Կը փորձեմ վերյիշել տասնամեակ մը առաջուան մեր հասարակական-ընկերային կեանքը, երբ ամէն ինչ համարեա՛ իր բնականոն գոյնը, համն ու հոտը ունէր կամ թերեւս մենք այդպէս կը կարծէինք։ Հասարակութիւնը իր տարբեր շերտերով միաւորուած կը գործէր անկախ յարանուանական, կուսակցական եւ կամ ազգային խմորումներէն, այդ օրերուն մեզ միաւորողը մարդկային վեհ արժէքներն ու բարոյական կապերն էին։ Այդ բոլորը վերջին շրջանին քայքայման ենթարկուեցան եւ մարդ արարածը իր բնազդներու գերին դարձաւ՝ առանց կանգ առնելու կամ զսպուելու։
Ի՞նչն էր արդեօք պատճառը՝ պատերա՞զմը, անձնասիրութի՞ւնը, ինքնանպատակ եւ եսակեդրոն դրսեւորումնե՞րը։
Արդեօք մահուան սպառնալի՞քն էր, որ մեզ այսքան հեռացուց մեր մարդկային սկզբունքներէն, երբ տեսանք, որ մահուան ուրուականը մեր չորս կողմը կը թափառի, իսկ կեանքը ակնթարթ մըն է, հետեւաբար մտածեցինք, որ աւելի լաւ է մեր անձին մասին մտածելը, քան՝ ուրիշներուն հոգալը։
Այսօրուան տիրող իրավիճակին ի տես կը վերյիշեմ ջերմութիւն եւ հոգատարութիւն բուրող մեծ մօրս եւ հօրս տունը եւ կը փորձեմ տրամաբանական բացատրութիւն գտնել հոն անցած դարձածին։ Ահա՛ ճիշդ այդ նեղլիկ տան մէջ կը վայելէինք հրաշագործ մեծ մօրս եւ հօրս հոգատարութիւնն ու անհամար զոհողութիւնները։ Թէ ինչպէս տեղն ու տեղին ամէն տեսակի տնային աշխատանք կ’իրականացնէին, պաշար կ’ամբարէին, գացող-եկող հիւրերուն կը հիւրասիրէին, մեր բոլորին պէտքերը կը հոգային, մեծին հոգը կը թեթեւցնէին, փոքրին նազը կը տանէին, հաստատաբար իրենք ալ ունէին մտահոգութիւններ, կեանքի դժուար պայմաններ, յուսալքութեան վայրկեաններ, սիրտ ու հոգի մաշեցնող կսկիծներ, թախիծ ու մորմոք, բայց եւ այնպէս միշտ ու միշտ մեզ դիմաւորած էին լայն ժպիտով եւ օրհնաբեր մաղթանքներով, իսկ իրենց այդ վերաբերմունքը վարակիչ անդրադարձ ունեցած էր թէ՛ մեր եւ թէ՛ մեր շրջապատին վրայ։
Իսկ այսօ՞ր… Այսօր պատկերը լրիւ տարբեր է, կազմաքանդուած է անհատին առաջին խնամակալը՝ ընտանիքը, տիրող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն, բարոյական արժէքներու եւ ըմբռնումներու փոփոխութեան եւ ամէնէն կարեւորը աւերիչ ընկերային ցանցերուն պատճառով։ Ականատես եղանք ընտանիքի երէցի կերպարի փլուզման, հայրը կամ ընտանիքի երէցը այլեւս ուժեղ եւ ոգեշնչող անձնաւորութիւն չէ իր երեխաներուն համար, որովհետեւ իր մտայնութիւնն ու մտածելակերպը այլեւս հնամենի են եւ չեն համընկնիր նորօրեայ «զարգացած» պայմաններուն հետ, դեռ աւելին. այլեւս ընտանիքի անդամներուն մեծամասնութիւնը կ’աշխատի, տնտեսապէս անկախ է, հետեւաբար ծնողական վերահսկողութենէ դուրս է, այնպէս որ փողոցը դարձաւ խնամակալ, մոռնալով, որ նոյն այդ հայրն էր, որ տարիներ շարունակ առանձին կը մաքառէր ընտանիքին ապրուստը հոգալու, ուսումնական ծախսերն ու ընկերային կարիքները ապահովելու։
