ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի մեկնաբանութիւնը` Եւրոպական խորհրդարանի վերջին բանաձեւերուն Արցախին և Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող դրոյթներուն վերաբերեալ․

Եւրոպական խորհրդարանը 28 Փետրուարի իր լիագումար նիստին ընթացքին ընդունած է 2023-ի Եւրոմիութեան ընդհանուր արտաքին և անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման, ինչպէս նաև ԵՄ պաշտպանական և անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան վերաբերեալ տարեկան զեկոյցներ։ Ի սկզբանէ յիշեալ զեկոյցները եղած են 16 Յունուարի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ, սակայն քուէարկութիւնը յետաձգուած է 28 Փետրուարին։

Եւրոպական խորհրդարանի երկու զեկոյցներն ալ կարևոր դրոյթներ կը պարունակեն Ղարաբաղեան հակամարտութեան, Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղային զտումներու, Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութեան, ինչպէս նաև ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու վերաբերեալ։

ԵՄ ընդհանուր արտաքին և անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման զեկոյցը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ նախապէս ծրագրուած և չարդարացուած յարձակումը, կոչ կ՚ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն թոյլ տալու հայ բնակչութեան անվտանգ վերադարձին Լեռնային Ղարաբաղ՝ տրամադրելով իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան ամուր երաշխիքներ։ Խորհրդարանը նաև կը պահանջէ պաշտպանել Արցախի հայկական մշակութային, պատմական և կրօնական ժառանգութիւնը՝ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի չափանիշներուն եւ միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան։ Խորհրդարանը Արցախի նկատմամբ Պաքուի յարձակումը կ՚որակէ որպէս միջազգային իրաւունքի և մարդու իրաւունքներու, 9 Նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան, ինչպէս նաև ԵՄ միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ ձեռք բերուած պարտաւորութիւններու կոպիտ և ակնյայտ խախտում։

Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստը նաև կ՚ընդգծէ, որ իրավիճակի վերաբերեալ խորհրդարանի բազմաթիւ նախազգուշացումները չեն յանգեցուցած Ատրպէյճանի նկատմամբ ԵՄ քաղաքականութեան որևէ փոփոխութեան։ Խորհրդարանը կը պնդէ, որ Ատրպէյճանի հետ ԵՄ յարաբերութիւններու ցանկացած խորացում պէտք է պայմանաւորուի մարդու իրաւունքներու յարգման հարցով այդ երկրին զգալի առաջընթացով, մասնաւորապէս՝ օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան և հիմնարար ազատութիւններու, ներառեալ ցեղային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը։ Եւրոխորհրդարանը այնուհետև Եւրոպական միութեան կոչ կ՚ուղղէ անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի նկատմամբ և կասեցնելու կենսուժի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան մասին փոխըմբռնումի յուշագիրը։

Ի թիւս այլոց, Եւրոպական խորհրդարանը աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանին, Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան կոչ կ՚ուղղէ ուշադիր հետևելու տեղւոյն զարգացող անվտանգային իրավիճակին, թափանցիկ հաշուետւութիւն տրամադրելու խորհրդարանին և աշխուժօրէն նպաստելու հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն: Խորհրդարանը նաև Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան կոչ կ՚ուղղէ աջակցելու Հայաստանին՝ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի միջոցով, մասնաւորապէս՝ հիփրիթային սպառնալիքներու դէմ պաշտպանունակութիւնը ուժեղացնելու նպատակով:

ԵՄ պաշտպանական և անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան վերաբերեալ զեկոյցը նաև կը պարունակէ դրոյթներ, որոնք կը համընկնին միւս զեկոյցի դրոյթներուն հետ: Բացի անոնցմէ, այս զեկոյցով Խորհրդարանը ԵՄ խորհուրդին կոչ կ՚ուղղէ պատրաստ ըլլալու նպատակային և անհատական պատժամիջոցներ կիրառելու յարձակողապաշտութեան հեղինակներուն դէմ, ներառեալ, բայց չսահմանափակուելով նախագահ Ալիևի քաղաքական և ռազմական շրջապատով, ինչպէս նաև որեւէ պարագայի բացառելու Ատրպէյճանէն քարիւղի և կազի ներկրումը։

Մեկնաբանելով յիշեալ զեկոյցներու ընդունումը՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատած է.

«Եւրոպական խորհրդարանը հաւատարիմ կը մնաձ իր գործառոյթին որպէս ժողովրդավարութեան պալատ՝ յստակ և առարկայական դիրքորոշում ընդունելով Ատրպէյճանի թշնամական քաղաքականութեան վերաբերեալ, ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ։ Որպէս ԵՄ քաղաքացիներ՝ մենք երախտապարտ ենք մեր ընտրուած խորհրդարանականներու մեծամասնութեան՝ իրենց անաչառութեան համար: Այնուամենայնիւ, մենք պէտք է արձանագրենք, որ, ցաւօք, ԵՄ գործադիր իշխանութիւնը վարած է և կը վարէ այլ քաղաքականութիւն՝ ի թիւս այլոց գովաբանելով Ատրպէյճանի քարիւղային մենատէրին որպէս «վստահելի գործընկեր»։ Ի վերջոյ, գործադիրը կը ձեւաւորէ իրականութիւնը: Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը և անոր յանձնախումբերը կը շարունակեն իրենց ամէնօրեայ աշխատանքը ԵՄ ընտրուած ներկայացուցիչներու հետ և կը շարունակեն ԵՄ գործադիրին իր քաղաքականութեան համար պատասխանատւութեան ենթարկելու աշխատանքները։ Մենք Եւրոպական Միութենէն կ՚ակնկալենք շօշափելի քայլեր։ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձևերը հիմք կը հանդիսանան այդ քայլերուն համար»:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ
29 02 2024