Հրապարակուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Փետրուարի թիւը:

Փետրուար ամիսը, յիշարժան իրադարձութիւններու առումով, խորհրդանշական արժէք ունի հայութեան համար: Այդ իւրայատուկ շունչը ընթերցողը կը զգայ ծանօթանալով պաշտօնաթերթի ներկայ թիւին` կողքի առաջին էջէն մինչեւ վերջին էջը: Փետրուարեան սոյն թիւի «Առաջնորդող»-ին վերնագիրն է` «Ինչո՞ւ Իշխանափոխութիւն Տեղի Չի Ունենում»: «Առաջնորդող»-ին մէջ փորձ կը կատարուի հիմնական քանի մը գործօններու ազդեցութեամբ բացատրել, թէ ինչո՛ւ տեղի չ՛ունենար քաղաքական իշխանափոխութիւնը, երբ անիկա հասունցած պահանջ է Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութեան համար:

Երկրի ներքին մթնոլորտի ու գործընթացներու պատճառները Մանուէլ Մկրտչեան կը պարզաբանէ` քննութեան նիւթ դարձնելով հասարակութեան մէջ իշխող մտայնութիւնները, ինչպէս նաեւ` անոնց օրինաչափութիւնները:

Հրանտ Մելիք Շահնազարեան անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական քաղաքական-դիւանագիտական գործընթացներուն` կը ներկայացնէ անոնց վրայ արտաքին շահագրգիռ ուժերու ներգործութիւնը, որոնցմով ալ պայմանաւորուած է տուեալ գործընթացներու առկայ վիճակը:

Հայութեան համար Փետրուար ամսուն տեղի ունեցած ամէնէն նշանակալից եւ պատմական իրադարձութիւններէն մէկն է 1921 թուականի Փետրուարեան ապստամբութիւնը: Խմբագրութիւնը այս առիթով վերահրատարակած է «Դրօշակ»-ի 1926 թուականի Մարտի թիւին մէջ ազգային-պետական նշանաւոր գործիչ Կարօ Սասունիի յօդուածը: Ըլլալով փետրուարեան իրադարձութիւններու ուղղակի եւ աշխուժ մասնակիցներէն մէկը` Սասունին իր յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ ապստամբութեան բռնկման դրդապատճառները, ընթացքը, ինչպէս նաեւ` ազգային վեհ ծառացման պատմական նշանակութիւնը:

Ուշագրաւ բազմաբնոյթ այլ յօդուածներու շարքին են նաեւ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանի յօդուածը` «Չարենցը Քաղաքական Մեղադրեալ` Նացիոնալիստ, Դաշնակցական Ժողովրդի Թշնամի» խորագիրով: Առաջին ակնարկով ներկայացուող նիւթը չ՛առնչուիր 1920-ականներու, 1980-ականներու եւ մեր օրերու անցքերուն հետ, սակայն ակնյայտ է բոլոր այս իրադարձութիւններու օրկանական ներքին կապը` բռնութեան երեւոյթը հայ ժողովուրդի ազգային եւ մարդկային իրաւունքներուն, անոր արժէքներուն եւ ազատութիւններուն դէմ: Անկախ անկէ, թէ որո՛ւ դէմքով հանդէս կու գան այդ իրաւունքը բռնաբարող, հայութեան զանգուածներուն ու անհատ գործիչներուն քաղաքական հալածանքներու ենթարկող դահիճները:

«Դրօշակ»-ի 2024-ի երկրորդ թիւը կրնաք կարդալ այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/02/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-2-2024%D5%A9..pdf