Հին ժամանակներէն, հայ ժողովուրդին համար կրթական կեանքն ու մայրենիին պահպանումը կենսական հարցերէն եղան: Դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական բոլոր հանգրուաններուն էական դեր ունեցան հայ եկեղեցին ու հայ դպրոցը, որոնք եղան հայեցի դաստիարակութեան, հայապահպանումի եւ հայակերտումի գլխաւոր գործօնները:
Աւելի ուշ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու մէջ զարկ տրուեցաւ նաեւ հայագիտական ուսումնասիրական ամպիոններու եւ կեդրոններու հաստատման: Ուսումնական եւ գիտական այս համակարգը, որ իր մէջ ընդգրկեց հայ ժողովուրդի մշակոյթը, գրականութիւնը, լեզուն եւ պատմութիւնը՝ մեծ դեր ունեցաւ կրթական կեանքէն ներս:
Սակայն՝ առհասարակ վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին համաշխարհայնացումը եւ ժամանակակից աշխարհի արագ փոփոխութիւնն ու անոր արագ հոսքին ազդեցութիւնները՝ իրենց դրական կողմերուն կողքին ունեցան նաեւ իրենց ժխտական կողմերը ո՛չ միայն քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, մարդկային եւ ուրիշ ոլորտներու մէջ, այլ նաեւ կրթական համակարգին վրայ:
Այնուհետեւ Սփիւռքի տարածքին հայօրէն գոյատեւելու համար, ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու եւ արեւմտահայերէնը պաշտպանելու նպատակով հայագիտական նշանաւոր կեդրոններ հաստատուեցան ու համալսարանական ամպիոններ զարգացան, ինչպէս Վենետիկի, Վիեննայի, Թիֆլիսի, Փարիզի, Պոլիսի, Իրանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ եւ այլուր:
Ինչպէս նշեցինք, կրթական համակարգը վերջին կէս դարուն այլ ոլորտներու կողքին ստացաւ իր դժբախտ բաժինը, մանաւանդ արեւմտահայերէնի տակաւին բաբախող սիրտերը՝ Լիբանան եւ Սուրիա, ուր ներքին պատերազմը, տնտեսական վիճակը, կենցաղային հարցերը պատճառ դարձան, որ հայ ժողովուրդի հայեացքը ուղղուի դէպի Եւրոպա, Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ: Մեծ թիւով հայեր հեռացան իրենց ծննդավայրէն, նօսրացնելով հայ համայնքը եւ պատճառ դառնալով մարդուժի տկարացման, դպրոցներու, ճեմարաններու, հայագիտական հիմնարկներու փակման եւ արեւմտահայերէնի ուսուցման դադրեցման:
Հակառակ այս բոլոր բացասական իրադարձութիւններուն, մեծ հպարտանքով կ’ուզենք անդրադառնալ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին, Միջին Արեւելքի առանձնայատուկ եւ եզակի այն կեդրոնին, որ հակառակ բազում դժուարութիւններուն 27 տարիէ ի վեր կը գործէ անխափան:
Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ հիմնուեցաւ 1996-ին: Նախաձեռնութիւնը կը միտէր սուրիահայ համայնքէն ներս ուսումնական հաստատութիւններուն համար պատրաստել հայերէնաւանդ դասատուներ եւ որակաւոր մարդուժ, կազմաւորել հայագէտներ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի տարածքին պահպանել արեւմտահայերէնը՝ վառ պահելով հայ ժողովուրդի մշակութային եւ կրթական կեանքը:
Արդարեւ, Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք, գործնական աշխատանքը սկիզբ առաւ եռամեայ ծրագրով: Անշուշտ ուսումնական այս ճանապարհը հարթելը հեշտ չէր, ուսումնական ծրագիրի հաստատումը կը պահանջէր բարոյական, կազմակերպչական, մարդուժի եւ տնտեսական հսկայ ներդրում: Այս ընթացքին դժուարութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ Հայագիտական Դասընթացքի ծրագրի իրականացման համար պատրաստ դասագիրքեր չկային, ուստի դասաւանդութեան ծրագրի գիրքերը պատրաստուեցան հիմնարկի նուիրեալ դասախօսներու կողմէ եւ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեամբ տարիներու ընթացքին դասագիրքերը վերամշակեց եւ խմբագրեց: Կարճ ժամանակ մը վերջ եռամեայ դասընթացքը դարձաւ հայագիտական քառամեայ ծրագիր:
