Պաշտօնական այցելութեամբ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն ժամանած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Աս-Սիսիի հետ:

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին դինատետրի իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Պաղտասարեան:

«Տեղի ունեցած է երկու երկիրներու առաջնորդներուն առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած են քննարկումները ընդլայնուած կազմով», նշուած է գրառումին մէջ: