Սպանացի պատգամաւոր Ճօն Ինիարիթուի դիտարկումին համաձայն, շատ կարեւոր է ճանչնալ իրականութիւնը կովկասեան տարածաշրջանի մէջ, ուր Հայաստան կանգնած է որպէս ժողովրդավարական երկիր, մինչդեռ Ատրպէյճանը չունի ամուր ժողովրդավարական համակարգ:
«Ընթացող հակամարտութեան նկատմամբ երկու երկիրներուն մօտեցումներուն մէջ ակնյայտ տարբերութիւն կայ. Հայաստանը կը ձգտի ինքնապաշտպանութեան եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հետամուտ ըլլալ, մինչդեռ Ատրպէյճանը կը դիմէ յարձակումի, բռնագրաւումի եւ սպառնալիքներու», այս մասին «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցի հարցումին ի պատասխան` ըսաւ պատգամաւորը, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններուն։
«Խաղաղութեան համաձայնագիրին հետամուտ ըլլալը, անկասկած, լաւագոյն տարբերակն է երկու ազգերու եւ ողջ կովկասեան տարածաշրջանի կայունութեան համար։ Այնուամենայնիւ, շատ կարեւոր է հասկնալ եւ գիտակցիլ, որ կայուն խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն բարեխղճօրէն եւ փոխադարձ յարգանքով բանակցութիւններու միջոցով, այլ ոչ թէ պայմանների թելադրումով, որոնք կը յանգեցնեն հարկադիր նահանջի», ըսաւ պատգամաւորը։
Ինիարիթուի պնդումին համաձայն, կարևոր է, որ որեւէ խաղաղ համաձայնագիր ըլլայ արդար եւ յարգէ բոլոր մասնակից կողմերուն իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, քանի որ ըստ անոր, անարդար պայմաններուն պարտադրումը կամ միակողմանի յաղթանակի ձգտումը միայն ապագայ հակամարտութիւններու ու լարուածութիւններու սերմեր կը ցանեն:
«Ի վերջոյ, ձգտումը կովկասեան տարածաշրջանի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան համար պէտք է ըլլայ, որ ուղղուած է երկու ժողովուրդներու օրինական նկրտումներուն, եւ պիտի նպաստէ կայունութեան եւ փոխադարձ համագործակցութեան», եզրափակեց Ճօն Ինիարիթուն՝ յոյս յայտնելով, որ կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղ եւ արդար լուծում պիտի գտնուի՝ ի բարօրութիւն բոլոր ներգրաւուած կողմերուն։