Հիմնարկի կարեւոր հանգամանքներէն մէկն ալ այն է, որ հայագիտականը ուսանողութեան համար տարիքային խմբաւորում չունի, քառամեայ դասընթացքին կրնան հետեւիլ պետական պաքալորիա ունեցող ուսանող եւ ուսանողուհիներ: Հիմնարկը իր դռները իւրաքանչիւր տարեշրջանի, ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, վերստին կը բանայ եւ կը հիւրընկալէ ուսումնասէր, գրականասէր, պատմասէր, բանասէր եւ լեզուասէր նոր ուսանողներ: Սակայն վերջերս հայերէնը եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ են ոչ միայն Սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ արեւմտահայերէնի պաշտպան եւ կորիզ համարուող Հալէպի մէջ, ուր տնտեսական եւ կենցաղային հարցերը այնքան ծանրացան, որ մայրենիի (արեւմտահայերէնի) նկատմամբ հետաքրքրութիւնն ու հետապնդումը երկրորդական դարձան, չնայած որ այս մէկը պատճառաբանութիւն պէտք չէ ըլլայ:
Հետեւաբար, ուսանողութեան պատկերը հիմնարկէն ներս ալ հետզհետէ նուազեցաւ եւ բախտատմամբ նախանցած տարիներուն նօսրացաւ՝ կեանքի զանազան պայմաններու բերումով: Այս առնչութեամբ Հայագիտական Հիմնարկի Միաւորը՝ հայերէնասէր նոր երիտասադներ անդամագրելու միտումով իւրաքանչիւր ուսումնական տարեշրջանին հիմնարկէն ներս քառամեայ ծրագիրին հետեւելու համար հաստատած է կրթական նպաստի նուիրում (scholarship) անխտիր բոլոր հայ ճեմարաններու երկրորդականի աւարտական կարգին հայերէն լեզուի նկատմամբ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունեցող աշակերտներուն: Ուստի Հայագիտական Հիմնարկին կարեւորագոյն առաքելութիւնը արեւմտահայերէնը պահպանել եւ մարդուժ պատրաստելն է՝ ծառայելու կրթական, միութենական եւ մշակութային կեանքէն ներս:
Արդարեւ, Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը հիմնուած օրէն հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան եւ նպատակներուն աներեր կը գործէ, տարուէ տարի կատարելագործելով ինքզինք: Այս տարիներուն ընթացքին հիմնարկը յաջողած է դիմագրաւել ժամանակի բոլոր մարտահրաւէրները՝ (Սուրիոյ ներքին պատերազմը, պսակաձեւ ժահրի համաճարակը, երկրաշարժը եւ այլն):
Նախապէս հիմնարկ կ’այցելէին Հալէպ ժամանած հիւր արուեստագէտներ, գրողներ եւ մտաւորական դէմքեր՝ Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ հիմնարկը հիւրընկալած է հայրենի դասախօսներ (փրոֆ. Լալիկ Խաչատուրեան, փրոֆ. Ռուբէն Սահակեան, գրաբարագէտ՝ Էդուարդ Մկրտչեան, դոկտոր Ժիւլիէթա Կիւլամիրեան, դոկտ. Անահիտ Սարգիսեան եւ ուրիշներ), որոնք իրենց մասնագիտութեամբ հարստացուցած են հիմնարկի ուսումնական ծրագիրը, սակայն Հալէպի անապահով վիճակը պատճառ դարձաւ կասեցնելու դասախօսներուն այցելութիւնը:
Հետեւաբար, Հիմնարկի Միաւորը օգտուելով արդիական միջոցներէն հիմնեց առցանց դասընթացքի դրութիւնը, որ հնարաւորութիւն տուաւ դասընթացքը հասանելի դարձնելու Սուրիոյ զանազան հայաշատ միւս շրջաններ եւ ինչու չէ ապագայի հեռանկարով ծաւալել Սփիւռքէն առ աշխարհ: Անշուշտ այս ծրագիրը իրագործելն ալ ունեցաւ իր դժուարութիւնները՝ մանաւանդ տնտեսական հարցով, սակայն հիմնարկը շնորհիւ իր բարերար աջակիցներուն եւ բարի կամեցողներուն, ինչպէս նաեւ Շրջանային Վարչութեան զօրակցութեան՝ կարողացաւ ապահովել առցանցի համար անհրաժեշտ բոլոր արդիական սարքերը եւ ծրագիրը աւելի զարգացնելու գծով աշխատանք տարաւ: Այսպիսով 2022-2023 տարեշրջանին Հայագիտական Հիմնարկը ունեցաւ իր առցանց Ա. կարգը: Այս տարի նաեւ անցնելով Բ. կարգին:
Մինչ այդ, հիմնարկի վարչութիւնը առցանց դրութենէն աւելի օգտուելու եւ ուսումնական ծրագիրը նոր դասանիւթերով հարստացնելու միտումով, որոնումներ կատարեց եւ կապեր հաստատեց նախկին եւ նոր դասախօսներու հետ: Ներկայիս տիկին Լենա Նազարեան Միացեալ Նահանգներէն առցանց դրութեամբ գրականութիւն կը դասաւանդէ հիմնարկի ուսանողներուն: Հիմնարկի յառաջիկայ ծրագիրներէն՝ հայ երաժշտութեան պատմութիւն պիտի դասաւանդէ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ խմբավար Զաքար Քէշիշեան:
Հայագիտական առարկաներու նկատմամբ երիտասարդ նոր սերունդը ներգրաւելու համար, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման հեռանկարով հիմնարկի միաւորը կազմակերպեց առցանց լեզուական տարրական դասընթացք, յատուկ սկսնակներու: Մեծ թիւով մասնակիցներ հետեւեցան առցանց դասընթացքին Սուրիոյ Հիւսիսային շրջանէն՝ Գամիշլիէն, Հասիչէէն եւ Տէրիքէն, ինչպէս նաեւ Քեսապէն ու Լաթաքիայէն:
Այսօր հիմնարկը ունի աւելի քան 40 ուսանող, որպէս դասարանային դրութիւն կամ առցանց հետեւող, որոնց մօտ ակնյայտ է մայրենիի բարելաւումն ու արեւմտահայերէնի տիրապետումը եւ անոնց բուռն փափաքը ծանօթանալու մեր գրական գոհարներուն:
Հիմնարկը իր երդիքին տակ պիտի շարունակէ համախմբել երիտասարդ սերունդը զայն զինելով տարրական գիտելիքներով, զարգացնելով հայերէն լեզուի եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի իմացութեամբ եւ հայկական դպրոցները օժտելով հայերէնաւանդ ուսուցիչներով:
Արդեօ՞ք Հայագիտական Հիմնարկը արդարացուցած է իր հիմնադիրներու տեսլականը եւ արդարօրէն իրականացուցած իր առաքելութիւնը:
Հաստա՛տ, այո՛: Հայրենիքի ու Սփիւռքի տարածքին կայք հաստատած իր դասախօսները, որոնց շունչն ու ոգին տակաւին գոյ է հիմնարկէն ներս, անդուլ կը գործեն հայրենիքի թէ Սփիւռքի հայերէնագիտութեան զանազան բնագաւառներէն ներս:
Այո՛, հաստատ իրագործած է, երբ իր շրջանաւարտները իրենց ստացած գիտելիքներով, հոգեւոր ու մտային սնունդով կը սնուցանեն ու կը հարստացնեն զանազան գաղութներ:
Հայագիտականի դեսպաններն են անոնք, որոնք աշխարհին լաւապէս կը ներկայացնեն հայագիտութիւնն ու անոր վստահուած արեւմտահայերէնի պահպանման աւանդը:
Արդեօ՞ք հարկ է այժմէականացնել ծրագիրը ու աւելի հետաքրքրական միջոցներով իրականացնել զայն, առաւել երիտասարդութիւն ներգրաւելու հիմնարկէն ներս՝ ամփոփ ու խտացուած ծրագիրներով, երկամեայ դասընթացքներով եւ լեզուական տարրական գիտելիքներով:
Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը շուրջ քառորդ դարէ աւելի դժուար պայմաններու մէջ կ’իրագործէ հսկայ ներդրում մը՝ կեանքի կոչելով հայերէնաւանդ ուսուցիչներ եւ մշակութասէր նորահաս մարդուժ թէ՛ գաղութէն ներս եւ թէ՛ Սփիւռքին համար:
Միթէ ժամանակը չէ՞ որ հիմնարկի վկայականը ստանայ պետական ճանաչում եւ գրաւէ իր ուրոյն տեղը:
Անի Դաւիթեան-Ուրիշիկեան