Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի սահմանազատման յանձնախումբերը մինչեւ այսօր 7 հանդիպում ունեցած են. այս փուլին յանձնախումբերու գործունէութեան ծիրին մէջ աշխատանքներ կը տարուին սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման համար անհրաժեշտ կարգաւորիչ դաշտի ստեղծման համար: Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած են Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի գրասենեակի մամլոյ ծառայութենէն:
Մեկնաբանութեան մէջ կ’ըսուի. «Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը չ’ընդունիր վերջին շրջանին հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ կառավարական աղբիւրներէ տարածուող տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանի 31 գիւղերուն պատկանող հողերը կը գտնուին Ատրպէյճանի բռնագրաւումին տակ:
«Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, չճանչնալով ատիկա, կը պահանջէ ազատել իր 4 բռնագրաւուած գիւղերը: Այս առնչութեամբ ատրպէյճանական կողմը անհրաժեշտ կը նկատէ նշել, որ մինչեւ պետական սահմանի սահմանազատում կատարելը, ամբողջովին անհիմն է յայտարարել, որ Հայաստանի 31 գիւղերուն պատկանող հողերը բռնագրաւուած են:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած ատրպէյճանական 4 գիւղերուն (Բաղանիս-Այրում, Ներքին Ոսկեպար, Խէյրիմլի, Կըզըլ Հաճիլի), ապա անոնց Ատրպէյճանին պատկանելիութիւնը անվիճելի է, եւ անոնք ենթակայ են անյապաղ ազատման: Սահմանազատման հոլովոյթի ծիրին մէջ պիտի լուծուի նաեւ Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ատրպէյճանի 4 էքսքլաւային գիւղերու (Վերին Ոսկեպար, Սոֆուլու, Բարխուդարլու, Տիգրանաշէն) ազատման հարցը», կը նշէ մեկնաբանութեան մէջ: