Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնը յիշատակութիւնն է Դ. դարուն հայոց Սեբաստիա քաղաքին մէջ հռովմէական բանակին ծառայած այն քառասուն զինուորներուն, որոնք քրիստոնէական հաւատքին վրայ անյողդողդ մնալով նահատակութեան պսակին արժանացան։

Արդարեւ, Կիրակի, 10 Մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ համանուն Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ թափօրով Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց, առընթերականեր ունենալով Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան։
Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գէորգ սրկ. Սեմէրճեանի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, լուսարձակի տակ առնելով Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնին եւ Մեծ Պահեցողութեան անիրաւ դատաւորի Կիրակիին խորհուրդները, որոնց ճամբով հրաւիրեց ժողովուրդը առանց վհատելու անդադար աղօթելով իրաւունքը ստանալ արդար դատաւորէն՝ մեր Տիրոջմէն, որ բացայայտ կերպով կը տեսնէ ամէն ինչ։
Մէջբերելով օրուան աստուածաշնչական ընթերցուածը (Փլպ 3.1-4.9), Սրբազան Հայրը պատուիրեց ներկաներուն Քրիստոսը ճանչնալու ճիգ թափել, որովհետեւ միայն Քրիստոսով կարելի է փրկուիլ։ Առակին ճամբով ան դիտել տուաւ, որ խաւարով շղթայուած աշխարհը միշտ անարդար մարդոց կողմէ կը ղեկավարուի եւ զանազան միջոցներով արդարութիւնը կ՚անտեսուի, ինչպէս որ Հայոց Ցեղասպանութեան արդար դատը նոյն իրավիճակին առջեւ կը յայտնուի։ Հետեւաբար, որպէս քրիստոնեաներ անհրաժեշտ է որ աղօթական կեանք ապրինք, մեր կեանքին նպատակակէտը դարձնենք Քրիստոսի ճանաչողութիւնը եւ համբերութեամբ սպասենք արդար Տիրոջ պատասխանին։

Սրբազան Հայրը հայցեց քառասուն մանուկներուն բարեխօսութիւնը, որպէսզի իրենց նման հաւատքով զօրացած մեր կեանքը ապրինք աստուածպաշտութեամբ, եղբայրասիրութեամբ եւ Քրիստոս մեր սրտերուն մէջ բնակելով մեր քայլերը առաջնորդէ։

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ համանուն պատմական եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Մանուկ անունը կրողները, յատկապէս Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանը, ինչպէս նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ Քահանայ Հայրերը, Թաղական Խորհուրդը, Աղքատախնամ կազմը եւ Տիկնաց յանձնախումբը, դպրաց դասը, որոնք նուիրուածութեամբ կը ծառայեն եկեղեցւոյ։

Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, թաղականութեան գրասենեակի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, դպրաց դասին կատարողութեամբ։ Մտերմիկ հաւաքին Սրբազան Հօր կողքին ներկայ գտնուեցան Հայր Սուրբերը, Քահանայ Հայրերը, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ եւ եկեղեցւոյ ընտանիքը։ Աւարտին, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանին անուանակոչութեան տօնին առիթով կարկանդակի հատում կատարուեցաւ։