Սուրիոյ մշակոյթի նախարար դոկտ. Լուպանա Մշաուէհ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Դաւիթ Քոպեանին եւ բեմադրիչ Վարդան Յովհաննէսեանին հետ։

Նախարարութեան յարկէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներու մշակութային յարաբերութեան շուրջ։

Կողմերը զրուցեցին Սուրիոյ հնագիտական հատուածին կրած վնասներուն մասին վաւերագրական տեսերիզ մը նկարահանելու առումով գործակցութեան կարելիութեան շուրջ։

Իր կարգին նախարար Մշաուէհ շեշտեց, որ Փալմիր այն հնագիտական եւ քաղաքակրթական քաղաքն է, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ ահաւոր վնասներ կրելով մէկտեղ մնաց կանգուն եւ ամրակուռ։