Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուց, որ  երբեք, ոչ մէկ քննարկման ընթացքին խօսք չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ Տաւուշի մարզի որեւէ գիւղ Ատրպէյճանին յանձնելու մասին:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումով՝ ՀՀ վարչապետը այս մասինյայտարարեց12  Մարտի ասուլիսին՝ ի պատասխան այն հարցումին, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ տարածքային պահանջներ ներկայացնել ՀՀ-ին՝ հայկական կողմէն պահանջելով իրենց յանձնել Տաւուշի մարզի 4 գիւղ։
Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով՝ այդ հարցին շուրջ կայ որոշակի թերըմբռնում  եւ թիւրըմբռնում:
«Նախ արձանագրենք, թէ ո՞րն է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէսզի այդ արձանագրումէն ելլելով՝ կարենանք յստակօրէն ձեւակերպել, թէ ո՞ւր, ինչպէ՞ս Ատրպէյճան ունի տարածքային պահանջներ ՀՀ-ի նկատմամբ եւ ո՞ւր է, որ, ըստ էութեան չունի տարածքային պահանջներ ՀՀ-ի նկատմամբ»,  ըսաւ Փաշինեան՝ ներկաներուն ցոյց տալով ՀՀ տարածքի քարտէզը։
Առաջարկելով մէկ կողմ դնել Ատրպէյճանը՝ վարչապետը առաջարկեց հանդէս գալ սեփական ելակէտէ։
«Կ’ըսուի, որ ՀՀ կառավարութիւնը կը պատրաստուի Տաւուշի մարզի գիւղեր յանձնել Ատրպէյճանին։ Երբեք, ոչ մէկ քննարկման ընթացքին խօսք  եղած է եւ կրնայ ըլլալ Տաւուշի մարզի որեւէ գիւղ յանձնելու մասին», ընդգծեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ  Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին Ատրպէյճանի հնչեցուցած անուններով գիւղեր երբեք չեն եղած՝ ոչ միայն Խորհրդային ժամանակներուն, այլեւ անկէ վերջ։