այլազան պատրուակներով պարտադրուեցան, իսկ հիմա քաղաքական ուժերու մրցավազքը Սուրիոյ մէջ առիթ է Սուրիոյ խաղաթուղթերը ուժգնօրէն օգտագործելու եւ հետագայ օրերուն երկրի տնտեսական ու ապահովական վիճակի բարելաւման տանող համաձայնութիւններ պարտադրելու։
ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներուն կողքին Սուրիոյ տարածքներ գրաւող  թրքական ուժեր Ռուսիոյ միջամտութեամբ դուրս գալու նշաններ ցոյց կրնան տալ, եթէ Ուքրանիոյ պատերազմի գէթ զինուորական հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ Ռուսիոյ աւարտի։
Վերջին շաբաթներուն նկատելի էր նաեւ սուրիական բանակի միաւորներուն յառաջխաղացքը Իտլիպի արուարձաններուն մէջ, ինչ որ, Կազզայի պատերազմին մէջ ազդեցութիւն ունեցող ուժերու առաջնահերթութիւններու  փոփոխութեան լոյսին տակ, թրքական հովանաւորութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներու ետ մղման յստակ քայլերու մասին կը խօսի։
Պաղեստին-Իսրայէլ զինադադարի, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւններու գոյացման պարագային,  սուրիական տագնապի լուծման եզրեր նաեւ երեւելի կրնան դառնալ, նկատի ունենալով Սուրիոյ դաշնակիցներուն հաստատական կեցուածքն ու արաբական երկիրներու հետ Սուրիոյ յարաբերութիւններու բարելաւումը, ինչ որ միջնորդներու օրակարգին վրայ կրնայ պահել նաեւ Սուրիոյ տագնապի լուծման օրակարգը, որպէս տարածաշրջանային հարցերու լուծման մէկ հանգոյց։