«Էրմէնիհապէր»- Յունաստան, Կիպրոս եւ Ֆրանսա հրաժարած են թրքական արտադրութեան հարուածային TB2 անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) եւ արկերու գնումը ֆինանսաւորելէ:
Յիշենք, որ անոնք պէտք է գնուէին եւրոպական ֆոնտերով եւ ղրկուէին Ուքրանիա:
Յունական «Kathimerini» թերթի հաղորդումով, նախորդ շաբաթասկիզբին տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան կոմիտէի ժողովին ընթացքին 3 երկիր վեթօ կիրարկած է այդ գործարքի իրականացման բանաձեւին դէմ: