Ղազախիստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ուղեկցութեամբ այցելած է ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէն բռնագրաւուած Շուշի։ Անոնց լուսանկարները հրապարակած են ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները։
Մինչ այդ երկու երկիրներու նախագահները այցելած են բռնագրաւուած Վարանդա։ Անոնք մասնակցած են Քուրմանկազիի անուան մանկական ստեղծագործական կեդրոնի բացման արարողութեան։
Ատրպէյճան այցելած Թոքաեւ յայտարարած էր, որ Ղազախիստան անկեղծօրէն կ’ուրախանայ Ատրպէյճանի պատմական յաղթանակին եւ սեփական տարածքին նկատմամբ ինքնիշխանութեան վերականգնումին համար։

Ի պատասխան Իլհամ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ղազախ պաշտօնակիցին «Ղարաբաղի վերականգումի գործով եղբայրական աջակցութեան համար»։

Ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն, Քուրմանկազիի անուան կեդրոնը կառուցուած է Ղազախիստանի պետպիւտճէի միջոցներով եւ անձամբ Թոքաեւի նախաձեռնութեամբ։