Բայց եւ այնպէս որպէսզի արդարացի ըլլանք ճիշդ չէ միայն ժխտականօրէն դատել պատկերը, ժամանակին եթէ ընտանիքը նիւթապէս բաւարարուած էր, ամօթալի էր ընտանիքի մնացեալ անդամներուն յատկապէս իգական սեռին աշխատանքը, օրէ օր փոխուեցան ըմբռնումները եւ արմատացաւ այն գաղափարը, որ աշխատանքը կապ չունի կարիքաւոր ըլլալու իրականութեան հետ, հաստատուեցաւ այն միտքը, որ աշխատանքը մարդ անհատի ինքնաարտայայտումն է, անձին կարողութիւններուն եւ աստուածատուր շնորհներուն զարգացումն ու կատարելագործումը։ Այս բոլորին կողքին եղան նաեւ բարձր գիտակցութեան տէր զաւակներ, որոնք անզգամ եւ ձեռնածալ չմնացին իրենց հօր կամ մօր ամէնօրեայ ապրուստը հոգալու վազքին մէջ, փութացին եւ ձեռք երկարեցին, իրենց կարելին ըրին բեռը թեթեւցնելու։
Ինչպէս անցեալին, նաեւ վերջին տասնամեակին, յատկապէս երիտասարդներուն մօտ շեշտուեցաւ գաղթի երեւոյթը։ Բնականաբար արդար իրաւունքն է բարօր կեանքի պայմաններ ունենալը, նեռարեալ կեանքի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, առողջապահական, մշակութային, կրթական եւ աշխատանքային ենթակառոյցներու յարմարագոյն պայմաններու գոյութիւնը, իսկ պատերազմական թոհ ու բոհէն ելած երկրի մը համար դժուար էր օր ու գիշերուան մէջ կայուն վիճակ գտնելը, այս պատճառով ընտանիքներ, յատկապէս երիտասարդներ, այլեւս համբերանք չունեցան դե՜ռ տոկալու եւ դե՜ռ արշալոյսը սպասելու եւ որոշեցին գաղթի ճամբան բռնել։ Այս մէկը պատճառ դարձաւ ոչ միայն գաղութիս մէջ ընդհանրապէս եւ միութենական ու համայնքային դաշտին մէջ յատկապէս երիտասարդ մարդուժի բացակայութեան, այլեւ տարեցներ ու ծերունիներ մնացին առանձին՝ կենցաղային եւ նիւթական դժուարութիւններու առջեւ անզօր եւ կարօտեալ։
Երիտասարդութեան եւ յատկապէս տղոց գաղթի հետեւանքով յառաջացած դրական միակ երեւոյթը այդ էր, որ իգական սեռին առիթ տրուեցաւ յայտնուելու վճարովի եւ կամ կամաւոր տարբեր-տարբեր պատասխանատու պաշտօններու վրայ, բայց եւ այնպէս պէտք չէ վարանինք ըսելու, որ տղաքը ընդհանրապէս կը խուսափէին նման ձեռնարկութիւններու մէջ աշխատանք ստանձնելէ վարձատրութիւններուն անբաւարարութեան պատճառով։ Ճիշդ է, որ ազգային իշխանութիւնը, շտապի միասնական մարմինը, հայրենիքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ գործող շրջանաւարտից միութիւնները, տեղական եւ համաշխարհային բարեսիրական նպաստի մարմիններ տարբեր առիթներով եւ տարբեր տեսակի օժանդակութիւններ կը տրամադրեն մեծին եւ փոքրին, նորածինին եւ տարեցին, աշակերտին եւ ուսանողին, արհեստաւորին եւ նորապսակ զոյգերուն, բայց եւ այնպէս կարելի չէ հիմնուիլ նման օժանդակութիւններու վրայ՝ ապրուստ ապահովելու եւ կամ կայուն ապագայ խոստանալու համար։
