Այսօր՝ Կիրակի 10 Մարտին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հանդիպում ունեցաւ սուրիացի խումբ մը վաստակաւոր դերասաններու եւ բեմադրիչներու հետ։

Հանդիպման ընթացքին զրոյց ծաւալեցաւ թատերախաղի արտադրութեան, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, բնագրերուն, նկարահանումներուն եւ ընկերութեան մէջ թատերախաղերու դերակատարութեան եւ յառաջիկային անոնց արտադրութեան նեցուկ կանգնելու միջոցներուն շուրջ։