Հազար ու մի վէրք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես…

(…)Աշնան քաղած արտի նման՝ Հազար զոհերի
Չհաւաքուած բերք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես։
Ե. ՉԱՐԵՆՑ
Երբ մեծն Չարենց իր «Հայաստանին» խորագրեալ գազէլը կը գրէր, վստահաբար իր աչքին առջեւ ունէր հազար փորձանքի ու արհաւիրքի մէջէն անցած Հայաստանն ու մեր ազգը: Նո՛յնքան վստահութեամբ կրնանք արձանագրել, թէ անոր մտքէն չէր անցած, որ իր եւ մեր հայրենիքը պիտի հասնի ներկայ աղէտալի վիճակին, անյատակ վիհն ի վար գլորելու կացութեան:
Հայաստան, որ 1918-ին «անձեւ քաոս»-ի մէջէն ծնունդ առաւ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն, յետոյ, իր զաւակներուն պայքարով, արեա՛ն գնով ընդարձակեց իր տարածքը, զայն վերածեց բացարձակ մեծամասնութեամբ հայաբնա՛կ հայրենիքի, յետոյ, տասնամեակներ շարունակ ենթակայ մնաց խորհրդային կարգերուն (այդ փուլի նուաճումնե՛րն ալ, աղէտնե՛րն ալ ծանօթ են բոլորիս), ի վերջոյ, անկախութեան արեգակը կրկին փայլեցաւ իր երկինքին մէջ. Արցախեան Շարժումին ճամբով, անգամ մը եւս պայքարով ու հնարամտութեամբ՝ իր զաւակները յաջողեցան վերաշահիլ խլուած տարածքներ, հիմա, յատկապէս վերջին երեք ու կէս տարիներուն, այսինքն՝ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, մերթ մեծ, երբեմն փոքր քայլերով կը վազէ կորուստէ կորուստ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ բարի խոստումներով իշխանութեան հասած խմբակը կրկին ու կրկին փաստած է, թէ միաժամանակ անկարող է ու ստախօս, համբակներէ կազմուած է գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, քաղաքականէն մինչեւ դիւանագիտական, զինուորական, տնտեսական եւ՝ ներքին համերաշխութիւն գոյացնելու իմաստով (ցանկը երկար է, կայ նաեւ օտարին վարձկանը, կամակատարը ըլլալու փաստացի իրողութիւնը):
Օր չ’անցնիր, որ վնասարար ձախաւերութեան նոր փաստ մը, կորստաբեր նոր քայլեր չառնուին իշխանապետին ու կողքին (չ)գործողներուն կողմէ: Օր չ’անցնիր, որ խելամիտ մարդիկ, ի Հայաստան եւ Սփիւռքի տարածքին, իրենց նկատողութիւններով, մեկնաբանութիւններով եւ վերլուծումներով, լսատեսողական ցուցահանդէսներ չսարքեն կործանարար ընթացքին մասին, եւ սակայն, կարծէք թէ այդ բոլորը կը վերածուին անապատի մէջ ցամքող վտակի. լսողներ կան, սակայն շատեր կը նախընտրեն… չլսել ու չտեսնել իրականութիւնները, կը նախընտրեն կրաւորականութիւն, կառչած մնալ իշխանաւորներուն սուտերով հիւսուած «թռչող գորգ»-երուն, որոնք այլապէս փտած են ու ծուէն-ծուէն դարձած, այլեւս անկարող են պահպանելու իրենց կառչողներուն ապահովութիւնը, բարօրութիւնն ու ապագան, ալ ո՜ւր մնաց՝ ազգ ու հայրենիք, Սփիւռք եւ հազարամեակներու ժառանգութիւն:
Կ’արժէ, որ երբեմն օր աւուր «հրամցուած» վազքին դիմաց կանգ առնենք պահ մը եւ հարց տանք. ուրկէ՞ սկսանք, ո՞ւր հասած ենք եւ այս վազքը դէպի ո՞ւր կը տանի, եւ, ամէնէն կարեւորը, ինչպէ՞ս կարելի է և պարտաւո՛ր ենք և կորուստներուն սանձումը, վերականգնումը:
ԱՂԷՏԱԲԵՐ ՔԱՅԼԵՐԷՆ ՄԱՍՆԻԿ ՄԸ
Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահին՝ Թրամփի պաշտօնավարութեան առաջին տարին չէր լրացած, երբ ամերիկեան թերթ մը հրատարակեց անոր սուտերուն մէկ ցանկը՝ մօտաւորապէս 1 500 սուտ: Անկէ ետք, այդ երկիրը ապրեցաւ բազմաթիւ տաք ու պաղ փուլեր, սակայն զայն կառավարողներուն բերած վնասները անբաղդատելի են մեր հայրենիքի իշխանաւորներուն ըսածներուն եւ ըրածներուն հետ: Մեր ողբերգութիւններուն մէկ արմատը բաւական հին է. քաղաքական մարդիկ, պատմագէտներ, մշակոյթի եւ եկեղեցւոյ ծառայողներ ու շատ-շատեր ամէն քայլափոխի ահազանգ հնչեցուցած են, գալիք նոր աղէտներուն մասին նախատեսութիւններ կատարած են՝ փաստեր ցոյց տալով (հիմա ալ կ’ընեն), սակայն մնացած են անտեսուած. նախատեսութիւններուն մեծ մասը կարճ ատեն ետք իրականութիւն դարձած է, եւ… կործանումը կը շարունակուի մինչեւ այսօր: (Չմոռնանք, որ «նախկին» պիտակին արժանացած Թրամփը կը թուի դարձեալ շահած ըլլալ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն ըլլալու տոմսը):
Չենք ուզեր մտնել «Բիւզանդական բանավէճ»-ի այն ոլորտներուն մէջ, թէ արդեօք այս իշխանաւորները կամովի՞ն, թշնամիին կամակատարը-գործակալը ըլլալո՞ւ, դուրսերէն կառավարուած ըլլալո՞ւ հետեւանքով, թէ անգիտակցաբար (չգործածենք տգիտաբար, դաւաճանաբար եզրերը ) ըրին ու կ’ընեն այս բոլորը, որովհետեւ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին շահերուն դիտանկիւնէն, պատասխանները ո՛չ մէկ տարբերութիւն կ’ընեն (չմոռնանք նաեւ, որ նախորդ իշխանաւորներէն գոնէ երկուքը, երբ նկատեցին, որ հասած էին իրենց կարողութենէն վեր պատի առջեւ, հրաժարական տուած էին):
Եկէ՛ք, փորձենք մասնակի ցանկը կազմել «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ներով ու «ապագայ կայ»-ով (իբրեւ թէ) երկիր կառավարողներուն կործանարար արարքներուն:
Խաղաղութեան փոխարէն, ունեցանք քանի մը, չըսելու համար շարունակական պատերազմներու շղթայ մը (ճիշդ է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախորդ տարիներուն ալ պատերազմական վիճակը ամբողջովին չէր փարատած, սակայն հիմա՞…):
Անցեալ տասնամեակներու առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ տարուած յաղթանակները ո՛չ միայն կը փոշիանան, այլ մինչեւ իսկ փորձ կ’ըլլայ հաւատացնելու, թէ մենք Ո՛Չ ՄԷԿ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏԱՐԱԾ ԵՆՔ, նախկինները միայն պարտութիւն բերած են, 2016-ի պատերազմն իսկ պարտութեամբ աւարտած ենք, Շուշին չենք ազատագրած 1993-ին, այլ «ազերիներէն խլած ենք» ու հիմա վերադարձուցինք իր տիրոջ: Իսկ ամէնէն ահաւորն ու ողբերգականը՝ մեր զոհերը անիմաստ բաներու համար ճակատած են թշնամիներուն դէմ: Եւ ահա՝ Եռաբլուրը պղծելու շարաններ…
Նախ կորսնցուցինք Արցախի 75 առ հարիւրը, մարդիկ ըսին, որ մնացեալն ալ կորստեան վտանգի տակ է. այդ ալ պատահեցաւ վեց ամիս առաջ: Իշխանաւորները, ինչպէս իրենց բոլոր ձախաւերութիւններուն ատեն, նոյնպէս ալ այս կորուստներուն՝ փորձեցին յանցաւորներ գտնել ներսէն ու դուրսէն, յաճախ պարուրուելով «նախկինները ըրած էին» ստաբանութիւններու պատմուճանին մէջ (նախկիններուն մեղքերը գոնէ չեն տարածուիր այս կալուածներուն վրայ): Յաւելուա՞ծ մը կ’ուզէք. հայկական աւաններ եւ շրջաններ՝ թրքական անունով կոչելը, առանց մոռնալու «Արցախը Ատրպէյճանին պատկանած է», «Ատրպէյճանին ամբողջականութիւնը կ’ընդգըրկէ Արցախն ու Հայաստանի սահմանամերձ մասնիկները» ու նման ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ:
