Դրութեան մը մէջ կը յայտնուիս եւ բանի մը կը կարուիս: Այդ «բան»-ը ժամանակի ընթացքին քեզի յիշողութիւններ կը պարգեւէ, յիշողութիւններու այս շիւղերով սրտիդ մէջ ծիծեռնակի բոյն կը շինես: Այդ յիշողութիւնները կարծես չեն բաւեր, հետեւաբար դուն ալ կ’աւելցնես երազներու շիւղերը եւ բոյնը կը դարձնես գիւղ, ապա՝ քաղաք, ապա՝ ամբողջ կայսրութիւն: Կ’ապրիս այդ կայսրութեան մէջ ամէն օր աւելցնելով նոր յիշողութիւն կամ նոր երազ, երբեմն՝ երկուքը միասին: Ժամանակը կը սահի եւ դուն որքան կապուած ըլլաս երեւակայական աշխարհին, այնքան աւելի արագ կ’աճին կայսրութեանդ պարտէզին գոյնզգոյն ծաղիկներն ու պտղատու ծառերը:
Հիմա դուն երկինքին մէջ ես, ոտքերդ գետին չեն հասնիր, ուրախութիւնդ եւ հանգստութիւնդ հասած են գագաթնակէտին: Ամէն օր կ’աղօթես, որպէսզի այդ կայսրութիւնը փուլ չգայ, չէ՞ որ դուն հիւսած ես այդ երեւակայական պատմութիւնը, ուր ամէն ինչ կը համընկնի ներքին աշխարհիդ:
Այս միջոցին կը սկսիս տարբեր բաներ զգալ, որոնք ընդհանրապէս կասկածելի կ’ըլլան, բայց այդ զգացումներդ մէկ կողմ նետելով կը նայիս միւս «լաւ» կողմերուն: Կամաց-կամաց կը սկսիս կասկածի տակ դնել այդ կայսրութեան գոյութիւնը: Բայց նորէն չես համոզուիր, որ զգացածդ ճիշդ է, մինչեւ այն օրը երբ ամէն ինչ յստակ կը տեսնես ու այլեւս ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կ’ունենաս այդ կասկածները մէկ կողմ դնելու:
Հիմա ամենագէշ շրջանն է: Անկիւնները նետուած կասկածները կը հաւաքես, անգամ մը եւս կը նայիս անոնց եւ կը փորձես բոլորը իրարու կապել, կարծես շարիկները իրենց տեղերը կը գտնեն եւ դուն ամէն ինչ կը հասկնաս:
Կը սկսիս նեղութիւն զգալ, ցաւիլ ,ապա ափսոսալ, որ ինչպէ՞ս այդքան ժամանակ ականջի ետեւ ձգեցիր ամէն բան, իսկ երբ ամբողջովին կը համոզուիս, որ ամէն ինչ վերջացած է՝ կը սկսիս լալ: Խենթի պէս: Ամէն մէկ արցունքի կաթիլին հետ յիշողութիւն մը, երազ մը եւ խաղաղ անկիւն մը կը փրցուի պարտէզներէդ եւ կամաց-կամաց կը սկսի գետին իյնալ: Բայց դիւրութեամբ չի փրթիր, կը քաշուի, կը բզքտուի, կը պատռտուի մինչեւ կը հասնի գետին, իր հետ սիրտէդ մաս մը առնելով: Կու լաս, կու լաս եւ ամէնէն վերջը երբ արցունքներդ կը դադրին կը տեսնես, որ միայն պարտէզներդ չեն, որ իրենց տերեւները թափեր են, այլ ողջ կայսրութիւնը, իր քարերով եւ մեծ պալատներով միասին կ’այրի…
Հոգեկան պատերազմ, հրդեհ, կրակի ճռճռոց: Ամէն տեղէ յոյս մը կը մարի եւ կը մոխրանայ:
Կը քնանաս: Առաւօտուն երբ կ’արթննաս ամէն ինչ վերջացած է, ամէն տեղ մոխիր, տեղ-տեղ դեռ կը ծխայ: Աչք մը կը նետես, ապա այդ կայսրութեան չափ կտաւ մը կը բերես եւ կը ծածկես մոխիրները: Չէ՛, չես աւլեր եւ ոչ ալ կը թափես, կը ծածկես եւ կը քալես վրայէն: Նոր կայսրութիւն մըն ալ չես շիներ, որովհետեւ աւազի վրայ տուն չեն կառուցեր, այլ ո՜ւր մնաց՝ մոխիրի: Այդպէս կը ձգես եւ կեանքդ կը շարունակես: Բայց կը ցաւիս, շատ կը ցաւիս, ժպտուն դիմակը երեսիդ կ’անցընես եւ կը ձեւացնես, որ բան չէ եղած:
Ժամանակ մը վերջ կը վերադառնաս, աչք մը կը նետես ծածկոցին եւ կը նկատես, որ անոր տակէն՝ մոխիրներուն մէջէն ոսկէ փայլիկներ կ’երեւին, ծածկոցը կը բանաս եւ կը տեսնես, որ ամէնէն գեղեցիկ յիշողութիւններդ կամ երազներդ մոխիրներուն մէջէն կեանք կ’առնեն, իրենց հին կերպարանքը կը ստանան եւ քովդ կու գան: Բոլորը ափիդ մէջ կը հաւաքես եւ մէկ-մէկ կը նայիս անոնց, այլեւս ցաւ չես զգար եւ ոչ ալ տխրութիւն, ուղղակի ոչ մէկ բան կը զգաս:
Հանգիստ ես: Շրջանցեցիր: Այդ բոլորը կը հաւաքես, կը դնես տուփի մը մէջ եւ կը տեղադրես սրտիդ անկիւնը: Երբեմն կը դառնաս այդ տուփին, կը բանաս եւ այդ յիշողութիւնները կը վերապրիս՝ գեղեցիկ տեսերիզի մը ընդմէջէն: Հիմա ծածկոցը կը վերցնես, մոխիրները կ’աւլես ու կը թափես, նոր կայսրութեան մը հողը կը պատրաստես, բայց այս անգամ խօսք կու տաս ինքզինքիդ, որ շատ աւելի ուշադիր պիտի ըլլաս եւ անցեալէն փորձեր պիտի քաղես:
Կեանքը կը շարունակուի եւ նոր երազներով կամ յիշողութիւններով նոր կայսրութիւններ կը հիւսես: Բախտաւոր կը համարուիս եթէ այդ հիւսուած կայսրութիւնը զարգանայ եւ արմատներով զօրանայ, իսկ եթէ ոչ, հոգ չէ, այդ տուփիկին պէս շատ տուփիկներ սրտիդ անկիւնը կը շարես եւ մոխիրներէն վեր կը թռչիս, դէպի նոր կեանք, ինչպէս՝ Ֆինիքս թռչունը:
Արփի Գէորգեան