1915-ին պատահած Ցեղասպանութեան պատճառով մասնիկ մը աւելցաւ իւրաքանչիւր հայու եւ մանաւանդ՝իւրաքանչիւր արեւմտահայու ինքնութեան մէջ։
Մինչեւ 1915 թուական, Հայաստանի բնակիչները կը կոչուէին «հայ», Հայկ Նահապետի անունով։ Երբ ջարդէն ճողոպրած մեր նախահայրերը գաղթեցին դէպի Տէր Զօր,Լիբանան կամ արեւելեան ափեր,«հայ» անուանումին դիմաց աւելցաւ մասնիկ մը, եւ եղանք՝ ֆրանսահայ,թրքահայ,լիբանանահայ…եւ այլն:Ես «սուրիահայ» կամ «հալէպահայ» կը կոչուիմ։
Հալէպ բառը ի զուր չէ, որ մաս կազմած է ինքնութեանս։ Մեզմէ ոմանք այսօր Սուրիոյ քաղաքացի են։Մենք պատկանելիութիւն կը զգանք այս հողին,ունինք մեր իրաւունքները եւ բնականաբար կը կատարենք մեր ամբողջական պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները։ Ասիկա չի նշանակեր, որ Սուրիոյ մէջ ապրող հայութիւնը շեղած է իր հայկական արմատներէն եւ սկսած է խառնուիլ արաբական ցեղին։Բնա՛ւ։Հալէպ գաղթօճախին մէջ աշխուժօրէն կը գործեն հայկական դպրոցներ, որոնք հայեցի կրթութեամբ կը դաստիարակեն հայ փոքրիկները եւ կը պատրաստեն ապագայ ղեկավարներ։
Ունինք զանազան մշակութային միութիւններ, որոնք աշխատանք կը տանին հայ լեզուի կողքին պահպանելու նաեւ հայ թատրոնը,հայկական պարն ու երաժշտութիւնը։Իսկ եկեղեցին՝ քրիստոնէական հաւատքին կապերով իր երդիքին տակ համախմբած է  հայութիւնը։Թուրքը իր խորամանկութեամբ կը կարծէր,թէ եթէ հայը բաժնուի եւ զրկուի իր հողէն, եւ կամ չարչարանքներու ենթարկուի պիտի ոչնչանայ։Սակայն ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեան իր տողերուն մէջ կ’ըսէ. «Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել Հայաստանը,տեսէ՛ք, թէ կրնա՞ք։Աքսորեցէ՛ք զանոնք դէպի անապատները, առանց հացի եւ ջուրի։Այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները։ Յետոյ տեսէ՛ք,թէ անոնք կրկին չե՞ն խնդար, երգեր կամ աղօթեր։ Որովհետեւ երբ անոնցմէ երկուքը աշխարհի որեւէ մասին մէջ հանդիպին՝ տեսէ՛ք,թէ ինչպէ՛ս կը ստեղծեն Նոր Հայաստան»։ Հիմա՛կը տեսնէք չէ՞,թէ ինչպէ՛ս Սփիւռքի մէջ քանի՜ հայաստաններ կերտած ենք եւ դարձած՝ շաղախը մեր հայրենիքին։Սփիւռքահայը մի՛շտ աշխոյժ է։Ան դափնիներու վրայ չի՛ քնանար՝ նորանոր նուաճումներ ձեռք կը բերէ իր միասնականութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ։ Նաեւ կ’ուզեմ յիշել,որ Սփիւռքի մէջ ծիլ առած Հայ Դատի գրասենեակներու աշխատանքներուն արդիւնքով՝զանազան երկիրներ ընդունած են Ցեղասպանութիւնը։
Կը կարծեմ,առաւելութիւն մըն է սփիւռքահայ ըլլալը,երբ կարողութիւն ունիս ծառայելու թէ՛ ապրած երկրիդ,որ իմ պարագայիս Սուրիան է եւ միաժամանակ օգտակար դառնալու հայրենիքիդ։Հպարտութիւն կը զգամ երբ «սուրիահայ եմ» կ’ըսեմ։Սուրիան ինձմէ անբաժանելի մաս մըն է, ո՛չ թէ միայն ծննդավայրս ըլլալուն համար,այլ նաեւ՝ հայերուն հանդէպ իր ցուցաբերած յարգանքին եւ քաջալերանքին համար։
Ես հալէպահայ եմ, այս հողին կը ծառայեմ, բայց ինքնութիւնս ու նկարագիրս հայկական են։
Թէեւ մարմնով Սուրիա կը բնակիմ,սակայն սիրտս՝ մի՛շտ Հայաստանով կը բաբախէ։
Աննա Պետրոսեան