«ՀայաՔուէ»-ի յայտարարութիւնը Տաւուշի մարզէն գիւղերու զիջումին անթույլատրելիութեան մասին:
Հայ-ատրպէյճանական սահմանագծման ու սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովին` 7 Մարտի հանդիպումէն երկու օր անց Պաքուի բռնապետական վարչակարգը ապօրինի ու վերջնագրային պահանջ ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Ատրպէյճանին յանձնելու Տաւուշի մարզի չորս գիւղեր՝ որպէս սահմանագծման ու սահմանազատման աշխատանքներու շարունակման նախապայման։
Հերթականօրէն ականատեսը կ’ըլլանք Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ հարկադրանքի, ուժի գործադրումով սպառնալիքի կիրառման, այն պարագային, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներ, ռազմավարական նշանակութեան բարձունքներ, միջպետական նշանակութեան ճանապարհներու հատուածներ կը գտնուին Պաքուի բռնագրաւումին տակ եւ, ի լուր ամբողջ աշխարհի, ցինիկաբար յայտարարուած է, որ ատրպէյճանական զօրքերը մէկ սանթիմեթր անգամ ետ պիտի չքաշուին իրենց զբաղեցուցած դիրքերէն։
Ատրպէյճանի այս լկտի գործելակերպը ուղղակի հետեւանք է Հայաստանի մէջ գործող հակազգային վարչախումբի պարտուողական քաղաքականութեան եւ միակողմանի զիջումներուն։
Հերթականօրէն համոզուեցանք, որ գործող իշխանութիւններու կողմէն Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելը դուռ կը բանայ Հայաստանի հանդէպ նորանոր յարձակումներ գործելու համար։ Պաուքի այս սանձարձակութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ, որ Փաշինեանի վարչախումբի իշխանութեան տակ Հայաստանը չի դիմակայեր ատրպէյճանական յարձակումը եւ ոչ ալ կ’ապահովէ այդ յարձակումը կանխելու ունակ դաշնակից կամ գործընկեր երկիրներու աջակցութիւնը։
Այս վարչախումբը ծրագրուած կերպով մեր երկիրը ներքաշած է աշխարհաքաղաքական խարդավանքներու ու բախումներու ոլորտ՝ զայն կանգնեցնելով նոր ու աւերիչ պատերազմի շեմին, որմէ խուսափելու համար պատրաստ է նորանոր, ոչ պակաս կործանարար զիջումներու երթալ։ Այսպիսի զիջումները կը մասնատեն Հայաստանը եւ անոր տարբեր մասերը կը դարձնեն հետագայ յարձակումի հեշտ թիրախ։
Ուստի կը վերահաստատենք մեր համոզմունքը առ այն, որ Փաշինեանի վարչախումբը այլեւս որեւէ իրաւունք չունի Հայաստանի անունով բանակցութիւններ վարելու եւ պէտք է օր առաջ հեռանայ՝ ճամբայ բանալով ազգային փրակմաթիկ իշխանութեան ձեւաւորման համար, որ պիտի համախմբէ մեր ժողովրդը՝ հայրենի հողի իւրաքանչիւր սանթիմեթրը պաշտպանելու համար։