Քաջածանօթ իրողութիւն է, որ նախորդ դարու աւարտին, ու դարուս առաջին տասնամեակին Սուրիան ապրեցաւ տնտեսական վերելքի բարգաւաճող իրավիճակ։ Երկրին արտաքին պարտքը զեռօ էր, իսկ Կեդրոնական Դրամատունը յաջողած էր հաւաքել օտար դրամանիշներու կոկիկ պահեստ մը, երբ յանկարծ՝ 2011-ին ծայր տուաւ ցայսօր շարունակուող տագնապը։
Քայլարշաւներով եւ ցոյցերով սկսող տագնապը, ունեցաւ մանր-մունր, ապա ծանր բախումներ՝ պետական բանակին եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ, իսկ վերջիններուս արեւմուտքը, դաշնակցած Թուրքիոյ եւ Արաբական Ծոցի երկիրներուն հետ, տրամադրեց անսպառ տնտեսական եւ զինուորական միջոցներ։ Երկիրը գործնականին մէջ մասնատուեցաւ (Ամերիկան՝ Հիւսիս-արեւելք, Թուրքիան՝ հիւսիսը գրաւելով)։ Եւ երբ զինական միջոցները չյաջողեցան տապալել իշխանութիւնը, Սուրիոյ պարտադրեցին ծանրակշիռ ու անմարդկային տնտեսական պաշարում մը, որ ցայսօր կը շարունակուի, եւ որ բացարձակապէս կը վնասէ միայն ժողովուրդին։
Պաշարումը շարունակուեցաւ հակառակ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ու աղէտալի երկրաշարժին, որոնցմէ անշուշտ անմասն չմնաց Քեսապը։
Սուրիական դրամանիշի արժեզրկումը տուաւ տապարի հարուածը Սուրիոյ՝ ընդհանրապէս, Քեսապի՝ մասնաւորապէս։
Քեսապի տնտեսութիւնը գերակայօրէն հիմնուած է գիւղատնտեսութեան վրայ։
Քեսապի մէջ կ’արտադրուին խնձոր, դեղձ, աւելի նուազ համեմատութեամբ՝ սալոր, տանձ, այլ պտուղներ ու քիչ քանակով բանջարեղէնի որոշ տեսակներ։
Երկրագունդի ջերմաստիճանի մագլցումին պատճառով, Քեսապի մէջ խնձորի մշակումը նահանջ արձանագրեց, երբ առկայ տեսակաւոր վարակներ աճեցան, եւ զանազան պատճառներով զանոնք չեզոքացնելը շատ դժուարացաւ (օրինակ՝ ներածուած անորակ դեղեր, վարակներու տարածման բարենպաստ կլիմայ…)։
Խնձորենիները շատ արագ թափով ու մեծ համեմատութեամբ սկսան չորնալ։ Այդ այգիները նահանջ արձանագրելով, պարտիզպանները սկսան խնձորի ծառերը փոխարինել կորիզային պտուղներով, առաւելաբար՝ դեղձենիներով ու սալորենիներով կամ ձիթենիներով։
Անշուշտ դեղձի մշակումն ալ ունի իր դժուարութիւնները, որոնցմէ մէկը եթէ բորբոսային վարակն է, միւսը անոնց ջուրի պահանջկոտութիւնն է, մինչ Քեսապի հողի ընդերքը սակաւաջուր է։
Գիւղացիք մասնակի համեմատութեամբ կ’օգտուին դափնիի պտուղի հաւաքէն, որմէ կը պատրաստեն դափնիի իւղը՝ օճառի պատրաստութեան համար։
Դափնիի իւղը մեծ համեմատութեամբ կը գործածուի Ս. Միւռոնի պատրաստութեան մէջ, որ հայրենի մեր ժողովուրդը զայն բալասան կ’անուանէ։
Վերջին տասնամեակին ձիթենիներու մշակումը աճ արձանագրեց, սակայն միայն ընտանեկան կարիքները գոհացնելու համար։
Անտառային բոյսերէն է նաեւ սումախը, որմէ քեսապցին կը պատրաստէ անոր փոշին՝ կերակուրներուն թթու համ տալու համար։
Նուազ քանակով կը մշակուին նաեւ նռնենիներ, որովհետեւ անոնք դեղձենիներուն նման ջուրի առնչութեամբ պահանջկոտ են։ Նուռէն կը պատրաստեն նուռի թթու, ընդհանրապէս անձնական տնային պէտքերը գոհացնելու, իսկ ոմանք ալ՝ վաճառելու նպատակով։
Չափաւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ խաղողի մշակումը։ Քեսապի խոնաւ օդը չի նպաստեր անոր, սակայն քեսապցիք խաղողէն կը պատրաստեն խաղողի ռուպ՝ տնային պահանջքի չափերով։
Հոս տեղին է յիշել նաեւ, որ սուրիական դրամանիշի անկումին պատճառով, տարապայման մեծ արժէք ստացան վարակներու վնասազերծման համար գործածուած դեղերը, որոնք բացարձակապէս կը ներածուին դուրսէն։ (Նախապէս՝ արեւմուտքէն, այժմ՝ նաեւ Չինաստանէն ու Հնդկաստանէն)։
Իսկ պարարտանիւթերը, որոնց արտադրութիւնը գոյութիւն ունէր նախքան 2011-ը, այժմ ամբողջութեամբ կը ներածուի դուրսէն (սուրիական գործարանները քանդուած են ահաբեկիչներուն կողմէ)։
* * *
Քեսապի առեւտրական շուկան նաեւ ստացաւ աղէտալի հարուած, երբ 2014-ի Քեսապի բռնագրաւումին պատճառաւ կողոպտուեցաւ, ինչպէս նաեւ արհեստանոցներն ու զբօսաշրջիկական հաստատութիւնները (ճաշարաններն ու պանդոկները)։
Անոնցմէ քանի մը հատը ցայսօր կը մնան նիւթական թէ մարդուժի դժուարութիւններուն պատճառաւ։
Ցայսօր շուկային հաստատութիւններուն գերակշիռ մասը կը մնայ քեսապցիներուն ձեռքը։
Արհեստանոցներէն՝ երկաթագործութեան, ատաղձագործութեան, օճառաշինութեան մեքենաներու, ինքնաշարժներու նորոգութեան… եւայլն, քանի մը հատը կը բանին։
Քեսապի արտադրած՝ դափնիի իւղով պատրաստուած օճառը, որ 2011-էն առաջ հասաւ մինչեւ Ճափոնի կամ Ֆրանսայի շուկաները, այսօր կը սպառի միայն Քեսապի շուկային մէջ, սահմանափակ քանակով։
* * *
Զբօսաշրջիկութեան մարզը անցնող 2-3 տարիներուն, մանաւանդ այս տարի (2023), մեծ չափով ազդուեցաւ տնտեսական սղութեան, բայց առաւելաբար վառելանիւթի սահմանափակութեան պատճառաւ։
Օդափոխութեան եկողներուն համար վառելանիւթ ապահովելը, այն ալ սուղ գիներով, դժուարացաւ։
Պանդոկներն ու ճաշարանները կը գործէին առաւելաբար ամառուան Յուլիս ու Օգոստոս ամիսներուն։ Անոնք իրենց ամբողջական ուժականութեամբ սկսան բանիլ միայն տօնական օրերուն (օրինակ՝ Ս. Աստուածածնայ տօնին… եւայլն)։
Քեսապցիք, որոնք իրենց տուները օդափոխութեան եկողներուն վարձով կու տային վերոյիշեալ պատճառներով նուազագոյն չափով օգտուեցան։
* * *
Ինչպէս վերը նշեցինք Սուրիոյ պարտադրուած տնտեսական պաշարումը հիմնական պատճառն է առկայ դժուարութիւններուն։
Արտածումները՝ ներառեալ գիւղատնտեսական բերքերուն գրեթէ չկան, եղածն ալ՝ ի գին աննկարագրելի դժուարութիւններու։
Գիւղատնտեսական մթերքներուն նահանգէ-նահանգ տեղափոխութիւնը առնչուած է վառելանիւթերու սղութեան։
Այս ամէնէն Քեսապը անպայման ստացաւ իր տուժանքի բաժինը։
Քեսապի տնտեսական վիճակը մէկ փոքրիկ պատկերն է Սուրիոյ տնտեսական պատկերին։
Կը մնայ յուսալ, որ յառաջիկային ինչ որ քաղաքա-տնտեսական՝ միջազգային համաձայնութիւն-հաւասարակշռութիւն մը գոյանայ ու համաշխարհային եռացող տագնապալի իրավիճակէն դուրս գալով հնարաւորութիւն տայ, որ Սուրիան ալ հասնի այդ բաղձալի, երազ դարձած վիճակին, որպէսզի Քեսապն ալ վերագտնէ իր վերելքի ճանապարհը, որպէսզի քեսապցին կամ սուրիացին ընդհանրապէս գաղթի ճանապարհը բռնելու փոխարէն ջանան վերակազմակերպել իրենց կեանքն ու աշխատանքը։
Կեանքը առանց յոյսի արդեօք մահ չէ՞։
Կը յուսանք։
Կարօ Վ. Մանճիկեան