Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի փակման կամ տեղափոխութեան, «համալսարանական աւան»ի ծրագիրին մասին (հանրութեան ուշադրութիւնը էական հարցերէ շեղելու միտող) խօսքի աճուրդի սակարանին ու նման «հնարքներու» խոհանոցին ծանօթներ նոր բացայայտում մը կատարած են (եղեր), եւ ցնծութեամբ կ’աւետեն.
— Ուրա՛խ լեր, հա՛յ ժողովուրդ: Ս. Ծննդեան տօնէն շա՜տ առաջ, իշխանաւորներդ մե՜ծ աւետիս մը ունին քեզի: Որոշեր են Կոմիտաս Վարդապետի կնիքով հռչակաւոր դարձած «Գայիանէի երգչախումբ»ը վերականգնել ու զարգացնել՝ մասնաճիւղեր բանալով Հայաստանի քաղաքներուն, գիւղերուն եւ սփիւռքեան օջախներու մէջ, որպէսզի զուարակներ հաւաքագրեն… թուրք-ազերիական զոհասեղանին համար:

(Փակագիծ: Եթէ հարցնող ըլլայ, թէ սա «Գայիանէի երգչախումբ»ը ի՞նչ է, թարմացնենք յիշողութիւնները: Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան վերջին վարչապետը՝ Սիմոն Վրացեան, իր «Կեանքի ուղիներով» խորագրեալ յուշապատումին Ա. հատորին մէջ, զուարթախոհութեամբ հարուստ էջեր ունի Էջմիածինի ճեմարանին աշակերտութեան օրերէն, երբ իբրեւ ուսուցիչ ունեցած է մեծ Վարդապետը: Կը պատմէ, որ դասարան մուտքի առաջին օրը, Կոմիտաս, աշակերտական երգչախումբին համար ձայները փորձելու ատեն, առաջինը զինք հրաւիրած է երգելու: Վրացեան, որ յայտնապէս գիտէր, թէ երգելու շնորհք չունէր, սկսած է երգել Ջիւանիին հանրածանօթ՝ «Բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը…» երգը եւ զարմանքով նկատած է, որ Վարդապետը գլխու խրախուսական շարժումներով քաջալերող կ’երեւի: Երբ երգը աւարտած է, Կոմիտաս ըսած է. «Քեզ պիտի ղրկեմ Գայիանէի երգչախումբ»:

Դասընկերները, որոնք ծանօթ էին կատակին ծալքին, խնդուք մը պայթեցուցած են, մինչ երգողը պահ մը գոհունակութիւն կ’ապրէր: Վրացեան քանի մը վայրկեան ետք իմացած է, որ Գայիանէի երգչախումբ ըսելով, Կոմիտաս ի մտի ունէր Էջմիածինի մօտակայ՝ Գայիանէի վանքը, ուր… կովեր կը պահէին: Փակենք փակագիծը):

Փաշինեան եւ իր գործակիցները այդ «երգչախումբ»ը վերականգնելու եւ մասնաճիւղեր բանալու գաղափարը յղացած են, ու առաջին քայլերը ճամբայ պիտի հանեն Տաւուշէն, ի տես ժողովուրդի (ներառեալ սփիւռքցիներու) այն փաղանգներուն, որոնք նախանձելի՜ հաւատարմութեամբ կը շարունակեն հաւատք ընծայել իրենց սուտերուն, չեն տեսներ, որ անոնք «տակից» համաձայնութիւններ գոյացուցած են եւ կը գոյացնեն, ի խնդիր Հայաստանի պատառ-պատառ կորուստին, խուլ կը ձեւանան, երբ Փաշինեան եւ կողքինները կրկին ու կրկին կը յայտարարեն, թէ Արցախը միշտ ալ Ատրպէյճանին պատկանած է, հիմա ալ սկսած են համոզել, որ հայկական քանի՜ գիւղ Ատրպէյճանին պատկանած է… Հայկ նահապետի օրերէն ի վեր: Ծրագիրին յաջողութեան բանալին ալ այն է (եղեր), որ բան մը կ’ըսեն եւ ճիշդ հակառակը կ’ընեն: Օրինակ՝ խաղաղութիւնը մօտ է, միաժամանակ՝ նոր հողեր յանձնել:

Փաստօրէն, ինչպէ՞ս կրնան նման «հաւատացեալներու» հաւատարմութիւնը չշահագործել (չէ՞ որ անոնք ալ «հարկատու «հերոսներ»ուն շարքին են): Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Հայաստանը դրած են իրենց սեղանին, համադամներու պատրաստութեան համար (իմացէք՝ ցեղասպանական եւ բռնագաղթի նոր արարքներու համար) պէտք ունին նաեւ մարդկային զոհերու, որոնց չէզոքացումով՝ իրաւունք, հող եւ արդարութիւն պահանջողները հրապարակէն հեռացնելով՝ հայկական հողերը ինքնաբերաբար կը հասնին իրենց միացեալ ստամոքսը (մըյիշեցում մը. որոճացող կենդանիներուն ստամոքսը չորս բաժանմուքէ կը բաղկանայ): Այս ծրագիրներուն իրականացման համար, մեր դարաւոր թշնամիները ունին հլու կամակատարներ: Յիշեալ «երգչախումբ»ին մասնաճիւղերու բացումը պիտի ծառայէ (եղեր) ՔՊ-ականներու՝ Հայաստանը կորուստէ-կորուստ տանելու քայլերը չտեսնողները անդամագրելու, որպէսզի օր մըն ալ զուարակները արթննան (եթէ զարթնելու ունակութիւնը ընդմիշտ չեն կորսնցուցած) եւ տեսնեն, որ իրենք ալ իջած են թշնամիին որկորը (Աստուած հոգին լուսաւորէ Շարային):

Մինչեւ երգչախումին մասնաճիւղերու ամբողջացումը, բաց կը մնայ նիւթական չարաշահութիւններու, անապահովութեան (ամէն գետնի վրայ), գերի-պատանդներու եւ հազար ու մէկ «ընթացիկ վէրքեր»ու թատրոնը:

Պէտք կա՞յ կրկնելու, թէ նման «ծրագրեր» պէտք է անյապաղ խափանել, ո՛չ միայն կանխարգիլել յաւելեալ կորուստներ եւ նահանջներ, այլ ուղղել կռնակը եւ միացեալ ուժերով ճամբայ ելլել ընդդէմ ներքին եւ արտաքին «երգչախումբերուն»:

14 Մարտ 2024