2-3 Մարտին, Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութիւններու միատեղ սեմինարը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակը:
Սեմինարին նպատակն էր երիտասարդներուն ներկայացնել, թէ ի՞նչ է այսօր Դաշնակցութեան ընելիքը, եւ թէ կուսակացութիւնը ի՞նչ աշխատանքներ կ’իրականացնէ երկիրը ստեղծուած իրավիճակէն դուրս բերելու համար:
Դասախօսութիւններով հանդէս եկան են՝ «Կամաւորական Շարժում» ՀԿ նախագահ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան, ՀՅԴ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար Սարգիս Մկրտչեան, հրապարակախօս-խմբագիր Վաչէ Բրուտեան:
Հարց ու պատասխանի միջոցով երիտասարդները ստացան իրենց մտահոգող հարցերուն պատասխանները: