29 Փետրուարին Պերլինի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը աւարտին հասած է։

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուած է. «Քննարկուած են «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ» երկկողմանի համաձայնագիրի նախագիծի դրոյթներու տեսակէտները: Արտայայտուած է փոխադարձ համաձայնութիւն` շարունակելու բանակցութիւնները բաց հարցերուն շուրջ»:

Նախարարութիւնը չէ յայտնած, թէ արդեօք արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ անոր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովը յաջողա՞ծ են նուազեցնել երկու երկիրներուն միջեւ առկայ տարակարծութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրի առանցքային կէտերուն շուրջ: Ատրպէյճանական կողմը անմիջապէս չէ մեկնաբանած բանակցութիւնները:

Միրզոյեանն ու Պայրամովը Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ բանակցած են առաւելաբար առանց երրորդ կողմի միջնորդութեան: Չորեքշաբթի կէսօրին անոնց միացած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք: Վերջինս երէկ գովաբանած է Պաքուն եւ Երեւանը «խիզախ եւ միեւնոյն ժամանակ դժուարին ճանապարհով դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր ուղին բռնելու համար»:

«Այնտեղ ճանապարհին իւրաքանչիւր մեթրը կարեւոր է», գրած է Պերպոք «Էքս» ընկերային ցանցին մէջ:

Միրզոյեանն ու Պայրամովը դէմ առ դէմ բանակցած են աւելի քան ութ ամսուան դադարէ ետք. նախքան այդ Պաքուն պոյքոթի կ՛ենթարկէր արեւմտեան բոլոր հարթակները: