Հայ-թրքական բանակցային գործընթացը թրքական կողմը կ’օգտագործէ ոչ թէ հարցերը լուծելու համար, այլ կը ձգտի գործընթացը վերածել դիւանագիտական պայքարի՝ ստանալով առաւելութիւններ, իսկ Հայաստան, շարունակելով բանակցութիւնները, պէտք է այդ պայքարին մէջ փորձէ յառաջ տանի իր մօտեցումները։ 
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այդ կարծիքը յայտնեց ակադեմիկոս, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան՝ անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու հեռանկարին եւ Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական ֆորումին ընթացքին ներկայացուած մօտեցումներուն։ 
«Հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացը, ըստ էութեան, տեւաբար յառաջխաղացք չէ ապրած, եւ ատոր միակ պատասխանատուն թրքական կողմն է, որ լոկ խօսքերով կը յայտարարէ, թէ կը հրաժարի նախապայմաններէն, բայց իրականութեան մէջ զանոնք յառաջ  կը մղէ աւելի կոշտ կերպով։ Նախագահ Էրտողանի անցեալ տարուան յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ արդէն նախապայմանները կը ձեւակերպէ որպէս պահանջներ։ Անգարան նախկինին նման հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացը կը կապէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններու հետ՝ ակնկալելով, որ հայկական կողմը միակողմանիօրէն կ’ուղղուի զիջումներու եւ խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքէ Ատրպէյճանի հետ՝ վերջինիս մաքսիմալիստական պահանջներուն հիման վրայ», ըսաւ Սաֆրաստեան։
Անոր դիտարկումով՝ քանի դեռ նման բան տեղի չէ ունեցած եւ Հայաստան չէ ենթարկուած Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի ճնշումներուն, թրքական կողմը, ըստ էութեան սառեցուցած է ՀՀ-ի հետ իր յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։
«Անթալիայի մէջ ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանի ելոյթը անգամ մը եւս վկայեց, որ Հայաստան կը շարունակէ իր քաղաքականութիւնը, զոր որդեգրած է առաջին օրուընէ եւ կը պնդէ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ առանց նախապայմաններու։ Այստեղ հետաքրքրական էր թրքական կողմի բանագնաց Սերդար Քըլըչի արձագանգքը։ Ան կիրառեց դիւանագիտական հնարք՝ փորձելով Հայաստանը մեղադրել նախապայմաններ յառաջ մղելու մէջ։ Քըլըչ կ’ակնարկէր, որ Հայաստան կ’առաջարկէ բանակցութիւնները շարունակել երրորդ երկիրներու մէջ, մինչդեռ Անգարա կը փափաքի, որ հանդիպումները կայանան կամ Թուրքիոյ մէջ, կամ՝ Հայաստանի։
Աւելին, Քըլըչ առաջարկեց յաջորդ հանդիպումը կազմակերպել Երեւան։ Թուրք բանագնացին կողմէ կիրառուած միւս հնարքը կը վերաբերէր երեւանեան հնարաւոր հանդիպման արդիւնքով կարեւոր որոշումներ գոյացնելուն», նշեց Սաֆրաստեան։
Սաֆրաստեանի կարծիքով, Անգարա կը փափաքի ոչ միայն հայկական կողմին, այլեւ միջազգային հանրութեան մօտ ստեղծել տպաւորութիւն, թէ իբրեւ պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու բանակցութիւններուն մէջ կարեւոր քայլեր առնելուն։ Ըստ թրքագէտի, Քըլըչ փորձառու դիւանագէտ է, հետեւաբար նշուած հնարքներու միջոցով ցոյց կու տայ կառուցողական քաղաքականութիւն վարելու պատրաստակամութիւն՝ իրականութեան մէջ փորձելով խնդիրը ներկայացնել բոլորովին այլ լոյսի ներքեւ։
«Թրքական քաղաքականութիւնը ընկալելու համար անհրաժեշտ է նկատի առնել այն իրողութիւնը, որ Անգարայի համար Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը մեծ հաշուով չունի էական նշանակութիւն։ Տնտեսական առումով մեր երկիրը Թուրքիոյ համար մեծ հետաքրքրութիւն չի ներկայացներ։ Թրքական կողմը դեռեւս 1991 թուականին յանգած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստան, չունենալով ելք դէպի ծով եւ գտնուելով աշխարհագրական ոչ բարենպաստ վիճակի մէջ, պէտք է աւելի շատ շահագրգռուած ըլլայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ, քան հակառակը, եւ ճիշդ այս  կ’օգտագործէ Անգարան։
Փաստօրէն այս է թրքական դիպանագիտական ու աշխարհաքաղաքական մօտեցման առանցքը։ Թուրքիոյ նպատակը բանակցային գործընթացին մէջ Հայաստանի կողմէ զիջումներ խլելն է՝ անոր համար նաեւ հայ-ատրպէյճանական հաշտեցումը կ’օգտագործէ որպէս  ճնշման լրացուցիչ գործիք», եզրափակեց թրքագէտը։
Մանուէլ Մարգարեան