ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 24-25 Փետրուարին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի նիստը, Սպանիոյ Ընկերվարական Աշխատաւորական կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ:
Շուրջ հարիւր երկիրներէ քաղաքական կուսակցութիւններ համախմբող մոլորակի մեծագոյն քաղաքական այս կազմակերպութեան ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛անդամակցի 1907 թուականէն, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահներէն է, որ մասնակցած է խորհուրդի եւ նախագահութեան նիստերուն, եւ ընտրուած է ելեւմտական ու կազմակերպական հարցերու յանձնախումբի անդամ:
Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես կազմակերպութեան նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերու իր բացման ելոյթներուն մէջ ակնարկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին:
Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերուն, Մարիօ Նալպանտեանը ներկայացուցած է Ատրպէյճանի ցեղասպանական քայլերով Արցախի ցեղային զտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղուած բռնութեան քայլերը, սպառնալիքներն ու պահանջները:
Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդը որդեգրած է Արցախի հարցով բանաձեւ մը, որուն մէջ կը նշուի.
«Ընկերվար Միջազգայնականը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն` ուղղուած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման: Շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նպաստելու համար նման համաձայնութիւն պէտք է ձեռք բերուի առանց ուժի կամ անոր սպառնալիքի կիրարկման` հիմնուած միջազգային իրաւունքի եւ դիւանագիտական փորձառութեան վրայ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի վերջնական քաղաքական կարգաւորման ուղղուած միջազգայնօրէն հովանաւորուող խաղաղ գործընթացը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու եւ անվտանգութեան լիարժէք իրականացումը իր պապենական տարածքին մէջ:
Համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան վերաբերեալ մեր երկարամեայ սկզբունքային քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 17 Նոյեմբեր 2023-ի որոշումը ժամանակաւոր միջոցներ կիրարկելու վերաբերեալ, որ Ատրպէյճանը կը պարտաւորեցնէ «ապահովել այն անձերուն վերադարձը, որոնք լքած են Լեռնային Ղարաբաղը 19 Սեպտեմբերի 2023-էն ետք եւ ցանկութիւն ունին վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղ, կրնան այդ ընել անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արագ», ինչպէս նաեւ հրաժարիլ «որեւէ գործողութենէ, որ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ուղղուած է հայերուն Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանելուն», մենք կոչ կ՛ուղղենք`
-Մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի վերջնական քաղաքական կարգաւորումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու լիարժէք իրականացումը` ապահովել ժողովուրդի հաւաքական, անկաշկանդ եւ անվտանգ վերադարձը հայրենիք: Նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի համար միջազգային կանոններով երաշխաւորուած միջանկեալ կարգավիճակ ապահովել` երաշխաւորելով քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու ամբողջ ծաւալը, տրամադրելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան արդիւնաւէտ երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ անխոչընդոտ ցամաքային կապ:
-Ազատ արձակել ռազմագերիները եւ կալանաւորուած անձերը:
-Շրջանին մէջ փոխադրութեան եւ կապի այլ միջոցները ապաշրջափակել ամբողջական կերպով եւ համաժամանակեայ` առանց ինքնիշխանութեան որեւէ սահմանափակման:
-Ընկերվար Միջազգայնականը պատրաստ է աջակցելու այդ գործընթացներուն իբրեւ միջնորդ` իր միջոցով եւ իր անդամ կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ»:

Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդին նիստը նաեւ որոշումներ տուած է կազմակերպական հարցերու վերաբերեալ, որդեգրելով Մատրիտեան հռչակագիրը: