ՀՅԴ Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէին ջանքերով եւ Հայ Դատի յանձնախումբին օժանդակութեամբ, Փիրէայի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց յատուկ յուշակոթող մը կանգնեցնել Փիրէայի կեդրոնին մէջ, յարգելու համար յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան անհամար զոհերուն, միաժամանակ երախտագիտութիւն յայտնելու Փիրէայի եւ շրջակայքին մէջ ապրող հայութեան։

Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, քաղաքապետական խորհուրդը Փիրէայի քաղաքապետական շէնքին մէջ իր նիստը գումարեց, որու օրակարգերուն շարքին ներառուած էր նաեւ յուշակոթողին հարցը։ Նշենք, որ անցնող ժամանակաշրջանին, հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցան հանդիպումներ եւ նշեալ առաջարկին ներկայացումը, իսկ հայասէր քաղաքապետ Եաննիս Մորալիս ջերմօրէն ընդառաջեց քաղաքի ծանօթ հրապարակներէն մէկուն վրայ յուշարձանի զետեղման առաջարկին։

Քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ընթացքին բոլոր խօսք առնողները իրենց հաւանութիւնը տուին հայութեան առաջարկին, ապա որոշումը գոյացաւ միաձայնութեամբ։

Նիստին ներկայ եղաւ նաեւ ՀՅԴ «Վարանդեան» կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որ մօտէն հետեւեցաւ օրակարգի քննութեան, ապա անոր ներկայացուցիչը խօսք առնելով անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր կապերուն, Փիրէայի, Լիբազմայի եւ Գոքինիոյ մէջ հաստատուած ստուար հայութեան ու անոր պատմութեան, ինչպէս նաեւ տասնամեակներու ընթացքին քաղաքի բարգաւաճման մէջ հայ տարրին ներդրումին։,
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին եւ խորհուրդին, որոնք ընդառաջելով դիմումին, հաւաքաբար եւ միաձայնութեամբ որոշեցին կարեւոր յուշակոթողի զետեղումը քաղաքի ծանօթ ու բանուկ վայրերէն մէկուն մէջ։
Նշենք, որ մօտ 20 տարի առաջ, դարձեալ ՀՅԴ Կոմիտէի ջանքերով եւ Փիրէայի քաղաքապետարանի իրագործումով Գոքինիոյ հայաշատ շրջանի հրապարակին վրայ կանգնած էր Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրին, որ դժբախտաբար բաւական տարիներ յետոյ գողցուեցաւ անծանօթներու կողմէ: