Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան «Զուարթնոց» Երգչ. Միաւորի Վարչութեան, Կիրակի, 10 Մարտին «Զուարթնոց»-ը բեմ բարձրացաւ ընտրեալ երգերով, ճոխ յայտագիրով ու երաժշտական գանձարանի արժէքներով ջերմացուց հալէպահայ հանդիսատեսին սիրտն ու հոգին, վաստակաւոր խմբավար մայսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի խմբավարութեամբ եւ նոյնքան վաստակ ու ծառայութիւն ունեցող դաշնակահար Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։

Համերգը, որ տեղի ունեցաւ «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ, կը վայելէր ներկայութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Ա. Քահանայ Տատաղլեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեանի, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեանի, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան 14-րդ խումբի հրամանատար Դաւիթ Յարութիւնեանի, Պատկան Մարմինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեանց, Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչներու, հայր սուրբերու, Ազգ. Վարչութեան, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ երաժշտասէր հանդիսականներու։

Բացման հայերէն եւ արաբերէն խօսքերով Սարգիս Սարգիսեան ըսաւ, որ Համազգայինի «Զուարթնոց» եդգչախումբը եղած է այն օջախը, ուր վառ պահուած է հայ երաժշտութեան բոցը։ Այսօր, հակառակ երկրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, «Զուարթնոց» երգչախումբը կը ջանայ խտացնել իր շարքերը՝ այն խոր համոզումով որ հանդիսատեսը իր առօրեայ մտահոգութիւնները մէկդի դրած սրտի զեղումով պիտի ըմբոշխնէ մեկնաբանուած դասական ու ժողովրդային երգերը։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին, դաշնակահարին եւ երգչախումբի անխոնջ երգողներուն, որոնք, կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ ապրելով մէկտեղ, փորձերու մշտական ներկայութեամբ յաջողեցան բեմ բարձրանալ։

Ապա խումբը քառաձայն երգեցողութեամբ ներկայացուց դասական եւ ժողովրդային հայկական եւ օտար երգերէ բաղկացած երկբաժին յայտագիր մը։

Վերջընթեր երգին խումբին միացան Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբի պարողներ։

Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր Կոմիտասի, Թաթուլ Ալթունեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Էտկար Յովհաննէսեանի, Վաչէ Շարաֆեանի, Գրիգոր Սիւնիի, Մակար Եկմալեանի, Ալեքսէյ Հեքիմեանի, Տիմիթրի Շոսթաքովիչի, Գարլոս Ալմարանի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Արմէն Սմբատեանի ստեղծագործութիւնները, որոնց կ՚անդրադառնանք մանրամասնօրէն «Գանձասար»-ի Մարտ Բ. համարով։

Կարգ մը երգերու երգչախմբային մշակումը կատարած էր մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեանը։

Օրուան եզրափակիչ խօսքը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, որ շնորհաւորեց խմբավարը, դաշնակահարն ու երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ միաւորի վարչութիւնը՝ այս հոգեպարար համերգին առիթով։