Հովանաւորութեամբ՝ծ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին, ներկայութեամբ՝ Հոգեշնորհ Տ. Արմէն Աբղ. Գալայճեանին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Մաշտոց Ա. Քահանայ Արապաթլեանին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեանին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին ու խմբապետութեան եւ համակիրներու հոծ բազմութեան, Շաբաթ 9 Մարտ 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սկաուտական Ա.Կարգի հանդիսութիւն եւ երդման արարողութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 105-ամեակի սերունդին։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն քայլերգներով, կատարողութեամբ մասնաճիւղի փողերախումբին։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրակ Փայասեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան եւ նպատակին, շեշտելով, որ այսօրուան վկայական ստացող քոյրերն ու եղբայրները պիտի ըլլան վաղուան Հինդլեանը, Քրիսեանը եւ Յակոբեանը։

Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցան սկաուտական մարզանքներ եւ գեղարուեստական յայտագիր, ինչպէս նաեւ դասընթացքին իրագործուած յայտագիրը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն, ապա հերթականութեամբ տեղի ունեցաւ Բ. կարգի վկայականաց բաշխում եւ Վարիչ առաջնորդ աստիճանի տուչութիւն, ձեռամբ՝ Հալէպի Մասնաճիւղի Խմբապետ Յովիկ Հապէշեանի։

Ապա, բեմ հրաւիրուեցան Ա.կարգի թեկնածու քոյրերն ու եղբայրները, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը եւ Մասնաճիւղիս Սկաուտ Խորհուրդի ատենապետ Յարութ Փաթանեանը՝ հովանաւորելու երդման արարողութիւնը, որմէ ետք անոնք ստացան համապատասխան վկայականը եւ պեճը։ Սկաուտ Խորհուրդին հրաւէրով յետ մահու Փաթիլ Չոլաքեանին վկայականը ստանձնեց հանգուցեալին մայրը, ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու բաշխում՝ դասընթացքին ներկայացող դասախօսներուն։

Սկաուտ Խորհուրդին խօսքը ուղղեց
մասնաճիւղի խմբապետ Յովիկ Հապէշեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց վկայական ստացող քոյրերն ու եղբայրները եւ անդրադարձաւ, թէ վկայական ստացող քոյրերն ու եղբայրները Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 105-ամեակի սերունդն են, որ իրենց ստացած այս կարգով աւելի մեծ պարտականութեան գիտակցութիւն եւ առաւել զոհողութիւն կը սպասուի անոնցմէ, հաստատելով, թէ անոնք պիտի դառնան վաղուան ղեկավարներն ու խմբապետները։

Աւարտին, Հոգեշնորհ Տ. Արմէն Աբղ. Գալայճեան ուղղեց իր սրտի խօսքը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանին շնորհաւորանքը՝ վկայական եւ աստիճան ստացող քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ապա հանդիսութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով փակուեցաւ։