Երկրի ապահովութեան գլխաւոր երաշխաւորին՝ բանակին «կռնակը կոտրեցին» պատերազմով ու անոր հետեւած՝ անփոյթ վերաբերմունքով: «Բանակը պիտի վերակազմակերպենք»-ներն ու նման հաւաստիքներ լոյս աշխարհ չեկան, ընդհակառակն, արձանագրուեցան աղէտներ, բանակայիններու ձեռքերը իրողական կապանքի մէջ դրուած են, բարձրաստիճան զինուորականներ պաշտօնազրկուեցան ու հալածանքի ենթարկուեցան, բանակի ղեկավարութիւնը մատնուեցաւ խղճալի վիճակի (չմոռնանք, որ թշնամիները քանիցս այս իմաստով պահանջներ ու նախապայմաններ դրին իշխանաւորներուն դիմաց):
Երկիրը վերածուեցաւ ոստիկանական բռնապետութեան, երբ անդին, խօսքի աճուրդ տեղի կ’ունենար (հիմա ալ տեղի կ’ունենայ, գնո՛ղ ալ կայ), թէ Հայաստանի մէջ օրինակելի՜ ժողովրդավարութիւն կը կիրարկուի: Պասթիոնին մէջ է որ կը կրկնուին… ընդդիմադիրներու դէմ հալածանքները, կը բազմանան քաղաքական բանտարկեալները, անհիմն ու յերիւրածոյ մեղադրանքներ կ’արձակուին ճշմարտախօս հակառակորդներու դէմ, խաղաղ ցուցարարներ եւ նահատակներու մայրեր ասֆալթ «կը համտեսեն», քուէարկութեամբ ընտրուած ընդդիմադիրներ պաշտօնէ կը հեռացուին, կը բանտարկուին, արդարութիւն պահանջող արցախցի ցուցարարներ իսկ կը խոշտանգուին…:
Ժողովուրդը մատնեցին երկփեղկումի (երկփեղկումը մեղմ բառ է, կրնանք ըսել՝ բազմափեղկում), այս «տրամաբանութիւնը» տարածեցին նաեւ դէպի Սփիւռք եւ անոր համար գործի լծեցին յատուկ յանձնակատար մը…: Անցեալին ալ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները անթերի չէին, բայց գոնէ կար ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ մակարդակի գործ (հիմա պէ՞տք է երանի տանք նա՛եւ այդ օրերուն, ինչպէս որ երանի կու տանք… 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան):
Ազգային արժէքներ եւ աւանդներ դարձան խաղալիք. Եկեղեցին դարձաւ հալածանքի, վարկաբեկումի եւ անտեսումի թիրախ (աղանդաւորականներու եւ օտարամուտ տարրերու հետ գործակցութեամբ): Հայագիտութիւնն ու մեր մշակոյթին հարազատ պահպանման հիմերը հարուածներու տակ ինկան, սկսելով համալսարաններէն, հասնելով մինչեւ միջնակարգի եւ այլ դասագիրքերը: Դարաւոր խորհրդանիշ Արարատը դարձուցին օտարումի նիւթ, փորձեցին «մրցակցութիւն» ստեղծել Արարատի եւ Արագածի միջեւ, ձեւով մը յետին էջ նետելով Սիփանն ու Նեմրութը, Հայկական Տաւրոսն ու Սասունը: Հիմա ո՞վ կը խօսի Մուսա Լեռան եւ Կիլիկիոյ բարձունքներուն՝ Զէյթունի, Վահկայի եւ այլ ամրոցներու մասին…
44-օրեայ պատերազմին թէ Արցախի վերջին մասնիկին խլման օրերուն գերի ինկողները ու պատանդները մոռացութեան մատնած են, իսկ երբ ազերի զինուոր մը «կը մոլորի» եւ հայկական հող կը հասնի, քանի մը օր ետք, «բարի կամք արտայայտելով»՝ կը վերադարձեն Պաքու, ինչպէս որ ըրին մօտիկ անցեալին՝ ազերի ոճրագործներու վերադարձով, այսպիսով յաւելեալ վառելանիւթ հայթայթելով Ատրպէյճանի նախագահին ու անոր քարոզչական մեքենային յոխորտանքներուն: Անոնք այլեւս բացայայտօրէն, բանի՛ւ եւ գործով ցոյց կու տան, որ Հայաստանի իշխանական խումբը միայն մէկ ճամբայ ունի, լիովին կատարել իրենց պահանջները, իրականացնել բոլոր նախապայմանները:
Տնտեսութեան եւ ընկերային հարցերու տագնապները ունին իրենց ողբերգական պատմութիւնը: Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքով, պահ մը Հայաստան «ապաստանած» դրամագլուխներ, ըստ մասնագէտ տնտեսագէտներու, արդէն իսկ սկսան եւ «արտագաղթել», ինչպէս կ’ընեն ապրուստի դժուարութիւններու մատնուած հայորդիներ, Հայաստան բռնագաղթուած արցախցիներէն մաս մը: Ապրուստի սղութիւնն ու հարկային կամայականութիւնները այլ ցուցանիշներ են ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններու ծանրացման: Հոս ալ կարելի է արձանագրել քանի մը «մանր» յաւելուած, ինչպէս փոխադրածախսերու յաւելումը, Երեւանի քաղաքամէջի կանգառներուն՝ կարմիր գիծերու սակերուն բարձրացումը եւ հոս-հոն «բարեփոխման ծրագիրներու» համար բնակարաններու քանդումները (մոռցուած յաւելուածնե՞ր կ’ուզէք. պայթումի եւ արկածներու հետեւանք՝ քանդումներն ու աղէտները):
Տնտեսութեան ոլորտին մէջ, երկրին ԱՐՏԱԴՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ նահանջի մէջ է: Օր մը կը լսես, որ ձկնորսները իրենց տարտը կու լան, ուրիշ օր՝ այգեգործները, այս կամ այն պտուղը արտադրողներ, երրորդ օր մը՝ ջուրի սակաւութենէ տառապողներ, ուրիշ օր՝ երկրագործական արտադրութիւնը շուկայ հասցնելու անկարող մնացողներ, մէջ ընդ մէջ ալ՝ Վրաստանի սահմանայանին փակումներուն զոհ գացողներ:
Արտաքին քաղաքականութեան՝ յարաբերական կալուածը ունի ի՛ր բազմերես ողբերգութիւնները: Արեւմուտքի հետ իբրեւ թէ նոր յարաբերութիւններ, կամուրջներ հաստատելու համար, հարուածներ կը հասնին նախկին բարեկամութիւններու, կամ կրաւորականութիւն կը ցուցաբերուի այլ դրացիներու նկատմամբ: Կարծէք թէ Հայաստանը նոր է որ լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէ արեւմտեան երկիրներու հետ, մոռացութեան կը տրուի, որ անցեալին, երկու աշխարհներուն հետ ալ կային գործակցական եւ որոշ չափով հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ (չենք անտեսեր հակադրութիւններու սաստկացումը, սակայն երբ ուրիշներ հին խաղը կը յարմարցնեն նոր կացութիւններուն…):
Անցեալին վերագրուած ստաբանութիւններուն եւ անհիմն հաստատումներուն ծիրին մէջ կրնանք արձանագրել նաեւ… Ալմա Աթայի համաձայնութեան «գիւտը»: Իսկ եթէ հոս ալ ուզենք փնտռել «մանր յաւելուածներ», կրնանք գտնել առատութեամբ, գոնէ յիշենք Թուրքիոյ երկրաշարժէն աղէտեալներուն շուտափոյթ օգնութիւն հասցնելը (արցախցիք իսկ նման փութկոտ աջակցութեան չեն արժանանար, մինչեւ իսկ Հայաստանի քաղաքացիութենէն կը զրկուին…), Ուքրանիոյ ժողովուրդին օժանդակութիւն հասցնելը, հիմա ալ… Կազզայի աղէտեալներուն օգնութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը: Սխալ չհասկցուինք աղէտեալին օգնելը առաքինութիւն է, Հայաստանը հարուածող աղէտներուն ատեն՝ շատեր օգնութեան ձեռք երկարած են, սակայն երբ Երեւանի իշխանաւորներուն կողմէ նման քայլերու ետին կ’երեւին թելադրողներուն կոտոշները, «կարմիր շորերով ցուլերու դիմաց քալելու» ա՛յլապէս անմիտ պատկերը իր իրական իմաստը կը ստանայ:
