Անցեալ շաբաթ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանի գլխաւորութեամբ հայկական երկու պատուիրակութիւններու Իրան այցելութեան ընթացքին, Իրանի զինուորական գերատեսչութեան ղեկավար Մուհամմէտ Ռըզա Ղարայի, ապա Իրանի  նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղերձները կ’ուրուագծէին թէ՛ Իրանի մօտեցումները Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն հարցով եւ թէ՛ Իրանի տարածաշրջանային ռազմավարութիւնը։

Իրանի պետական այրերը կը շեշտէին, որ Իրան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ անխախտ կը պահէ դրացի բոլոր երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման գծով արտաքին իր քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքը։
Հանդիպումներուն ընթացքին հնչած խօսքերուն մէջ Իրանի ուղերձները յստակ էին.
Առաջինը Իրանի վճռական դիրքորոշումն էր աջակցելու տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտ պահպանման:
Այստեղ Իրան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէր Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան, անուղղակիօրէն կը դատապարտէր Հայաստանի օրինական տարածքներ ներխուժած ատրպէյճանական ուժերը, միեւնոյն ատեն զգօնութիւն յայտնելով Իրանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք համարուող ատրպէյճանա-իսրայէլեան գործօնին նկատմամբ։ Ատրպէյճանի համար եւս նպաստաւոր կը հնչէ տարածքային ամբողջականութեան թէզը, Արցախի հարցը մէկընդմիշտ ուրացման մատնելու Պաքուի քաղաքականութեան դիտանկիւնէն։
Երկրորդ. Իրան կ’ընդգծէր, որ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ հաւատարիմ կը մնայ իր քաղաքականութեան, միաժամանակ կ’աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղղակի կապերուն։ Ուղղակի կապերը խրախուսելի են Իրանի կողմէ, որովհետեւ Հայաստանի սահմանակից երկիրը ըմբռնած է, որ Ռուսիոյ դերակատարութեան սահմանափակման փորձերուն լոյսին տակ, տարածաշրջանին մէջ ախորժակներ կը սրեն արեւմտեան երկիրներն ու Թուրքիան, յատկապէս Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութեան թնճուկի օգտագործումով տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն բանեցնելու համար։ Այս իսկ մտահոգութեամբ հանդիպումներու ընթացքին կը շեշտուէր նաեւ Իրանի մէկ այլ դիրքորոշումը, ըստ որուն՝ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը պէտք է պահպանեն տարածաշրջանի երկիրները, իսկ այլ մօտեցում Թեհրանի համար անընդունելի է, որովհետեւ տարածաշրջանէն դուրս անվտանգութեան փնտռտուքը հակառակ արդիւնքի կը յանգեցնէ՝ Հարաւային Կովկասը վերածելով ուժերու բախման կէտի ու առաւել բարդացնելով տեղւոյն խաղաղութեան եւ կայունութեան գործընթացները:
Թէեւ Իրանի մօտեցումները նախապէս ալ նոյնը եղած են, սակայն ներկայ զարգացումներուն լոյսին տակ, Թեհրանի մտահոգութիւնը, իր սահմաններուն մօտ  արտատարածաշրջանային ուժերու ներկայութեան հարցով, նոր իմաստ կը ստանայ։
Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ կ’ուրուագծուին, նկատելի է Արեւմուտքի, յատկապէս Ֆրանսայի աշխոյժ ներգործութիւնը՝ Հայաստանի սպառազինումով եւ քաղաքական յարաբերութիւններու աշխուժացումով, ինչ որ կ’ուղեկցի հայ-ռուսական քաղաքական յարաբերութիւններու նահանջին։
Յստակ է նաեւ Հայաստանի Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու ձգտումը։
Այս զարգացումները կը ստիպեն Իրանը ուղղակիօրէն արտայայտելու իր մտահոգութիւնները եւ ակնարկելու, թէ կը մերժէ Ռուսիոյ սահմանափակուող դերին փոխարինումը Արեւմուտքի եւ այլ երկիրներու, յատկապէս Թուրքիոյ դերակատարութեան ընդլայնումով։
Ռուսիոյ ազդեցութեան նուազումով Թեհրան բնականաբար պիտի ձգտի իր քաղաքական, ըստ կարելւոյն նաեւ զինուորական ներկայութիւնը ընդգծելի դարձնել Հայաստանի մէջ։
Իրան տարածաշրջանին մէջ հաւասարակշռող գործօն դառնալու հեռահար նպատակ կը հետապնդէ։ Ատրպէյճանի հետ
պահպանելով տնտեսական յարաբերութիւններու հարթակ մը, Թեհրան կը կեդրոնանայ Նախիջեւանը Իրանի տարածքով Ատրպէյճանին կապող նոր երթուղիի կառուցման վրայ, միաժամանակ շրջանցել տալով այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքին շուրջ Ատրպէյճանի եւ Մոսկուայի ծրագիրը։  Ծրագիր մը, որ կը մերժուի ոչ միայն հայկական կողմէն, այլեւ՝ իրանեան, որովհետեւ հարցականի տակ կ’առնէ Իրանի տարանցիկ նշանակութիւնը։
Երեւանի հետ առանց միջնորդներու բանակցելու Պաքուի դիրքորոշումը եւս կը բխի Թեհրանի շահերէն։
Հայաստան, Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն դիմաց, բոլոր կողմերուն հետ հաւասարակշռուած գործակցութեան պարարտ հող ունի։ Այդ գործակցութիւնն է որ պիտի խթանէ խաղաղութեան գործընթացը, ոչ թէ Ատրպէյճանին միակողմանի զիջումներ  հրամցնելու անհեռանկար քաղաքականութիւնը, որ կրնայ ապագային ատրպէյճանաթրքական շրջափակման մէջ պահել Հայաստանը։