«Թերթ» կը յայտնէ, որ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հրահանգով օրերս կը քանդուի Վերածնունդի հրապարակին մէջ գտնուող Արցախի խորհրդարանին շէնքը։

Այս շէնքին մէջ կը գործէին Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւորները մինչեւ Սեպտեմբեր 2023։

Շէնքի քանդումի աշխատանքներուն մասին վկայող պատկերները, ինչպէս նաեւ տեսանիւթը, տարածուած են համացանցի մէջ։