(Կնոջ Միջազգային Օրուան Առիթով) 

Սուրիահայ կինը գաղութի կազմաւորման առաջին օրերէն իր բարեխնամ ներդրումը ունեցած էր համայնքի մշակութային, բարեսիրական, կազմակերպչական, կրթական տարբեր ոլորտներուն մէջ։ Պահպանելով իր աւանդական դերը որպէս մայր եւ կողակից, որպէս դաստիարակ եւ ուսուցիչ, ան լծուած էր նաեւ սեփական աշխատանքի ու փորձած միջինարեւելեան աշխարհին մէջ իր տեղը գտնել որպէս ստեղծագործ ու ժրաջան քաղաքացի, որպէս բժիշկ ու դասախօս, թէեւ աշխատանքի դաշտը այդ օրերուն եղած էր սահմանափակ։
Հետագային անոր դերը աստիճանաբար ծաւալեցաւ։ Սուրիահայ կինը մուտք գործեց նաեւ քաղաքական դաշտ՝ որպէս նախարար, երեսփոխան, տեղական ինքնակառավարման մարմնի անդամ եւ այլն։
Սուրիոյ պատերազմն ու  յատկապէս արական սեռի ներկայացուցիչներուն գաղթը վերջին տասներեք տարիներուն ստեղծեցին այնպիսի պայմաններ, որոնց լոյսին տակ սուրիացի կնոջ դիմաց աշխատանքի շատ աւելի լայն հորիզոններ բացուեցան։ Այսօր շարք մը ոլորտներու մէջ նկատելի է իգական սեռի աշխատանքին նկատառելի աճը. հաստատութիւններու տնօրէններ, վարչական պատասխանատուներ, տնտեսական փոքր ծրագիրներու անհատական նախաձեռնութիւններու ձեռնարկողներ եւ այլ ոլորտներու մէջ գործողներ իրենց ներդրումը կ’ունենան թէ՛ պատերազմին հետեւանքով  ընկերութեան մէջ յառաջացած մարդուժի մեծ բացը գոցելու, թէ՛ իրենց տնտեսական վիճակը բարելաւելու եւ թէ իրենք զիրենք դրսեւորելու որպէս ընկերութեան մէջ ստեղծագործ ու արարող տարրեր։
Պետութիւնը եւս պատերազմի եւ տնտեսական շրջափակումի պայմաններուն ներքեւ կը ջանայ քաջալերել, խրախուսել արտադրող կնոջ աշխատանքը եւ առիթներ ստեղծել՝ անոր տաղանդը արտադրական ուժի եւ տնտեսական կեանքի բարելաւման ծառայեցնելու։  Այդ առիթներէն առաւելաբար նկատելի են տնտեսական փոքր ծրագիրներու խրախուսումը, գործարար կիներու վարկեր տրամադրելու կամ նուէր գումարներ տալու, անոնց արտադրանքներու վաճառքը ապահովող ցուցահանդէսներ կազմակերպելու պետական մարմիններու նախաձեռնութիւնները, որոնց մէջ հայ կինը եւս ներգրաւուած է  թէ՛ իր ձիրքերը յայտնաբերելու, թէ՛ տնտեսական իր կեանքը բարելաւելու երկրի ծանր պայմաններուն լոյսին տակ եւ թէ սուրիական ընկերութեան տարբեր ծրագիրներուն իր մասնակցութիւնը բերելու՝ դուրս գալով լոկ հայկական սեղմ շրջանակներու մէջ գործելու իր նախկին վիճակէն եւ բացուելով սուրիական լայն միջավայրին։
Ազգային կեանքին մէջ եւս սուրիահայ կնոջ դերը ծաղկեցաւ։ Այսօր վարչական մարմիններու, կրթական, մարզական, բարեսիրական եւ մշակութային հաստատութիւններու մէջ իգական սեռին ներկայութիւնը կրկնապատկուած, այլ եռապատկուած է։ Ան աւելի մեծ թիւով մասնակցութիւն կը բերէ, յատկապէս գաղթի հետեւանքով արական սեռի ներկայացուցիչներուն կամ երիտասարդներուն թիւին նուազումը նկատի ունենալով։
Ուսումնական ոլորտին մէջ եւս նկատելի է իգական սեռին արձանագրած յառաջընթացը։ Այսօր համարեա՛ չունինք բարձրագոյն ուսման չհետեւող երիտասարդուհիներ, բոլորն ալ լծուած են բարձրագոյն ուսման եւ ժամանակակից մասնագիտութիւններու եւ գործերու մէջ ներգրաւուելու աշխատանքին։
Այո՛, երկրի տնտեսական ու կենցաղային պայմանները ծանր են ամէն ժամանակներէ աւելի, սակայն աշխատանքի կրկնապատկումով եւ երկրի տարբեր ոլորտներուն ստեղծագործ մասնակցութեամբ միայն կարելի է յաղթահարել այս պայմանները, ոչ թէ ամլութեան մատնուելով։ Իրաւացիօրէն աշխատանքն է որ մեզ բոլորս դուրս կրնայ բերել երկրի ծանր պայմաններու գերճնշող ազդեցութենէն ու զարգացման առաջնորդել եզակի այս պայմաններուն մէջ անգամ։
Հպարտութիւն է այսօր բոլորիս համար տեսնել մեծաթիւ հայ բժշկուհիներ, փաստաբանուհիներ, համալսարանի դասախօսուհիներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, տնօրէնուհիներ միջավայրի մը մէջ, որ այլ երկիրներու կողմէ փակ կը համարուի, որպէս արաբական կամ միջինարեւելեան միջավայր։ Իրականութեան մէջ, սակայն, սուրիացի կնոջ, իգական սեռին դիմաց այսօր աշխատանքի, ստեղծագործութեան, տնտեսվարութեան բոլոր առիթները բաց են ու ան կը վայելէ ստեղծագործելու եւ արտադրելու բացարձակ ազատութիւն։
Մեզի կը մնայ գնահատել, քաջալերել իգական սեռին ներգրաւուածութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, որպէս ընկերութեան կարեւոր մէկ տարր, ստեղծել ստեղծագործ աշխատանքի միջավայր եւ նպաստել՝ յաղթահարելու իգական սեռի աշխատանքը խոչընդոտող բոլոր պատնէշները։
Տոկալով սուրիական տագնապի ուժգին քամիներուն, սուրիահայ կինը ցոյց տուաւ, որ ուժեղ, յանդուգն եւ արարող ներկայութիւն է՝ իր ընտանիքին եւ հասարակութեան մէջ։