Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ նախագահեց կառավարութեան հետ փոքրացուած կազմով ժողովի մը, որուն ընթացքին խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան տնտեսական փոքր ծրագիրներու զարգացման վերաբերող քաղաքականութեան շուրջ, նկատի ունենալով, որ անոնք կը կազմեն կարգ մը պետութիւններու տնտեսութեան աշխուժացման հիմնաքարը, որովհետեւ անմիջական ազդեցութիւն ունին ժողովուրդի ապրուստին եւ սոյն ծրագիրներով զբաղող կողմերուն արտադրութեան կարողութեան վրայ։
Նախագահ Ասատ կարեւոր համարեց փոքր ծրագիրներ վարող հաստատութիւններու ենթակառուցային զարգացումը, որպէսզի հետագային անոնք միջին եւ մեծ ծրագիրներով զբաղին նաեւ, ինչ որ կը ծառայէ սուրիական տնտեսութեան բարգաւաճման։
«Telegram»-ի Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան պաշտօնական կայքէջը յիշեց նաեւ որ. «Սուրիոյ պետութիւնը տարիներէ ի վեր կը քաջալերէ տնտեսական փոքր ծրագիրները, որպէս Սուրիոյ տնտեսութիւնը աշխուժացնող միջոց, ինչպէս նաեւ յատկացուցած է հաստատութիւններ անոր ծառայութեան, սակայն յարմար վարչական կառոյցներու բացակայութիւնը անոր նպատակներուն իրականացման արգելք կը դառնայ, որովհետեւ այդ մէկը կը պահանջէ կատարեալ ենթահող, վարչական ատակ մարմիններ, ամբողջական ծրագիրներ եւ այլն։ Սոյն ժողովը նման կարիքներու ապահովումը պիտի քննարկէ»։