Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը հրապարակած է Ատրպէյճանի վանդալիստսկան քաղաքականութիւնը դատապարտող հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ սանձազերծուած լայնամասշտապ պատերազմէն ու ամբողջական բռնագրաւումէն ետք վտանգուած են Արցախի միջնադարեան բազում հոգեւոր կեդրոններ, կրթահամալիրներ ու յուշակոթողներ, պատմամշակութային արժէքներ ներկայացնող շէնքեր ու շինութիւններ:
Հակառակ խաղաղութեան մասին միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ սեփական բարձրակոչ յայտարարութիւններուն՝ Ատրպէյճան անթաքոյց կը փորձէ հայ ժողովուրդի նկատմամբ իր ցեղասպանական ծրագրերը եզրակէտին հասցնել: Այս հիմնականապէս կ՚արտայայտուի հայկական քրիստոնէական պատմամշակութային, ազատագրական պայքարի և պետականակերտման խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձաններու պղծումով, ոչնչացումով կամ ալ այսպէս կոչուած «աղուանական ծագման» յորջորջումով:
Վանդալիզմի վերջին դրսևորումներն են Ստեփանակերտի Աստմածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարի պղծումը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի և Ազատամարտիկներու միութեան շէնքերու հիմնայատակ աւերումը:
Ըստ զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ արժէքներու մասին 1954 թուականի Հաագայի համաձայնագրի 4-րդ յօդուածին՝ արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վանդալիզմի, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի և հաշուեյարդարի որևէ գործողութիւն: Թէեւ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ քանի մը անգամ կոչեր հնչած են Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերջ դնելու համար և խոստումներ եղած են առաքելութիւն ուղարկելու, սակայն որևէ առաքելութիւն առ այսօր չէ ժամանած Արցախ, Ատրպէյճանի կողմէ արհեստական խոչընդոտներու ստեղծման պատրուակով, եւ միզազգային հանրութեան անտարբերութիւնը և անուշադրութիւնը ազատութիւն տուած են յարձակողապաշտին վանդալիզմին՝ դառնալով տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմներու հրձիգ:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ հայկական հետքի վերացման բարբարոսական գործողութիւնները և իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն, ՀՀ իշխանութիււններէն կը պահանջէ ատրպէյճանական հակամշակութային բոլոր գործողութիւններու փաստերը մէկ առ մէկ ներկայացնել միջազգային իրաւասու մարմիններուն և ատեաններուն՝ հարցին տալով միջազգային հնչեղութիւն:

5 Մարտ 2024