(Դ. ՄԱՍ)

Յարգելով հալէպահայ մեր աշխատակիցին ազատ արտայայտուելու իրաւունքը, մեր անհամաձայնութիւնը կ’արձանագրենք այս եւ նախորդ յօդուածին վերաբերող կարգ մը  հաստատումներուն գծով։ 
Յօդուածագիրը որպէս հետազօտ արդարօրէն որոնելով պատերազմ ապրած սուրիահայ համայնքին կրած տագնապին, մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն մասին հարթակ մը, կ’արձանագրէ որ նախկին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան կայքը չի բանիր, իսկ այլ հարթակ մը գոյութիւն չունի տեղեկութիւններ, լուսանկարներ կամ համայնքի տնտեսական ու քաղաքական տագնապներուն մասին հաստատագրումներ տրամադրող։ Կ’ուզենք յիշեցնել, որ «Գանձասար» շաբաթաթերթը պատերազմի ողջ տարիներուն կատարած է օրական դրութեամբ առարկայական լրատուութիւն, հաստատագրած է աղէտներու, կորուստներու, տեղահանումներու, համայնքի կրթական, տնտեսական, ընկերային կեանքի վնասները, ապա նաեւ վերականգնումի աշխատանքները եւ մարդասիրական համահայկական օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ հրապարակած համայնքի հոգեւոր պետերուն եւ ղեկավարութեան քաղաքական մօտեցումներն ու յայտարարութիւնները  համապատասխան լուսանկարներով, տեղեկագրերով, պատերազմի տասնամեայ ժամանակագրութեամբ եւ հարցազրոյցներով, որոնք լոյս տեսած են ոչ միայն թերթի ընթացիկ թիւերով, այլեւ տարեկան բացառիկ հատորներով։ Ու թէեւ գիտական աշխատանքի մը տարողութիւնը չունին անոնք, վաւերագրական հաստատագրումներ են պարզապէս, սակայն տրամադրելի են բոլորին, կրնան ծառայել եւ ծառայած են ուսումնասիրողներու։ Իսկ թերթին եւ բացառիկ հատորներուն թուայնացուած տարբերակները հասանելի են «Գանձասար»-ի կայքին միջոցով։
Յօդուածագիրը կ’արձանագրէ, թէ  ճակատագրական աղէտալի պահերուն Սուրիոյ եւ Լիբանանի համայնքներու  քաղաքական կառոյցները ճշգրիտ որոշումներ առնելու հասունութիւն չեն ունեցած։ Մեր անհամաձայնութիւնը արձանագրելով այս հաստատումին գծով, կ’ուզենք յիշեցնել, որ ինչպէս Լիբանանի քաղաքական մեր կառոյցները օրին ունեցան ռազմավարութիւն քաղաքացիական բուռն պատերազմի տարիներուն հայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ինքնապաշտպանութեան ձեռնարկելու, նոյնպէս ալ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն համայնքի քաղաքական ղեկավարութիւնը քաղաքական իր մօտեցումներով ոչ միայն համայնքի անվտանգութիւնը երաշխաւորեց, այլեւ պետութեան մօտ դարձաւ ամէնէն վստահելի տարրը՝ երկրի նախագահին իսկ հաստատումով, միեւնոյն ժամանակ ձեռնարկելով հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան պատասխանատու գործին։ Պատերազմի օրերուն մարդասիրական աշխատանքները տեղի ունեցան բոլոր կազմակերպութիւններու միասնական ճիգերով՝ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինին համախումբ աշխատանքով, ինչ որ ապահովեց համահայկական օժանդակութիւններու համակարգումը։ Հայաստանի օրուան իշխանութիւնները եւս խորհրդակցաբար համայնքի քաղաքական ղեկավարութեան հետ ճիշդ մօտեցում դրսեւորեցին։ Սուրիոյ մէջ միակ գործող դեսպանութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնն էր եւ ՀՀ Հալէպի հիւպատոսութիւնը, որոնք խորհրդակցաբար համայնքի ղեկավարներուն հետ գէթ մասամբ նպաստեցին սուրիահայերու գաղթը դէպի հայրենիք ուղղելու, միեւնոյն ժամանակ ամրապնդեցին Սուրիա-Հայաստան պատմական կապերը։
  Խմբ. 

***

ԳՈՐԾՆԱՄԷՏ ՍՓԻՒՌՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒ ՄԱՐԴԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ (ANTHROPOLOGY) ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ

Փնտռտուքիս հիմնական բնագաւառներէն մէկն էր նաեւ Սուրիոյ տագնապի ընթացքին սուրիահայ համայնքի պատերազմի մարդաբանութեան հեռանկարը գտնել, անշուշտ հայ համայնքի առնչութեամբ զինուած հակամարտութեան կորուստներու, տառապանքներու մարդաբանութեան հեռապատկերը պեղել։
Սփիւռքագիտութիւնը պատմագէտներու եւ  ակադեմականներու մասնագիտական պեղումներու, վերլուծումներու եւ որոնումներու պարարտ դաշտ մը եղած է, գիտաժողովներու գրաւիչ վերնագրերու արժանացած հարուստ աղբիւրներով ներհուն նիւթ մը։ Բայց սփիւռքագիտութիւնը Սփիւռքի դիմագրաւող մարտահրաւէրներու, հիմնախնդիրներու պեղումներուն տեսական դաշտէն իր յանձնարարող, կամրջող, իրագործելի ծրագրերով կիրառական դաշտը չէ հատած, ուղղորդելու կիրարկելիութեան գործիքակազմեր, ինչպէս նաեւ գործընթացներ որոնելու մեծամտութիւնը չէ ունեցած։
Ինչպէ՞ս բացատրել սփիւռքագիտութիւնը մեր նոր սերունդներուն համար, որոնց գործնամէտ հիմնական նպատակն է կառուցել ու ամպրապնդել ինքնաճանաչողութիւնը։ Մինչ օրս, նոր սերունդին համար սփիւռքագիտութեան գործնամէտ հեռանկարը ենթադրեալ կամ անիրական (virtual) մնացած է եւ կը յամենայ մնալ վերացական պատկեր մը՝ քիչ հաղորդակից եւ նուազ խրախուսիչ:
Սփիւռքագիտութիւնը իր ակադեմական, տեսաբանական, գիտահետազօտական եւ հայագիտական հիմնարկներէն անդին ընդլայնելը, դպրոցական գրասեղաններէն սկսեալ իբրեւ գիտական կրթանք (discipline) կամ իբրեւ իրապաշտ ծրագիր մը գործնական աշխատանոցներով ներկայացնելը կը հարկադրէ մեր պատմական նոր-հին խոտորումները, թերացումները, վերջին տասնամեակներու մարտավարական սխալներն ու բացթողումները, սայթաքումները քննարկել։
Նոր սերունդին մօտ քննադատական մտածողութիւնը ընդլայնելու, միօրինակութենէ փախչելով, տափակութենէ դուրս գալով, գիտական այս կրթանքին համար որոնող մտքի խոկումներ  մշակելու, մէկ խօսքով մտածումներու սլացք, ուղեղային գրոհ (brain storming) մը յառաջացնելու։ Նման վարժանքներ, ժամանակաշունչ թելադրականութեամբ՝ վերլուծող են եւ քննական, ուժը կու տան մտածողութեան եւ տրամախոհութեան, որոնք վստահօրէն՝ գործնամէտ եւ կողմնորոշիչ կրնան դառնալ, մեր համայնքներու դէմ ցցուող անսպասելի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու տեսակէտէն[3][4]։
Աշխարհացրիւ մեր ամէնօրեայ թէ միօրեայ դպրոցներու մէջ, սփիւռքագիտութիւնը լուսարձակի բերող խտացեալ եւ սերտուած կրթական ծրագիր մը չունինք, չենք մշակած։ Զլացած ենք նոյնիսկ պարզաբանող համեստ դասապահ մը տրամադրելու, բացատրելու, լուսաբանելու «Սփիւռք»-ը, հայ Սփիւռքը տագնապեցնող իրատես մարտահրաւէրները, «Հայ Սփիւռք» բառակապակցութեան տեսադաշտը մնացած է անմեկնելի, երբեմն ալ անորոշ ու վիճելի։ Իսկ ժամանակակից սփիւռքամտութիւնը, «Հայ Սփիւռք»-ի պատկանելիութիւնը, անվտանգ լինելութեան երաշխիքները, լինելակերպի հեռատեսութիւնը՝ մնացած են մշուշապատ եւ ենթակայական։
Բայց մեր դպրոցներուն մէջ ուռճացուցած եւ փառաբանած ենք մեր պատմական հպարտութիւններով հաճոյանալու, ամեակներով հպարտանալու չափազանցուած ընկալումները, որոնք երբեմն ունայն ինքնախաբէութեան եւ սնափառութեան մոլուցքով կրնան սնանել մեր սերունդները։
Միտք բանին այն է, որ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ փոքրամասնութիւններու տագնապները, զանգուածային տեղաշարժները, արտագաղթերը, պատմական իրադարձութիւնները թելադրիչ, քննադատական եւ իրապաշտ մտածողութեամբ լուսաբանելու, ուղղորդելու, յորդորելու ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ մը չենք ունեցած, չենք խթանած նման ծրագիրի մը մշակումը։
Հետեւողաբար նման ծրագիր մը մշակելը, զարգացնելը, ընդարձակելը անպայմանօրէն բազմօգուտ է՝ աղէտներու եւ ճակատագրական պահերու մեր վերաբերմունքը արհեստավարժ ձեւով տնօրինելու եւ հեռատես ճարտարութեամբ կենցաղավարելու, հայ համայնքներու կայունութիւնը ապահովելու, զանոնք զօրացնելու համար։ Բնականաբար հարկ է, որ զուգորդուի ու ագուցուի անվտանգութեան ռազմավարութեան մը՝ գործնական ծրագրի մը հետ։ Կը հաւատանք, որ հայ համայնքներու անվտանգութիւնը հայ ինքնութիւնը զրահաւորելու, պաշտպանելու եւ փրկելու հիմնական երաշխիքներէն մէկն է, եթէ ոչ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆԸ։ Անշուշտ հայապահպանումի ազգային պարունակի գերագոյն արժէքը հանդիսացող  հայոց լեզուի անվտանգութեան անվիճելի ներքնախարիսխին՝ հայերէնի եւ հայերէն լեզուամտածողութեան գերակայութեամբ, որոնք մեր ԳՈՅԵՐԹԻՆ հիմնասիւններն են, լինելութեան հիմնաբերդերը [3]։
Մեր լեզուն, որպէս աւելի մեծ լեզուական աշխարհի մէկ ոստ, անկասելի հայաթափումի, հայ փոքրամասնութիւններու զանգուածային տեղաշարժներու եւ   անդրազգայնացումի՝ (Transnational), աշխարհաքաղաքացիութեան համարկումի յորձանուտին մէջ կը մնայ  անպատսպար, ենթակայ աղաւաղումի, անկայունութեան եւ անզուսպ նօսրացումի:

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ՝ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրիոյ սարսափելի տագնապի պատմագրական մանրամասնութիւնները թարմ են  տակաւին մեր մտքերուն մէջ, տեղին չէ՞ արդեօք հարց տալ, թէ ինչո՛ւ չտեղեկագրենք, չվաւերագրենք, չհաստատագրենք սարսափազդու այս կամ այլ հայ գաղութներու նախորդող տագնապները եւ այդ պատճառով զանգուածային տեղաշարժներու իրադարձութիւնները, կոփուած հայ մարդուժի վիթխարի ներուժին ցիրուցան տարտղնումը, մեր կալուածներու, նիւթական մշակութային ժառանգութեան կորուստները։ Ինչո՞ւ չձեռնարկենք հիմնարկելու հայ Սփիւռքի հաւաքական անվտանգութեան օրակարգի ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ իբրեւ հիմնական բանալի թիրախ։
Եթէ կը հաւատանք «զանգուածային տեղաշարժներ»-ու, մարտահրաւէրը   առանցքային է, իսկ «Սփիւռքի տարի»-ներ նշանաբանները, կոչերը պիտի շարունակուին եւ տեղ մը հասցէագրուած իրագործելի թիրախ մը ունին, հռետորաբանական խօսոյթի սաղմէն անդին գործնական դաշտ տանելու եւ բան մը փոխելու պարտաւորութիւնը կը թելադրեն, լրջախոհ իրագործելի ելքեր ունենալու հաւատարմութիւնը կ’երաշխաւորեն, ուստի անհեռանկար բովանդակութիւններով շողշողուն ցուցադրական կոչեր, մեծատառ վերնագիրներ ՉՄՆԱԼՈՒ համար, անյապաղ պէտք է Սփիւռքի համայնքներու «Անվտանգութեան» ծրագիր մը սահմանել, սփիւռքահայ  քաղաքական կառոյցները լծել այդ թիրախային մարտահրաւէրը քննարկելու, ծրագրելու ու գործելու։ Անշուշտ անվտանգութիւնը ժամանակի հետ իր ընդլայնող իմաստով՝ թէ՛ մտաւոր ժառանգութիւններով՝ լեզուի, մշակոյթի, մամլոյ եւայլն, եւ թէ՛ ֆիզիքական կամ նիւթական իմաստով՝ համայնքներու, կառոյցներու, ազգապատկան կալուածներու, դպրոցներու, եկեղեցիներու եւ մեր հաւաքական բոլոր ժառանգութիւններով։
Հրամայական է մեր յաջորդ սերունդներու անվտանգութեան հիմնահարցերու հետ կապուած կրթադաստիարակչական աշխատանքը զրահապատել, հայ Սփիւռքի համայնքները լուծումներ որոնելու հեռանկարով զինել, անվտանգութեան փրկօղակներ,  ովասիսներ ապահովել մեր ազգի տեւակայութեան համար։

ԱՂԷՏՆԵՐՈՒ, ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒ ՉԱՓԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

Վերեւ յիշուած գրութեան համառօտ ակնարկէն պոկուած հիմնական մօտեցումներէն մին է նաեւ Սուրիոյ տագնապի ընթացքին տեղւոյն հայ համայնքի անհատներուն հոգեվիճակը, հոգեկան խռովքը, ապրումները, աննախատեսելի աղէտը դիմագրաւելու միջոցները, վարքագիծերը, մտածելակերպը, ներսուրիական ճգնաժամի առանցքին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային մշակութային եւ քաղաքացիական ընկալումները, մանաւանդ տագնապի զանազան փուլերուն ընթացքին ու տագնապէն ետք ապագայի հանդէպ համայնքին անուղղուածութիւնը, խառնաշփոթութիւնը, հայ գաղութի անպատրաստուածութիւնը, աղէտներու եւ քաղաքական ճգնաժամերու, վտանգի չափի տեսութեան անգոյութիւնը, աղէտալի տառապանքները դիմակալելու եւ ճակատագրական պահերու ճշգրիտ եւ արագ որոշումներ առնելու, կանխելու խակութիւնը, գլխաւորաբար ակներեւ է մեր քաղաքական, կուսակցական կառոյցներու ճգնաժամային իրավիճակներու  բացայայտ անհեռանկար, անհասուն եւ անիմաց ըլլալը։
Ճիշդ է, որ ճգնաժամի ընթացքին շտապ մարմիններ, օժանդակ ու հոգատար յանձնախումբեր յառաջացնելու ճկունութիւնը օգտակար էր, հապճեպ եւ առժամեայ օգնութիւններ հասցնելու, տառապանքը մեղմացնելու համար։ Բայց այդ տագնապը նախատեսելու եւ ըստ այնմ վերաբերելու, նախապատրաստուելու, ծրագրելու ատակութիւնը անգոյ էր, այլ խօսքով հակաճգնաժամային քաղաքականութեան մը լուրջ բացը ունինք։
Այդ մէկը կարելի է արդարացնել, յիշելով լիբանանահայութեան օրինակը։ Սուրիոյ ներքին տագնապէն երկու տասնամեակներ մեզ կը բաժնէին լիբանանահայութեան վշտալի տագնապի փորձէն ու փորձառութենէն, երբ Լիբանան կը բոցավառէր ներքաղաքական պատերազմի սուր տագնապով, որ շուրջ տասնըհինգ տարիներու (1975-1990) օրհասական եւ կործանումի պատճառ դարձաւ՝ արիւնալի բախումներով, հսկայական քանդումներով, լիբանանահայութեան աշխարհացրիւ, արագընթաց արտագաղթով, տեղափոխութիւններով յատկանշուեցաւ։
Յատկանշական ժամանակաշրջան մըն էր, Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք կը կազմաւորուէր սփիւռքահայ երկրորդէն երրորդ սերունդի քաղաքական մտքի տեսլականի խմորումին բանաձեւումը։ Այդ բանաձեւումի տարազումը միասնականութեան,  համախմբումի, միաւորումի հիմքերու վրայ չխարսխուեցաւ, այլ մեր գոյերթի տեւակայնութեան տեսլականը ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆԱՑՈՒԵՑԱՒ, պատճառելով անախորժ եւ տաղտկալի ներհամայնքային խռովումներ, վտանգելով մեր միասնականացնող, ազգային միահամուռ գոյերթի տեւակայութեան բաղձալի բանաձեւումները։
Լիբանանեան տասնըհինգ տարիներու կորստաբեր տագնապը օժանդակեց եւ աշխուժացուց հաւաքական արտահոսքը։ Պոկուած էր Միջին Արեւելքի Փարիզը նկատուող Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան հմայքն ու բազմա- մշակութային աննկարագրելի հարստութեամբ կուտակուած, խնամքով ողորկուած հայ մարդուժը՝ մեր ազգային հսկայական ներուժի ժառանգութիւնը։
Լիբանանի ներքին քաղաքական արիւնալի մղձաւանջէն քաղուած խորիմաստ դասերը, ամբարուած ներհամայնքային փորձառութիւնը, քաղաքական խորագիտութեամբ չհարստացուց սուրիահայ  քաղաքական կառոյցի հեռանկարային տեսլադաշտը, չսնանեց մեր շրջանային աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու տեսողադաշտը ճշգրիտ, քաղաքագիտական մասնագիտութեամբ վերարժեւորելու հմտութիւնը, մասնագիտականօրէն վերլուծելու, քաղաքատնտեսական ուղղուածութեամբ  լուրջ հեռանկար մը մեկնելու, համապատասխան ծրագիրներու կամրջումի տարբերակներ որոնելու, կանխապատրաստուելու, կազմակերպուելու, եւ մանաւանդ ծրագրաւորելու, թիրախաւորելու Սուրիահայութեան յաջորդող կողմնորոշումները, դիրքորոշումները, ուղղուածութիւնները։
(Շարունակելի 4)
Փրոֆ.Արա Սայեղ