Ամէն անգամ, որ բարեկամի մը հետ մեր զրոյցը կ’ուղղուի – մեզմէ անկախ, անզգալաբար – մեր այսօրուան դիմագրաւած ծանրագոյն հարցերուն, որոնցմէ մէկն ալ մեր հայրենիքին հարցն է, ինքզինքս անելի մը առջեւ կը գտնեմ:
2013 թուականին մեծ եռանդով սկսեր էինք Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատրաստութիւններուն, որոնք
երկու տարի ետք, իրենց ի կատար ածումով, մեզ հպարտութեամբ լեցուցին. ի վերջոյ փոքր բան չէ ջարդուիլ եւ յետոյ կենալ աշխարհի առաջնագոյններուն մէջ, որպէս հայ անհատներ, որոնք կրցան մինչեւ Նոպելեան մրցանակին ալ հասնիլ: Բայց միայն անհատաբար: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ չունեցանք, չմտածեցինք, կամ արդեօ՞ք չկրցանք մտածել գալիք յաջորդ 100-ամեակին մասին, ծրագիր մը որդեգրել, աժենտա ստեղծել: 
Ինչո՞ւ:
Թերեւս որովհետեւ մեզմէ շատեր համոզուած էին – կամ զիրենք ուղեղի լուացումով համոզեր էին, որ մենք, Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ պետութիւն չենք եւ լծակներ չունինք, ուրեմն ոչինչ կրնանք ընել: Բայց պետութիւն չունենալը բնաւ չի նշանակեր լծակներ չունենալ: Եւ երկրորդ՝ ծրագրելու համար ալ պետութեան անհրաժեշտութիւնը պիտի չզգայինք: Փառք Տիրոջ տակաւին ունինք երեք կուսակցութիւններ, որոնց աշխատանքը երբեմն յստակ չ’երեւիր, կամ կ’երեւի ուշ, ըլլալիքը ըլլալէն ետք: Այդ «ըլլալիքը» յաճախ դրական եղած է, բայց եղած է անջատաբար դրական, մինչ մենք կարիք ունինք համախմբուելու:
Վերջին դէպքերը ցոյց տուին, որ Սփիւռքը ի վերջոյ հասկցաւ (հասկցա՞ւ), որ ինք միայն ի՛ր ոյժերուն պէտք է վստահի:
«Միակ ձեւը այն է, որ մենք, երէցներս սեղանին դնենք մեր ունեցածին ամբողջութիւնը՝ դրականն ու ժխտականը, եւ հրաւիրենք երիտասարդները, նոր սերունդը ի՛ր ուղին, ի՛ր աշխատելաձեւը ընտրելու, որդեգրելու» կ’ըսէր բարեկամ մը, որ մասնագէտ է միջազգային քաղաքականութեան:
Բայց ուշ չե՞նք, արդէն շա՜տ ուշ չե՞նք:
Ե՛նք, բայց գոց սորվեր ենք, իմաստը մոռնալու չափ, որ «լաւ է ուշ, քան երբեք»:
_ Ի՞նչ կրնանք ընել,_ հարց կու տամ:
_ Յստակ է որ չենք կրնար հայրենիքին վրայ յոյս դնել,_ ըսաւ:
_ Իմ հարցս Սփիւռքի մասին էր,_ ըսի եւ կրկնեցի,_ ի՞նչ կրնանք ընել:
Կա՛մ պիտի շարունակենք պաշտպանողական մեր ոճը եւ ամէն օր աւելի եւ աւելի սեղմուի մեր տարածքը՝ հայկականութեան տարածքը, կա՛մ պիտի մոռնանք այս բոլորը եւ երթանք մեր կեանքը հանգիստ-սրտով ապրելու:
Եւ որովհետեւ այս երկրորդը շատ աւելի դիւրին է, շատեր սկսեր են դէպի հոն ուղղուիլ՝ հանգիստ սրտով ապրելուն:
Շատ պիտի ուզէի այս հարցը տալ Սփիւռքի մեր երիտասարդութեան՝ ուշիմ, զարգացած, գործնական, իրապաշտ երիտասարդութեան՝ ի՞նչ կրնանք ընել Սփիւռքի մէջ …
Բայց ինչ ընել ի՞նչ բանի համար. ի՞նչ է մեր ուզածը ի վերջոյ. չէ՞ որ Միջին Արեւելքի մեր գաղութներուն մէջ – որքան ալ վիրաւոր ըլլան այդ գաղութները – ունինք դպրոցներ եւ ունինք ապրող հայկականութիւն, իսկ արեւմտեան կողմն աշխարհի, ուր «հայերէնի իմացութիւնը պայմանական չէ հայ զգալու եւ հայ ըլլալու համար», կա՛յ երիտասարդ սերունդ մը, որ իրապէ՛ս հայ է, առանց հայերէն գիտնալու: Թէ այդ սերունդը ո՞ւր, ինչի՞ մէջ կը գտնէ կամ կը տեսնէ իր հայութիւնը, ատիկա այլ հարց է:
Տարբեր երկիրներու մէջ ունինք որոշ թիւ մը հայ արուեստագէտ-գիտնական-համալսարանի դասախօսներու, որոնք թէեւ ոչ մէկ ձեւով կապ ունին տեղի հայ համայնքին հետ, բայց բնաւ անհանգիստ չեն զգար, պարզապէս որովհետեւ կ’ընդունին որ հայ են, երբեմն նաեւ կը յայտարարեն որ հայ են: Ճիշդ աշխարհի տարբեր երկիր/քաղաքներուն մէջ ապրող աշխարհահռչակ անուններուն նման, որոնք կ’ընդունին իրենց հայութիւնը, եւ կատարած կը համարեն իրենց պարտականութիւնը:
Կը բաւէ՞: Այո՞: Ո՞չ: Ինչո՞ւ:
Եւ կը վերադառնանք ամէնէն հիմնական հարցումին՝ այսօր մենք, Սփիւռքի տարածքին ապրող հայերս ի՞նչ կ’ուզենք որպէս հայ, ի՞նչ կ’ուզենք մենք մեզմէ, ի՞նչ կ’ուզենք աշխարհէն:
Մեծ ժամանակ եւ նոյնքան մեծ ներուժ վատնեցինք, երբ մէկ կողմ դրինք Սփիւռքը եւ ուղղուեցանք դէպի երկիր: Մոռցանք Սփիւռքը, մոռցանք որ նոյն այդ Սփիւռքն էր, որ յաճախ սնաներ էր հայրենիքը, այն օրերէն, երբ մեծ թիւով հայեր ներգաղթեցին եւ բարձրացուցին բնակչութեան թիւը: Երբ պատերազմին – Արցախի երեք պատերազմներուն – նիւթական մեծ, շատ մեծ ներդրում ունեցաւ Սփիւռքը, նոյնքան մեծ ներդրում ունեցաւ երկրաշարժին յաջորդող օրերուն: Տուաւ եւ լռութեամբ ընդունեց «կթան կով» ըլլալ, պարզապէս որովհետեւ բնազդով կը հասկնար, որ հայրենիքի սէրը զոհողութիւն կը պահանջէ:
Ի՞նչ մնաց մեզի.  պառակտումներ եւ մոլորած հօտ: Մոլորած, որովհետեւ կ’ապրինք ըստ այսօրին, կ’ապրինք այսօրուան համար. իսկ ազգ մը ծրագրի պէտք ունի, դէպի առաջ նայող եւ զինք դէպի վեր հրող ծրագրի: Ո՞ւր է այդ ծրագիրը:
Կը պախարակեմ ինքզինքս որ գոնէ տասնամեակ մը առաջ այսպէս չգրեցի. գրեցի, բայց շատ մեղմ էր խօսքս, նուրբ էր հարցումս՝ «Ո՞ւր է մեր գալիք 100-ամեակին ծրագիրը», մինչ պէտք էր պահանջել ատիկա բոլորէն՝ կուսակցութիւններէն, միութիւններէն եւ անշուշտ անհատներէն:
Դպրոց, ակումբ, մամուլ, երգչախումբ-պարախումբ-թատրոն, բոլորն ալ եռանդուն կերպով կը ծաւալեն իրենց գործունէութիւնը, բայց այնտեղ եւս ծրագիր չունինք: Դպրոցներուն մէջ քերականական եւ ուղղագրական բազմաթիւ կանոններ կը դասաւանդենք, որուն որպէս արդիւնք, մամուլն ալ խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզէ, մինչ Թուրքիան ճիգ կը թափէ բոլոր թրքախօս երկիրներուն լեզուն միացնելու համար: Երբեմն իրապէ՛ս բան սորվելու է իրենցմէ. (հո՞ս պիտի հասնէինք …):
Յոռետես է խօսքս, բարկաճայթ, անյոյս: Բայց նաեւ իրապաշտ, արաբներուն ըսածին պէս՝ կէտերը գիրերուն վրայ դնելու բարկութեամբ, շիտակէ շիտակ մեր հարցերը տեսնելու, դիտելու խենթութեամբ, որովհետեւ այդ հարցերուն մասին իրապաշտօրէն խօսիլն է միայն որ կրնայ մութ ճամբուն վերջաւորութեան առկայծող լոյսը ըլլալ:
Թերեւս նաեւ աստղ մը երկնակամարին վրայ, ո՞վ գիտէ:
Մարուշ Երամեան