Դիւանագիտական անճարակութիւնն ու հանրութիւնը խաբէութիւններով զբաղեցնելու հնարքներն ալ անսպառ են: Մէկ կողմէ, եւ ամբոխահաճ դիտաւորութեամբ, թուրքն ու ազերին կը հռչակուին ցեղասպան, պատերազմի սպառնալիք տեղացնող, Հայաստանի հողերը գրաւելու պատրաստուողներ, իսկ յաջորդ վայրկեանին, նոյն այդ սպառնալիքները արձակողներուն հետ սիրալի՜ր բանակցութեան կը նստին Պրիւքսէլի կամ Միւնիխի մէջ, հլու կամակատարի տրամադրութեամբ, Արեւմուտքէն հասնող ազդանշաններու թելադրանքով (որոնք, ի՜նչ զարմանք, համահունչ են թուրք-ազերիական ծրագիրներուն):
Եւ որպէսզի հանրութիւնը «զբաղումի նիւթէ» չզրկուի, կայ «մանրադրամներու սակարան», ուր մերթ ընդ մերթ կը բեմադրուին… դպրոցներու ծորակներու եւ խաղավայրերու խեղկատակութիւններ, փողոցներու երկայնքին նոր ծառերու տնկում, ճամբաներու՝ քանի մը ամիս դիմացող կուպրապատում, նախարարի, փոխ նախարարի պաշտօնազրկում, յատուկ դեսպանի հրաժարական, խորհրդարանի նախագահի եղբօր կնոջ ու գործակիցներու հետապնդում եւ արդարացում. եւ ասոնք կը ծառայեցուին էական հարցերու լուսանցքայնացման, մոռացութեան տրուելուն (շարքը դո՛ւն շարունակէ, սիրելի՛ ընթերցողս): Փաստօրէն, ո՞վ կը յիշէ, թէ մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչ «բռնուած» էր, քննութիւն բացուած, յետոյ… մոռցուած՝ շատ ու շատ, եւ աւելի՛ ծանրակշիռ օրինազանցութիւններու, ողբերգութիւններու պէս:
ԸՐԻՆ, ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ
Ինչ որ արձանագրեցին վերը, զրպարտութիւն, յերիւրածոյ վերագրումներ չեն, այլ ՓԱՍՏ են ու արձանագրուած՝ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: Ցանկը շա՜տ երկար է, ամէն օր նորերով կը հարստանայ անարգել եւ անպատկառ քայլերով:
Երբ նման քայլերու մասին անցեալին ահազանգեր հնչեցին բանիմացներու եւ հայրենասէրներու կողմէ, իշխանութեան համակիրներ ըսին. «Մի՛ չափազանցէք, ճա՛նըմ: Ասոնք հայրենասէր են, հայրենիքի բարելաւումը կը ցանկան, անանկ բան չեն ըներ»: Հիմա, 3-4 տարի ետք, վերի փաստերուն պէս բազմաթիւ այլ փաստեր կան, որոնք սկսած են խելամտութեան բերել իշխանաւորներուն բազմաթիւ «սիրահարները»:
Այսօ՛ր ալ ահազանգերը կը կրկնուին ու կ’ահագնանան. այսօ՛ր ալ «ասոնք վաղը այս-այն կործանարար քայլը պիտի առնեն» ըսողներուն՝ կարգ մը սիրահարներ (որոնց շարքին կան բազում կամակատարներ, շահակիցներ) կը փորձեն տարածել այն «տեսութիւնը», թէ ընդդիմադիրները կը չափազանցեն: Փաստը, սակայն, կը մնայ փա՛ստ: Այս արարածները յիշեալ բոլորը ըրի՞ն: Այո՛, ըրի՛ն, վրան ալ քանի մը գաւաթ պաղ ջուր խմեցին (երբեմն ալ «Հայաստանի կարմիր գինին» երգելով գինովցան): Վաղն ալ պիտի ընե՞ն այն՝ որմէ կը զգուշացնեն բանիմացներ, հայրենասէրներ: Այո՛, որովհետեւ ուրիշ բան չեն գիտեր ընել, որովհետեւ… ուրիշ բանի համար չեն բերուած իշխանութեան ղեկին:
Իսկ թէ ինչե՞ր կան անոնց «ճաշացուցակին» վրայ, բոլորն ալ թելադրուած՝ իրենց դրսեցի տէրերէն (եւ այդ տէրերուն շարքին են Անգարան ու Պաքուն)՝ կը կարօտի նոր սիւնակի մը: Յաջորդիւ:
Ս. Մահսերէճեան