Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Շաբաթ, 9 Մարտ 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Յանձնախումբը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, Հալէպի Ազգ. Վարժարաններէն ներս ծառայած թոշակառու ուսուցիչներուն, վարչական եւ ծառայողական պաշտօնեաներուն բաշխեց նիւթական օժանդակութիւն, որ տրամադրուած էր բարերարի մը կողմէ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունելով Ազգ. Վարժարաններէն ներս տարիներ շարունակ անձնուիրաբար իրենց ծառայութիւնը մատուցած ուսուցիչները, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ քաջառողջ ու բարեբեր տարիներ մաղթեց անոնց։