Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ կազմաւորուած համայնքները հայ պահող ամենակարեւոր կռուանները կրթական հաստատութիւններն են։ Հալէպի կրթական բնագաւառը մեծապէս տուժեց երկրի մղած պատերազմին հետեւանքով, այնպէս որ կարելի է յստակ բաժնեգիծ քաշել նախապատերազմեան եւ յետպատերազմեան փուլերուն միջեւ։
Յետպատերազմեան շրջանի ամէնէն աչքառու փոփոխութիւնը դպրոցներու եւ աշակերտութեան թուապատկերն է։ Հալէպի չորս ազգային վարժարանները, որոնք դասարաններու խճողուածութեան խնդիր կը դիմագրաւէին՝ միաւորուեցան մէկ վարժարանի մէջ։ Հինգ երկրորդականներու (Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան կեդր.վարժարան, Կիլիկեան վարժարան, Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպէրճեան երկրորդական վարժարան, Բեթէլ երկրորդական վարժարան) աշակերտութեան թիւը անկում արձանագրեց։ Ստեղծուեցաւ վաստակաշատ, փորձառու եւ որակեալ ուսուցիչի տագնապ։
Պատերազմի տարիներուն, ապահովական նկատառումներով, ուսումնական տարեշրջանի ընթացքին յաճախակիօրէն
դպրոցներու փակուելուն պատճառով՝ աշակերտներու ուսումնական մակարդակը նահանջեց։
Ազգային դաստիարակութեան եւ հայեցի կրթութեան առնչութեամբ ոչ թէ տեղքայլ, այլեւ ետդարձ կատարեցինք։ Հայկական բոլոր վարժարաններուն անխտիր՝ հիմնադրութեան գլխաւոր նպատակը հայեցի կրթութիւն ջամբելն է, իսկ հայեցի կրթութեան ակնաղբիւրը հայերէնի դասատուն է եւ ահա այս դարձաւ մեր ամենախոցելի կէտը։ Պատերազմէն առաջ հայկական վարժարաններու մէջ հայերէն դասաւանդելու դիմում ներկայացնող ուսուցիչը քանի մը քննութիւններու պէտք էր ենթարկուէր, որոնց հիման վրայ անոր դիմումը ընդունիլ-չընդունելու հարցը կ’որոշուէր։
Հալէպի մէջ Համազգայինի Հայագիտականը հիմնադրուելէ ետք (1996-ին), հայերէնի ուսուցիչը եթէ Հայագիտականի վկայական չունենար նոյնիսկ չէր կրնար դասաւանդութեան դիմում ներկայացնել, այսօր հայկական վարժարաններու մէջ թերաւարտներ հայերէն կը դասաւանդեն, հարցը միայն թերաւարտութեան մէջ չէ, այլ՝ այդ թերաւարտին լաւ հայերէն չիմանալուն մէջ, դեռ չխօսինք հայերէնի ուսուցիչին քննարկում կատարելու, սերտողութիւն պատրաստելու, հարցազրոյցի մը հարցումներուն պատասխանելու կարողութիւններուն մասին, դեռ չխօսինք հայերէն գիրք չընթերցող, թերթ չկարդացող հայերէնաւանդ ուսուցիչներու մասին։
Հայկական վարժարաններու մէջ ոչ հայ աշակերտներու ներկայութիւնը այլ լուրջ ու զգայուն խնդիր է, որ իր բացասական անդրադարձը կ’ունենայ դասարանի մթնոլորտին վրայ։ Դպրոցներէն ոմանք կ’արդարացնեն ըսելով, որ ոչ-հայ աշակերտը պարտաւոր է հայերէնի դասապահերուն հետեւիլ, շատ բարի, խնդիր չկայ, թող հետեւի, թող սորվի հայոց այբուբենը, թող գրէ ու կարդայ հայերէն, սակայն մեր հայերէնի դասապահերը լոկ հայերէն սորվեցնելո՞ւ կը ծառայեն, թէ ազգային հայրենասիրական ոգին սերմանելու գերկարեւոր առաքելութիւնն ունին։
Ուսուցչական ասպարէզը սկսած է կորսնցնել իր հրապուրանքը, սկսած է քաշողական աշխատանք չդառնալ։ Նախապատերազմեան շրջանին ուսուցիչը ինքնաբաւ էր, եւ ոչ միայն,  այլ կրնար իր աշխատավարձքէն խնայողութիւն եւս ընել եւ պահ գումար ունենալ։ Այդ օրերուն ուսուցչութիւնը պահանջուած աշխատանք էր, մարդիկ ինչ-ինչ միջնորդութիւններու կը դիմէին ուսուցիչ դառնալու համար, բնականաբար այդպէս պիտի ըլլար՝ լաւ աշխատավարձք, տարեկան եռամսեայ արձակուրդ եւ դեռ չհաշուած հայկական ու պետական տօներու առիթով տրուած արձակուրդները, հետեւաբար ո՞վ պիտի մերժէր նման աշխատանք։ Այսօր հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատավարձքը հազիւ շաբաթ մը կրնայ ապրեցնել զանոնք, անշուշտ չենք խօսիր ընտանիք պահող ուսուցիչին մասին, այլեւ միայն ինքզինք հոգացողին։
Թէեւ դպրոցներու մեծամասնութիւնը ջանք չի խնայեր զանազան միջոցներով «նուէր» անուան տակ ուսուցիչին այլ մուտք ապահովելու, սակայն ի վերջոյ այդ նուէրները մնայուն չեն, ի վերջոյ ուսուցիչն ալ արժանապատուութիւն ունի, իր աշխատանքին վարձատրութիւնը պիտի ակնկալէ եւ ոչ թէ նուէրը։ Այս գլխաւոր պատճառներէն մէկն է, որ իր կոչումին հաւատարիմ անձը, որ օժտուած է ե՛ւ գիտական համապատասխան վկայականով, ե՛ւ զարգացումով, ե՛ւ հմտութեամբ, պիտի չնախընտրէ մուտք գործել ուսուցչական ասպարէզ, այլ պիտի փորձէ բարեսիրական թէ այլ հաստատութիւններու մէջ քարտուղարական կամ վարչական աշխատանքներ ստանձնել։
Տնտեսական եւ ծառայողական բնագաւառի դժուարութիւնները դարձած են դպրոցներու դիմագրաւած առաջնային խնդիրները։ Ուսումնական ու կրթական աշխատանքներու քննարկումներ կատարելէ շատ աւելի կը քննարկուին վառելանիւթի, արեգակնային համակարգով ելեկտրածիններու եւ նմանօրինակ խնդիրներ։
Լա՛ւ, եթէ այսքան լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ կրթական բնագաւառը, ի՞նչ պէտք է ընել…
Նախ ամէն բանէ առաջ պիտի խոստովանինք, որ կրթական բնագաւառը մեր ծրագիրներուն մէջ առաջնային տեղ պէտք է գրաւէ, պիտի խոստովանինք, որ մեր համայնքի ապագայ զարգացումները կախեալ են կրթական բնագաւառի ապրած զարգացումէն, եթէ տակաւին համոզուած չենք, որ կրթականն է մեր էութեան պահպանման երաշխիքը, ապա պէտք է կարդանք Խրիմեան Հայրիկ եւ լսենք, որ այս իմաստուն մարդը շուրջ մէկուկէս դար առաջ ինչպէ՞ս բնութագրած է ուսումն ու կրթութիւնը։
Եթէ համոզուինք, ուրեմն ահազանգ պիտի հնչեցնենք եւ առ այդ մշակենք մեր ծրագիրները։
Կրթական մշակ եւ հրապարակագիր Լեւոն Շառոյեան շրջան մը առաջ մամուլով շատ լուրջ յօդուածներ լոյս ընծայեց կրթական բնագաւառի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, քանի՞ կրթական հաստատութիւն կարդաց այդ օգտաշատ յօդուածները, քանի՞ խնամակալական կամ հոգաբարձական կազմ ականջ տալով այնտեղ ներկայացուած մերօրեայ հարցերուն հանդիպումի հրաւիրեց յօդուածագիրը եւ գլուխ-գլխի քննարկեց հարցերը, որպէսզի իր հովանաւորած կրթօջախը բարելաւէ, քանի՞ կողմ մտածեց այս կարեւոր օրակարգով խորհրդակցական հանդիպում կամ խորհրդաժողով հրաւիրել եւ միահամուռ ջանքերով սերտել հարցերը։
Այսուամենայնիւ, ուշ քան երբեք…։ Տակաւին կարելի է բարեփոխումներու ծրագիր մշակել, տակաւին ժամանակը չէ սպառած վտանգի գօտիէն դուրս գալու համար, տակաւին կարելի է մտածել հետեւեալ առաջադրանքներուն մասին.
ա.-Ուսուցիչներու, տեսուչներու, դաստիարակներու եւ տնօրէններու համար մշակուած կարճաժամկէտ մասնագիտական դասընթացքներ կազմակերպել (նմանօրինակ ողջունելի աշխատանք մը այս օրերուն կը գործադրուի Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ)։
բ.-Վարժողական ծրագիր կազմակերպել։
գ.-Վերեւ նշուած երկու ծրագիրները ապարդիւն կը դառնան, եթէ հոնկէ ստացուած գիտելիքներու եւ փորձառութեան գործադրումը չհետապնդուի։ Չի բաւեր մասնակցութիւնը, այլեւ սորվածը գործադրելն է հարկաւոր։
դ.-Խստապահանջ ըլլալ ուսուցիչներուն ոչ միայն դասատուութեան եղանակին եւ փոխանցած գիտելիքներուն նկատմամբ, այլեւ՝ վերաբերմունքին, վարմունքին, նոյնիսկ աշակերտին հետ խօսակցութեան ոճին։
ե.-Սեղանի մը շուրջ համախմբել հայկական վարժարաններու հայերէնաւանդ ուսուցիչները, քննարկել եւ եզրակացնել հետեւեալ հարցերը.
I.-Հայերէն ուղղագրութեան եւ լեզուաբանութեան մէջ տեղի ունեցած նորութիւնները։
II-Հայերէն ուսուցիչի պատրաստուածութեան մակարդակը։
III-Հայեցի դաստիարակութեան ծրագիրի խոչընդոտները։
IV-Հայրենասէր եւ ազգասէր սերունդներ պատրաստելու նախագիծերը։
V-Հայ ուսուցիչի տիպարը։
Ինչքան կարեւոր են ուսումն ու գիտութիւնը, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր են ապրումն ու նուիրումը։ Ուսուցչութիւնը կոչում է, վճարովի արհեստ չէ, այլ՝ պատուեգինով նուիրական առաքելութիւն։ Դպրոցին մակարդակը ուսուցիչի մակարդակէն կախեալ է եւ ոչ թէ կրթօճախի գեղեցիկ կառոյցէն, որովհետեւ դպրոցաշէնքը չէ կրթօճախին մակարդակը արժեւորողը, այլ այնտեղ շնչողն ու շունչ սպառողը։ Օրուան հրամայականը կրթական բնագաւառի վերելքին զարկ տալն է։
Մարիա Գաբրիէլեան