Երկրի տնտեսական անկայուն վիճակը պատճառն էր, որ երիտասարդներ հրաժարին ընտանիք կազմելու գաղափարէն, նկատի ունենալով անոր ծանր բեռը, յատկապէս ընտանիքի անդամներուն թիւը մեծնալու բերումով յառաջացած դժուարութիւնները, չնայած վերջին գոնէ 15 տարիներուն նուազած է բազմազաւակ ընտանիքներուն թիւը։
Բայց եւ այնպէս վերջին շրջանին նկատառելի է շատ երիտասարդ (20-30) տարիքի զոյգերու ամուսնութիւնը, որոնց մեծամասնութիւնը հմայուած ըլլալով նախամուսնական եւ յետամուսնական արեւմտեան բարքերով ու սովորութիւններով (propose, save the date, baby’s welcome shower…) կը փորձէ նորութիւն բերելով իր առիթը իւրայատուկ դարձնել։ Մտահոգիչը այն է, որ ամուսնական կեանքի պատասխանատուութիւններուն ու դժուարութիւններուն դէմ յանդիման գտնուելէ ետք՝ այդ նորակազմ ընտանիքներու մեծ մասը փուլ կու գայ եւ կ’ունենանք քայքայուած ընտանիքներ եւ անոնցմէ ծնունդ առած՝ հոգեպէս խանգարուած զաւակներ։
Այսպէս, արեւմտեան բարքերն ի տես, հնամենի մնացին աւանդական տոհմիկ ընտանիքներն ու հայկական աւանդութիւնները, բարքերն ու սովորութիւնները, անոնք պարզապէս մնացին մշակութային միութիւններու քարոզչական ձեռնարկներու բովանդակութիւնը, հազուադէպօրէն կը գտնենք երիտասարդներ, որոնք հաճոյք կ’առնեն եւ կամ իրենց առօրեային բաժին կը դարձնեն այս բոլորը։
Դժբախտաբար կրնանք եզրակացնել, որ այնպէս ինչպէս մեր երկրի քաղաքական եւ պատերազմական վիճակին, նոյնպէս ալ մեր առօրեայ հարցերուն հիմնական դրդապատճառները ընկերային ցանցերն էին եւ կը շարունակեն մնալ. անոնց դերակատարութիւնը մեծ էր մարդկային վեհ արժէքներու արժեզրկման մէջ։ Այդ հարթակները հիմնականապէս դարձան ցուցամոլութեան, վիրաւորանքներու փոխանակման եւ նոյնիսկ սպառնալիքներու ասպարէզ, հեռու ողջմիտ երկխօսութենէ եւ փնտռտուքներէ։
Եւ այս բոլորին ի տես կը մտածեմ մեր ազգի բոլոր բաղադրիչներուն դերակատարութեան մասին բոլոր բնագաւառներէն ներս անխտիր։ Անբաւարար էին բոլորին կողմէ կազմակերպուած եւ ծրագրաւորուած գործելաոճերը, այո՛ սերտած եւ ճանչցած էինք մեր անցեալի եւ ներկայի բացթողումներն ու դժուարութիւնները, բայց չէինք յաջողած ճշդել մեր ապագայի մարտավարութիւնն ու կիրարկելիք ռազմավարութիւնը, բեմերէն հնչող սրտառուչ ճարերը մնացին պարզապէս ծափողջոյններ խլող ելոյթներ, ո՛չ մնացած իսկական մարդուժը փրկեցինք զանոնք խթանելով եւ աշխատանքային խրախուսող պայմաններ ստեղծելով, ո՛չ իսկ գալիք շրջանին համար այսօրուան արհեստավարժ աշխարհին հետ քայլ պահող մասնագէտ նոր ուժ պատրաստեցինք։ Եւ հակառակ մեր եզրակացուցածին, խօսածին, լսածին եւ շօշափածին՝ մնացինք նոյն շրջանառուող օղակին մէջ կարկտան լուծումներու եւ «գործ քալեցնողներու» սահմաններուն մէջ։
Սեւան Շահպազեան