Հայ սահմանապահները 1 Օգոստոսին պիտի սկսին ծառայութիւնը «Զուարթնոց» օդակայանէն ներս։ Այս մասին 12 Մարտին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Մենք պարզապէս տեղեկացուցած ենք ռուսական կողմին, որ նման որոշում գոյացուցած ենք, եւ, եթէ չեմ սխալիր, ռուսական սսհմանապահներու ծառայութեան վերջնաժամկէտը 1 Օգոստոս 2024-ն է, հարցը աշխատանքային է, ոչ թէ քաղաքական կամ աշխարհաքաղաքական», ըսաւ ան։
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած էր, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը Հայաստանէն գերատեսչական ծանուցում ստացած է «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ռուս սահմանապահներու աշխատանքը դադրեցնելու մասին, այդուամենայնիւ Երեւանի հետ կապերը կը շարունակուին։